
Շուէտի ֆութպոլի Դ. դասակարգի ախոյեանութեան 18-րդ հանգրուանին ծիրին մէջ, Սետերթելիեն 5-0 արդիւնքով պարտութեան մատնեց Քարլսունտսին:
Հայաստանի ֆութպոլի ազգային խումբին նախկին միջնապահ Լեւոն Փաչաճեան (32 տարեկան) այս մրցումին տուպլէ մը կատարեց, ամբողջ մրցումին մասնակցելէ ետք:
Իր կարգին, տուպլէ մը իրագործեց հայկական ծագումով միջնապահ Իվան Եաքան:
Արդարեւ, պելճիքացի ֆութպոլի Բ. դասակարգի ախոյեանութեան 3-րդ հանգրուանին, անոր կազմը Սերքլը Պրիւժ, 4-1 արդիւնքով յաղթեց Տիուպիզի:
Ան այս մրցումին 90-րդ վայրկեանին փոխարինուեցաւ այլ մարզիկով մը:


