Իրանի խորհրդարանի ազգային անվտանգութեան եւ արտաքին քաղաքականութեան հարցերով յանձնախումբի անդամ Մոհամետ Քովսարի «Թեհրան Թայմզ» օրաթերթին հետ ունցած հարցազրոյցի մը ընթացքին Անգարան ամբաստանած է «երկակի չափանիշեր» կիրարկելու յանցանքով:
«Թուրքիա ռազմավարական մեծ սխալ կը գործէ: Ատիկա (հակահրթիռային վահանէն տարրերու Թուրքիոյ մէջ տեղակայումը. «Ա.») կը ծառայէ ՕԹԱՆ-ի եւ Միացեալ Նահանգներու շահերուն: Հակառակ այն բանին, որ թուրք պաշտօնատարները «Ազատութեան» նաւատորմիղի դէպքին պատճառով կը պահանջէին խստագոյնս դատապարտել Իսրայէլը, հիմա թոյլատրած են Թուրքիոյ տարածքին տեղակայել հակահրթիռային վահանէն տարրեր, որոնց նպատակը Իսրայէլը պաշտպանելն է», ըսած է Քովսարի:
Ան աւելցուցած է, որ «Իրան պիտի չլռէ. Թուրքիա կ՛անտեսէ Իրանի արտաքին քաղաքականութիւնը»:


