
Ղազախստանի ֆութպոլի ախոյեանութեան 2-րդ հանգրուանի մրցումներու ծիրին մէջ, Ժեթիսու իր դաշտին վրայ 2-0 արդիւնքով յաղթանակ մը արձանագրեց Թոփոլի դէմ:
Մրցումին 65-րդ վայրկեանին Ժեթիսուի յառաջապահ Նարեկ Բեգլարեան իր առաջին կոլը նշանակեց Ղազախստանի ֆութպոլի ախոյեանութեան գծով: Ան փոխարինուեցաւ 78-րդ վայրկեանին:
Նշենք, որ 30 տարեկան ֆութպոլիստը այս ամրան ընթացքին Գանձասար – Կապանէն տեղափոխուեցաւ Ժեթիսու:


