Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ԼԻԲԱՆԱՆԻ ՀՈԳԵՒՈՐ ՊԵՏԵՐՈՒ ՊԱՏՄԱԿԱՆ ՎԵՀԱԺՈՂՈՎ` ՏԱՐ ՖԱԹՈՒԱՅԻ ՄԷՋ

September 28, 2011
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter
Արամ Ա. կաթողիկոս, շէյխ Նայիմ Հասան, Պշարա Ռայի պատրիարք, միւֆթի Քապպանի, շէյխ Ապտել Էմիր Քապալան, Կրեկորիոս Գ. Լահհամ պատրիարք եւ Էլիաս Աուտէ արքեպիսկոպոս

Նախաձեռնութեամբ մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքին եւ հիւրընկալութեամբ հանրապետութեան միւֆթի շէյխ Մոհամետ Ռաշիտ Քապպանիի, երէկ կէսօրէ առաջ ժամը 11:00-ին, Տար Ֆաթուայի մէջ առաջին անգամ ըլլալով տեղի ունեցաւ Լիբանանի հոգեւոր պետերու վեհաժողով մը, որ եղաւ պատմական` նկատի ունենալով շրջանին դիմագրաւած ներկայ զգայուն կացութիւնն ու այդ վեհաժողովին ընթացքին քննարկուած կարեւոր հարցերը:

Վեհաժողովին ներկայ գտնուեցան Լիբանանը բաղկացնող 17 համայնքներուն հոգեւոր պետերը, որոնց կարգին նաեւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. կաթողիկոսը, Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Գեղամ արք. Խաչերեանը եւ հայ կաթողիկէ համայնքի Ներսէս Պետրոս ԺԹ. պատրիարքը:

Իր արտասանած խօսքին մէջ միւֆթի Քապպանի անդրադարձաւ ոչ միայն Լիբանանի, այլեւ` ամբողջ շրջանին մէջ քրիստոնեաներուն եւ իսլամներուն միջեւ հաստատուած այն ուխտին, թէ իրենք պիտի հոգան իրարու ապահովութեան ու անվտանգութեան:

«Մենք այսօր պէտք է փութանք վերանորոգելու եւ ամրապնդելու այս ուխտը` Լիբանանի եւ Միջին Արեւելքի մէջ, որպէսզի ապահովենք մեր գոյութիւնը: Տար Ֆաթուայի մէջ այսօրուան մեր նիստը բնականոն պայմաններու տակ գումարուած նիստ մը չէ, այլ` արտակարգ է եւ պատմական, նկատի ունենալով, որ շրջանը կը դիմագրաւէ զգայուն եւ արտակարգ պայմաններ», ըսաւ միւֆթի Քապպանի:

Ռայի պատրիարքը նիստին մասնակիցներուն ներկայացուց Ֆրանսա կատարած իր այցելութեան արդիւնքները:

Ռայի պատրիարքը յայտնեց, որ ինք Ֆրանսայէն խնդրած է ամէն ջանք ի գործ դնել վարչապետ Նեժիպ Միքաթիի եւ նախկին վարչապետ Սաատ Հարիրիի միջեւ յարաբերութիւնները վերահաստատելու, որպէսզի ամրապնդուի Լիբանանի ազգային միասնականութիւնը:

Անդրադառնալով Հըզպալլայի զէնքին` Ռայի պատրիարքը շեշտեց, որ ինք Փարիզէն պահանջած է լիբանանեան բանակին հզօրացման օժանդակել, որպէսզի Հըզպալլա իր զէնքը պահելու պատճառաբանութիւն չունենայ:

Սուրիոյ միջադէպերուն ակնարկելով` Ռայի պատրիարքը շեշտեց, որ եկեղեցին ոչ մէկ անգամ կրնայ զօրակցիլ բռնութեան եւ բռնարարքներուն: Ան մաղթեց, որ Սուրիոյ մէջ ապահովական իրադարձութիւնները չյանգին սիւննի եւ ալեւի համայնքներուն միջեւ քաղաքացիական պատերազմի մը, որ իր զոհերը պիտի հնձէ քրիստոնեաներէն: «Իսկ նկատի ունենալով Սուրիա-Լիբանան կապը, ապա մտավախութիւններ ունինք, թէ այդ պատերազմէն կրնայ ազդուիլ նաեւ Լիբանան», ըսաւ Ռայի պատրիարքը:

