
Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի գլխաւոր մարզիչ Վարուժան Սուքիասեան հրապարակեց անունները արտասահմանի մէջ հանդէս եկող այն ֆութպոլիստներուն, որոնք հրաւիրուեցան ազգային հաւաքական:
Ֆութպոլիստներուն ցանկէն բացակայող Գէորգ Ղազարեանի գծով Սուքիասեան Հայաստանի ֆութպոլի ֆետերասիոնին կայքին հետ իր ունեցած հարցազրոյցին ընթացքին կատարեց հետեւեալ յայտարարութիւնը: «Հակառակ նախնական ցանկին մէջ ընդգրկուած չըլլալուն, սակայն հրաւիրեցինք նաեւ Գէորգ Ղազարեանը: Մինչեւ վերջին մրցումը կ՛ուզեմ դիտել անոր խաղարկութիւնը` փաստելու համար, որ ան լաւ մարզավիճակի մէջ է եւ կրնայ օգտակար դառնալ իր խումբին»:
Նշենք, որ Հայաստանի ազգային հաւաքականը 31 օգոստոսին ֆութպոլի բարեկամական մրցում մը պիտի կատարէ Չեխիոյ դէմ, իսկ 4 օր ետք, 2018-ի Մոնտիալի զտումի մրցաշարքին գծով մրցում մը ունի կատարելիք Դանիոյ դէմ:


