
Նախորդ շաբաթավերջին Մարզական աւանին մէջ տեղի ունեցաւ Լիբանանի ֆութպոլի ֆետերասիոնին բաժակի մրցաշարքին աւարտական ճակատումը, որուն ընթացքին իրարու դէմ ճակատեցան երկրին ամէնէն շատ համակիր ունեցող ֆութպոլի խումբերը` Նըժմէ եւ Անսար:
Մրցումին 90 վայրկեանները աւարտեցան 0-0 արդիւնքով: Երկարաձգման ընթացքին եւ մրցումին աւարտէն մէկ վայրկեան առաջ Նըժմէ նշանակեց կոլ մը եւ 1-0 արդիւնքով յաղթանակ մը արձանագրելով տիրացաւ տիտղոսին:
Մրցումին միակ կոլը նշանակեց Աքրամ Մուղրապի:
Աւարտին տիտղոսակիր Նըժմէ իր տիտղոսը ստացաւ Լիբանանի ֆութպոլի ֆետերասիոնի նախագահ Հաշեմ Հայտարէն:


