
Յաջորդաբար երկրորդ տարին ըլլալով` կիրակի, 2 հոկտեմբերին «Ժըպրան Թուէյնի» հաստատութիւնը կը կազմակերպէ մարզական օր:
Տեղի պիտի ունենան տարբեր տեսակի մարզական իրադարձութիւններ, որոնց կարգին` հեծելարշաւի մրցում եւ ինքնաշարժի ցուցադրական ներկայացում (Ապտօ Ֆըղալիի կողմէ) պիտի ներկայացուին նաեւ փոքրիկներու յատուկ խաղեր, պարեր եւ երգեր` արուեստագէտներու եւ պարախումբերու կողմէ, ինչպէս նաեւ բազմաթիւ այլ տեսակի իւրայատուկ խաղեր եւ մարզանքներ:
Առաւօտուն հաւաքը տեղի պիտի ունենայ ժամը ճիշդ 9:00-ին, «Նահար» օրաթերթին շէնքին մուտքին (կեդրոնական Պէյրութ), ապա առաւօտեան ժամը 10:00-էն սկսեալ պիտի սկսի գործադրուիլ մարզական օրուան յայտագիրը:
Բոլոր անոնք, որոնք կ՛ուզեն իրենց անունները արձանագրել, կրնան հեռաձայնել «Ժըպրան Թուէյնի» հաստատութեան (01-963717), կամ ալ 03-250933 թիւին:


