Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Կառավարութիւնը Գումարեց Իր Նիստը ՀՅԴ-ի, Ազգային Ազատ Հոսանք Եւ Փաղանգաւոր Կուսակցութիւններու Նախարարներուն Բացակայութեան

August 26, 2016
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ministerial-Council-13_82516

Կառավարութիւնը երէկ առաւօտեան գումարեց իր ընթացիկ նիստը` նախագահութեամբ վարչապետ Թամմամ Սալամի:

ՀՅԴ-ի, Ազգային ազատ հոսանք եւ Փաղանգաւոր կուսակցութեան նախարարները նիստին իրենց մասնակցութիւնը պոյքոթի ենթարկեցին: ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի յայտնեց, որ կառավարութեան նիստէն նախարար Արթիւր Նազարեանի բացակայութիւնը նիստին օրինականութիւնը կը խոցէ` նկատի ունենալով, որ ան կառավարութեան միակ հայ նախարարն է:

Իր կարգին, ներքին գործոց եւ քաղաքապետութեանց հարցերու նախարար Նուհատ Մաշնուք յայտնեց, որ ինք վարչապետ Սալամի հետ ունենալիք հանդիպումին ընթացքին անոր պիտի փոխանցէ կառավարութեան նիստէն իր բացակայութեան պատճառները:

Զբօսաշրջութեան նախարար Միշել Ֆարաոն լքեց կառավարութեան նիստը` բողոքելով, որ նիստին ընթացքին սկսած են քննարկուիլ հիմնական հարցեր, որոնց առկախումին մասին նախապէս համաձայնութիւն գոյացած էր:

Հըզպալլայի նախարարները իրենց կարգին շեշտեցին, որ ազգային հիմնահարցեր պէտք չէ քննարկուին, երբ նախարարաց խորհուրդի նիստէն կարեւոր կողմ մը կը բացակայի:

Նիստէն ետք հաղորդակցութեան միջոցներու նախարար Պութրոս Հարպ կոչ ուղղեց կառավարութեան հրաժարելու եւ կառավարութիւնը վերածելու ընթացաւարտ շրջանի կառավարութեան:

Նշենք, որ նախարարաց խորհուրդը իր նիստին ընթացքին քննարկեց շարք մը ընթացիկ հարցեր եւ յանգեցաւ որոշ լուծումներու:

Տեղեկատուութեան նախարար Ռամզի Ժրէյժ յայտնեց, որ նախարարաց խորհուրդը իր վստահութիւնը վերահաստատած է աղբերու տագնապի լուծման կառավարական յանձնախումբի նախագահին անձին նկատմամբ եւ անոր շնորհած պատկան մարմիններուն հետ բանակցելու եւ աղբի տագնապի լուծման ծրագիրի գործադրութիւնը բարելաւելու իրաւասութիւնը:

Ժրէյժ յայտնեց, որ կառավարութիւնը յառաջիկայ շաբթուան ընթացքին նիստ պիտի չգումարէ` վարչապետ Սալամի ունենալիք ճամբորդութեան պատճառով:

Կառավարութիւնը իր յաջորդ նիստը պիտի գումարէ 8 սեպտեմբեր 2016-ին:

Նշենք, որ կառավարութեան նիստին զուգահեռ Ելեկտրականութեան ընկերութեան սարակները Ռիատ Սոլհ հրապարակին վրայ կատարեցին բողոքի նստացոյց մը եւ փակեցին վարչապետարանի մայր փողոցը` պահանջելով զիրենք վերածել պաշտօնեաներու:

Միւս կողմէ, հանրութեան փոխադրութեան յատուկ ինքնաշարժներու վարորդները Տորայի մէջ կատարեցին բողոքի ցոյց մը, որուն ընթացքին շեշտեցին, որ 5 սեպտեմբերէն սկսեալ մագլցողական քայլերու պիտի դիմեն եւ իրենց նստացոյցը պիտի փոխադրեն դէպի ինքնաշարժներու մեքանիզմը ստուգող կեդրոնները (մեքանիքի ստուգման կեդրոններ):

Այս շրջագիծին մէջ Ցամաքային փոխադրութեան սենտիքաներու համադաշնակցութեան նախագահ Պասսամ Թլայս յայտնեց, որ ինքնաշարժներու մեքանիզմը ստուգող կեդրոնները 5 սեպտեմբերէն սկսեալ պիտի փակեն իրենց դռները:

 

 

 

Նախորդը

Սաատ Հարիրի Էրտողանի Հետ Քննարկեց Լիբանանի Նախագահական Ընտրութեան Հարցն Ու Սուրիոյ Տագնապը

Յաջորդը

Այն Թինէի Մէջ. «Նիստերը Պոյքոթի Ենթարկելը Ժողովրդավարական Արարք Մը Չէ» Շեշտեց Սլէյման

RelatedPosts

Ընդունելով Գերմանիոյ Տնտեսական  Գործակցութեան Նախարարը`  Նախագահ Աուն. «Հակամարտութիւններու  Լուծման Համար Դիւանագիտական  Լուծումներուն Կը Կառչինք»
Լիբանանեան

Ընդունելով Գերմանիոյ Տնտեսական Գործակցութեան Նախարարը` Նախագահ Աուն. «Հակամարտութիւններու Լուծման Համար Դիւանագիտական Լուծումներուն Կը Կառչինք»

October 30, 2026
Թրիփոլիի Լիբանանեան Համալսարանին Մէջ  Նոր Խորհրդակցական Հանդիպում
Լիբանանեան

Թրիփոլիի Լիբանանեան Համալսարանին Մէջ Նոր Խորհրդակցական Հանդիպում

October 30, 2026
Ֆրանսական Խորհրդարանական  Պատուիրակութիւն Մը Այցելեց  Պէյրութի Նաւահանգիստ
Լիբանանեան

Ֆրանսական Խորհրդարանական Պատուիրակութիւն Մը Այցելեց Պէյրութի Նաւահանգիստ

October 30, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.