Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ընտրական Օրէնքի` Պայմանով Ընդունուած Փոփոխութիւնները Չեղեալ Յայտարարուեցան

August 31, 2016
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

endragan_82916

Կեդրոնական ընտրական յանձնախումբը իր գումարած 29 օգոստոսի արտակարգ նիստին չեղեալ նկատեց 30 յունիս 2016-ին Ազգային ժողովին կողմէ ընդունուած Ընտրական օրէնսգիրքի փոփոխութիւններու օրինագիծը: Օրինագիծը ընդունուած էր իշխանութեան, ընդդիմութեան եւ քաղաքացիական հասարակութեան 4+4+4 ձեւաչափով բանակցութիւններուն իբրեւ արդիւնք: Այս մասին կը գրէ Արմէն Վարդանեան:

Ըստ այդմ` պիտի կիրարկուէր ընտրողներու մատնահետքերով նախնական ելեկտրոնային արձանագրութեան համակարգը, պիտի ձեւաւորուէր ընտրողներու կենսաչափական տուեալներու ելեկտրոնային պահոցը, նախատեսուած էին շարք մը այլ թեքնիք նորամուծութիւններ: Սակայն փոփոխութիւններու օրէնքին մէջ սահմանուած էր, որ անոնք ուժի մէջ պիտի մտնեն անհրաժեշտ ֆինանսաւորման պարագային, այլապէս` «մինչեւ 1 սեպտեմբեր 2016 Կեդրոնական ընտրական յանձնախումբին  կողմէ սոյն յօդուածի առաջին մասով նախատեսուած յայտարարութեամբ հանդէս չգալու պարագային սոյն օրէնքը չեղեալ կը յայտարարուի»:

Փոփոխութիւնները կեանքի կոչելու համար անհրաժեշտ էր 16 միլիոն եւրօ, 3 միլիոնը կառավարութիւնը կը խոստանայ ապահովել, իսկ մնացած 13 միլիոնը կ՛ակնկալուի գոյացնել միջազգային նուիրատուներէ:

Կեդրոնական ընտրական յանձնախումբի նախագահ Տիգրան Մուկուչեան տեղեկացուցած է, որ իրավիճակին վերաբերեալ տեղեկութիւն ստանալու համար գրաւոր դիմած է կառավարութեան աշխատակազմի ղեկավար-նախարար Դաւիթ Յարութիւնեանին: Վերջինս նշած է, որ համապատասխան թեքնիք միջոցները առկայ չեն:

Ըստ Դաւիթ Յարութիւնեանի պատասխանին, կառավարութիւնը ընտրական օրէնսգիրքի ապահովման համար անհրաժեշտ գործողութիւններու նախաձեռնած է, սակայն բոլոր քայլերուն իրականացումը անխուսափելիօրէն կը պահանջէ ոչ նուազ, քան քանի մը ամսուան աշխատանք: Իսկ օրէնքով սահմանուած ժամկէտին մէջ անոնց իրականացումը բացառուած է:

 

 

 

Նախորդը

Ելեւմուտքի Եւ Պետական Ամավարկի Խորհրդարանական Յանձնախումբը Այսօր Կը Շարունակէ Քննարկել Աղբի Տագնապը Լուծելու Կարելիութիւնները

Յաջորդը

Կիպրոսի Մէջ Աւարտած Է ՀՅԴ Երիտասարդական Միութիւններու Շրջանային Բանակումը

RelatedPosts

Հրապարակուեցան Տեղական Ինքնակառավարման Ընտրութիւններուն Պաշտօնական Արդիւնքները
Հայկական

Հրապարակուեցան Տեղական Ինքնակառավարման Ընտրութիւններուն Պաշտօնական Արդիւնքները

October 27, 2026
Հայ Դատի Կեդրոնական Գրասենեակը  Կը Ներկայացնէ Ռուբէն Վարդանեանի Գործին  Վերաբերեալ Իրաւական Ժողովածու
Գլխաւոր լուրեր

Հայ Դատի Կեդրոնական Գրասենեակը Կը Ներկայացնէ Ռուբէն Վարդանեանի Գործին Վերաբերեալ Իրաւական Ժողովածու

October 27, 2026
Պայրամով. «Հայ Հասարակութիւնը Պէտք Է Ընդունի,  Որ Խաղաղութիւնը Կարեւոր Է Թէ՛ Իր,  Թէ՛ Ալ Ազրպէյճանական Հասարակութեան Համար»
Գլխաւոր լուրեր

Պայրամով. «Հայ Հասարակութիւնը Պէտք Է Ընդունի, Որ Խաղաղութիւնը Կարեւոր Է Թէ՛ Իր, Թէ՛ Ալ Ազրպէյճանական Հասարակութեան Համար»

October 27, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.