Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Էրտողան ՏԱՀԵՇ-ին Կը Վերագրէ Այնթէպի Պայթումին Պատասխանատուութիւնը

August 22, 2016
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

aintab_82116

«Պետութիւնն ու ժողովուրդը պիտի չարտօնեն Թուրքիոյ բաժանումը», երէկ յայտարարեց Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան` անդրադառնալով շաբաթավերջին Այնթէպի մէջ պատահած պայթումի գործողութեան, որուն զոհ գնաց աւելի քան յիսուն հոգի: «Այն ուժերը, որոնք չյաջողեցան իրենց ենթարկել Թուրքիան, ներկայիս կը փորձեն երկիրը բաժնել դաւանական հիմքերով», աւելցուց Էրտողան` նշելով, որ պայթումին հեղինակը 12-14 տարեկան տղեկ մըն է: Նախապէս Էրտողան յայտնած էր, որ ոչ մէկ տարբերութիւն կայ ՏԱՀԵՇ-ի, կիւլենականներուն եւ Քրտական աշխատաւորական կուսակցութեան (ՔԱԿ) միջեւ: Ան խիստ հաւանական նկատեց, որ Այնթէպի պայթումին հեղինակը ՏԱՀԵՇ-ն է:

Նշենք, որ Սուրիոյ սահմանէն 64 քմ հեռաւորութեան վրայ գտնուող մէկուկէս միլիոն բնակիչ հաշուող, մեծամասնութեամբ քրտաբնակ Այնթէպի մէջ քիւրտ ազատամարտիկի մը պսակի արարողութեան աւարտին պատահած պայթումը կու գայ 24 ժամ ետք Թուրքիոյ վարչապետ Պինալի Եըլտըրըմի ուշագրաւ այն յայտարարութենէն, ուր ան կարեւոր դեր կը վերապահէր Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատի` երկրի տագնապին լուծման մէջ, միաժամանակ մերժելով Ասատի դերը յետպատերազմեան Սուրիոյ կառոյցին մէջ:

Միւս կողմէ, կարգ մը մեկնաբաններ Այնթէպի պայթումի դէպքին շարժառիթը կը վերագրեն մէկէ աւելի ազդակներու: Օրինակ, ըստ բրիտանական «Պի.Պի.Սի» լրատուական գործակալութեան թղթակիցին, Այնթէպի պայթումը անմիջական հակազդեցութիւն է վերջերս քիւրտերուն կողմէ Մընպեժի շրջանէն ՏԱՀԵՇ-ի զինեալներու «վտարման»: Դէպքը փոխվրէժի արարք է, ըստ թղթակից Մարք Լուինի: Իսկ այլ աղբիւրներ պայթումը կը վերագրեն ՏԱՀԵՇ-ի կողմէ ուժի եւ ներկայութեան ցուցադրութեան:

Պայթումը, որ թրքական պետութեան կողմէ ահաբեկչական արարք որակուեցաւ եւ որուն պատասխանատուութիւնը ցարդ ոչ մէկ խմբաւորում ստանձնեց,  դատապարտումի լայն ալիք ստեղծեց միջազգային շրջանակներու մօտ: Այս ծիրին մէջ, Ռուսիա, Միացեալ Նահանգներ, Սէուտական Արաբիա, Եգիպտոս եւ այլ երկիրներ իրենց ցաւակցութիւնը յայտնեցին ինկած զոհերուն համար:

 

 

Նախորդը

Հասաքէի Մէջ Զինադադարի Հաստատման Համաձայնութիւն Գոյացաւ

Յաջորդը

Թուրքիոյ Խորհրդարանը Վաւերացուց Թուրքիա-Իսրայէլ Յարաբերութիւններու Նականոնացման Համաձայնութիւնը

RelatedPosts

Ապու Տապիի Մէջ Եռակողմ Բանակցութիւնները  Աւարտեցան. Ուիթքոֆ Եւ Քուշներ  Այսօր Մոսկուա Կ՛այցելեն
Գլխաւոր լուրեր

Ապու Տապիի Մէջ Եռակողմ Բանակցութիւնները Աւարտեցան. Ուիթքոֆ Եւ Քուշներ Այսօր Մոսկուա Կ՛այցելեն

November 12, 2026
Քոնկրեսի Ներկայացուցիչներու Տունը  Մերժեց Հեկսեթի Պաշտօնազրկման  Ընթացակարգ Նախաձեռնելու Փորձը
Միջազգային

Քոնկրեսի Ներկայացուցիչներու Տունը Մերժեց Հեկսեթի Պաշտօնազրկման Ընթացակարգ Նախաձեռնելու Փորձը

November 12, 2026
Իլաթի Մէջ Երկրաշարժ Մը  «Ռամոն» Օդակայանին Վնասներ Պատճառեց
Միջազգային

Իլաթի Մէջ Երկրաշարժ Մը «Ռամոն» Օդակայանին Վնասներ Պատճառեց

November 12, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.