
Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյման երէկ Պաապտայի մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ Հունգարիոյ դեսպան Լասլօ Վալատին, որուն հետ քննարկեց երկկողմանի յարաբերութիւններն ու գործակցութիւնը ամրապնդելու հեռանկարները:
Վալատի նախագահ Սլէյմանի յանձնեց հունգարացի անոր պաշտօնակիցէն նամակ մը, որուն մէջ Հունգարիոյ նախագահը խնդրած էր Լիբանանի կառավարութեան զօրակցութիւնը` 2012-2013 տարեշրջանին ընթացքին Ապահովութեան խորհուրդին անդամակցելու առումով Հունգարիոյ թեկնածութեան առաջադրումին:
Նախագահ Սլէյմանի այցելեցին նաեւ նախկին երեսփոխաններ Միշել Խուրի եւ Ղաթթաս Խուրի:
Հանդիպումներուն ընթացքին քննարկուեցան երկրին մէջ տիրող քաղաքական իրադարձութիւններն ու ներքին լիբանանեան հարցերը:


