Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«ՍՈՒՐԻՈՅ ՓՈՔՐԱՄԱՍՆՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ ՎՏԱՆԳՈՒԱԾ ԵՆ, ԻՍԿ ԼԻԲԱՆԱՆ ՓՈՔՐԱՄԱՍՆՈՒԹԵԱՆՑ ԵՐԿԻՐՆ Է» ՀԱՍՏԱՏԵՑ ԶՕՐ. ԱՈՒՆ

September 28, 2011
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter
Համախմբումի նիստէն պահ մը

Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի նախագահ զօր. Միշել Աուն  երէկ Ռապիէի մէջ նախագահեց համախմբումի ընթացիկ նիստին, որմէ ետք տրուած մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին յայտնեց, որ իրենք զարմանքով հետեւած են Արաբական լիկայի նիստին ընթացքին Թուրքիոյ վարչապետ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանի կատարած յայտարարութիւններուն: «Ըստ երեւոյթին, Էրտողան հին եւ արդի պատմութիւններէն տեղեակ չէ, որովհետեւ Բիւզանդիոնը ամբողջ Միջերկրական ծովը ներառելով կը ներկայացնէ միջերկրականեան քաղաքակրթութիւնը: Բիւզանդիոնը հիմնուած է Ն. Ք. Է. դարուն եւ դարձած է կայսրերու փառքի, պատմութեան, քաղաքակրթութեան, մտաւորական, երաժշտական եւ շինարարական օրրան, իսկ եթէ ներկայիս Թուրքիոյ մէջ որեւէ արժէք տակաւին գոյութիւն ունի, ապա անիկա Բիւզանդիոնի եւ բիւզանդական կայսրութեան կը պատկանի: Իսկ անոնք, որոնք թրքական եւ մոնկոլ թաթարական ցեղախումբերէ սերած են, մարդկութեան ոչինչ տուած են, բացի աղէտէն եւ ծայրայեղութենէն: Մինչդեռ օմայեատներու եւ աբբասեան խալիֆայութիւններուն օրով

մարդիկ քաղաքացիներ էին: Հետեւաբար, կը մաղթենք, որ մարդկութեան հպարտութիւնը հանդիսացող նման իրականութիւններ չանտեսուին եւ ուրացումի քաղաքականութեան թիրախ չդառնան», ըսաւ զօր. Աուն:

Զօր. Աուն` մամլոյ ասուլիսին պահուն

Զօր. Աուն շեշտեց, որ մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքին արտայայտած կեցուածքները կը դրսեւորեն յստակ իրականութիւններ եւ քաղաքական կեցուածքներ չեն նկատուիր:

Զօր. Աուն հարց տուաւ, որ Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան ղեկավար Սամիր Ժահժահ ի՞նչպէս հնարած է փոքրամասնութիւններ եզրը:

Ան շեշտեց, որ Լիբանան ինքնին փոքրամասնութիւններու երկիր է` աւելցնելով, որ Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան եւ Հըզպալլայի միջեւ ստորագրուած փոխըմբռնումի համաձայնագիրին երկրորդ կէտը կը վերաբերի համախոհական ժողովրդավարութեան եւ ոչ թէ փոքրամասնութիւններու միջեւ ուխտի մը:

Այս ծիրին մէջ, Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի նախագահը շեշտեց, որ Սուրիոյ մէջ փոքրամասնութիւնները վտանգուած են` նկատել տալով միաժամանակ, որ ամերիկացիները այդ մասին տեղեակ են, որովհետեւ իրենք ստեղծած են այդ հարցերը:

Անդրադառնալով վարչապետ Նեժիպ Միքաթիի կողմէ Ապահովութեան խորհուրդին մէջ կատարուած այն յայտարարութեան, որ Լիբանան յանձնառու կը մնայ Միջազգային դատական ատեանին ֆինանսաւորման, զօր. Աուն յայտնեց, որ Միքաթի բաւական հարուստ է եւ անոր հարստութիւնը շուրջ հինգ միլիառ տոլար է, «հետեւաբար, եթէ ինք 35 միլիոն տոլար յատկացնէ Միջազգային դատական ատեանին, պիւտճէի մեծ խախտումներ պիտի չարձանագրուին իր մօտ», աւելցուց զօր. Աուն:

 

 

Նախորդը

ՆԱԽԱՐԱՐ ՍԱՊՈՒՆՃԵԱՆ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ՂԱՍՍԱՆ ՂՈՍԸՆԸ

Յաջորդը

ՆԱԽԱԳԱՀ ՍԼԷՅՄԱՆ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ՆԱԽԱՐԱՐ ՄԱՆՃԵԱՆԸ

RelatedPosts

Լիբանանի Անկախութեան  83-Ամեակի Ուղերձին Մէջ.  Աուն. «Կը Մերժենք, Որ Լիբանանը Իսրայէլեան  Եւ Իրանեան Ծրագիրներէն  Որեւէ Մէկուն Պատանդը Ըլլայ»
Գլխաւոր լուրեր

Լիբանանի Անկախութեան 83-Ամեակի Ուղերձին Մէջ. Աուն. «Կը Մերժենք, Որ Լիբանանը Իսրայէլեան Եւ Իրանեան Ծրագիրներէն Որեւէ Մէկուն Պատանդը Ըլլայ»

November 24, 2026
Պաղայի` Հակադարձելով Նախագահ Աունին.  «Լիբանանին Եւ Անոր Գերիշխանութեան Նկատմամբ  Ոտնձգութիւն Կատարող Միակ Գործօնը  Սիոնական Գոյացութիւնն Է»
Գլխաւոր լուրեր

Պաղայի` Հակադարձելով Նախագահ Աունին. «Լիբանանին Եւ Անոր Գերիշխանութեան Նկատմամբ Ոտնձգութիւն Կատարող Միակ Գործօնը Սիոնական Գոյացութիւնն Է»

November 24, 2026
Նախկին Նախարար Փիեռ Ժեմայէլի  Սպանութեան Տարելիցի Նշում
Լիբանանեան

Նախկին Նախարար Փիեռ Ժեմայէլի Սպանութեան Տարելիցի Նշում

November 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.