Ան մտահոգութիւն յայտնեց, որ ալեւիները յայտարարեն իրենց պետութիւնը, որ ճանաչում ստանայ եւ Միջին Արեւելքի ծրագիրը յաջողի` ծայրայեղութեան տանելով իսլամներն ու քրիստոնեաները, ինչպէս նաեւ պահանջուի Իսրայէլը ընդունիլ իբրեւ հրէական պետութիւն:

Վեհաժողովէն բխած հաղորդագրութիւնը կարդացուեցաւ Իսլամ-քրիստոնեայ երկխօսութեան խորհուրդի ընդհանուր քարտուղար Մոհամետ Սամմաքի կողմէ:

Հաղորդագրութեան մէջ ընդգծուեցաւ Արեւելքի մէջ քրիստոնէական գոյութեան կենսականութիւնը` շեշտելով Միջին Արեւելքի մէջ անոնց կարեւոր դերակատարութիւնը:

Սամմաք նկատել տուաւ, որ վեհաժողովը ընդգծած է նաեւ Լիբանանի մէջ ազգային միասնականութեան ամրապնդման կարեւորութիւնը, ինչպէս նաեւ ներքին լիբանանեան հարցերուն արտաքին որեւէ միջամտութիւն մերժելու անհրաժեշտութիւնը:

Վեհաժողովը ընդգծեց Լիբանանի մէջ բարեկարգումներ կատարելու եւ ընկերային ապահովութիւնը պահպանելու կարեւորութիւնը` աւելցնելով, որ Լիբանան կը մերժէ պաղեստինցի գաղթականներուն բնակեցումը` կառչած մնալով անոնց տունդարձի իրաւունքին գործադրութեան:

Վեհաժողովին ներկայ հոգեւոր պետերը դարձան Տար Ֆաթուայի ճաշի հիւրերը:

 

Նախորդը

ՎԱՐՉԱՊԵՏ ՄԻՔԱԹԻ ՆԱԽԱԳԱՀԵՑ ԱՊԱՀՈՎՈՒԹԵԱՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴԻ ՆԻՍՏԻՆ

Յաջորդը

ՆՇՄԱՐ. ՍՐԲԱԶԱՆ ՊՈՌԹԿՈՒՄԸ

RelatedPosts

Լիբանանի Անկախութեան  83-Ամեակի Ուղերձին Մէջ.  Աուն. «Կը Մերժենք, Որ Լիբանանը Իսրայէլեան  Եւ Իրանեան Ծրագիրներէն  Որեւէ Մէկուն Պատանդը Ըլլայ»
Գլխաւոր լուրեր

Լիբանանի Անկախութեան 83-Ամեակի Ուղերձին Մէջ. Աուն. «Կը Մերժենք, Որ Լիբանանը Իսրայէլեան Եւ Իրանեան Ծրագիրներէն Որեւէ Մէկուն Պատանդը Ըլլայ»

November 24, 2026
Պաղայի` Հակադարձելով Նախագահ Աունին.  «Լիբանանին Եւ Անոր Գերիշխանութեան Նկատմամբ  Ոտնձգութիւն Կատարող Միակ Գործօնը  Սիոնական Գոյացութիւնն Է»
Գլխաւոր լուրեր

Պաղայի` Հակադարձելով Նախագահ Աունին. «Լիբանանին Եւ Անոր Գերիշխանութեան Նկատմամբ Ոտնձգութիւն Կատարող Միակ Գործօնը Սիոնական Գոյացութիւնն Է»

November 24, 2026
Նախկին Նախարար Փիեռ Ժեմայէլի  Սպանութեան Տարելիցի Նշում
Լիբանանեան

Նախկին Նախարար Փիեռ Ժեմայէլի Սպանութեան Տարելիցի Նշում

November 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.