
Ֆրանսայի մէջ տեղի ունեցող յունահռոմէական ոճի ըմբշամարտի աշխարհի երիտասարդական ախոյեանութեան, Հայաստանի ներկայացուցիչ Սերկէյ Սիմոնեան 50 քկ դասակարգին մէջ տիրացաւ պրոնզ մետալին` 2-1 արդիւնքով յաղթելէ ետք Ատիլեթ Թաալայիպեքովի (Խըրխըզիստան):
Հայրենի ըմբիշը կիսաւարտականին իր կատարած ճակատումին 8-4 արդիւնքով պարտուեցաւ ռուս Վլատիսլաւ Մելնիքովէն:
Նշենք, որ ախոյեանութեան առաջին օրը մրցասպարէզ դուրս եկան նաեւ Գէորգ Խումարեան (60 քկ) եւ Արման Բաղդասարեան (74 քկ), հաղորդեց Հայաստանի Ազգային ողիմպիական կոմիտէին պաշտօնական կայքը:
Թէեւ Խումարեան Ա. հանգրուանին յաղթեց իր ուզպեք մրցակիցին, սակայն յաջորդ մենամարտին Ուքրանիոյ ներկայացուցիչին արձանագրած յաղթանակը արգելք հանդիսացաւ, որ ան կարենայ շարունակել իր ընթացքը:
Ինչ կը վերաբերի Բաղդասարեանի, ան թէեւ պարտուեցաւ ռումանացի իր մրցակիցէն, սակայն իրաւունք ստացաւ պրոնզէ մետալին համար պայքարելու, որովհետեւ ռումանացին հասաւ աւարտականին:
Դժբախտաբար սակայն, պրոնզէ մետալին համար իր մղած պայքարին մէջ Արման Բաղդասարեան պարտուեցաւ:


