
Անգլիոյ ֆութպոլի ազգային խումբին մարզիչ Սեմ Էլըրտայս յայտարարեց, որ Չելսիի յետսապահ Ճոն Թերին շատ հաւանաբար վերադառնայ միջազգային ասպարէզ:
Նշենք, որ Թերի Անգլիոյ ֆութպոլի ազգային խումբը լքեց 2012-ին:
Էլըրտայս յայտնեց, որ Թերիի վերադարձին վերաբերող լուրին մասին ինք արտայայտուած է, բայց եւ այնպէս Թերի այս գծով ցարդ չէ ըսած իր խօսքը: Ըստ Էլըրտայսի մօտիկ ապագային հանդիպում մը պիտի կայանայ իր եւ Թերիի միջեւ:


