Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ՍԱՌԵՑՆԵԼ-ԱՊԱՍԱՌԵՑՆԵԼՈՒ ԱՌԵՒՏՈՒՐԸ

September 27, 2011
| Խմբագրական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Թուրքիոյ նոր խորհրդարանին կազմութեամբ, երբ առկախ մնացած օրինագիծերն ու որոշումի նախագիծերը ըստ ընթացակարգի չեղեալ համարուեցան, աւելի ճիշդը` օրակարգէ դուրս բերուեցան, ազրպէյճանական լրատուամիջոցներն էին, որոնք չյաջողեցան պահել իրենց խանդավառութիւնը եւ «աւետեցին» Հայաստան – Թուրքիա արձանագրութիւններու չեղեալ համարումը: Պարզ էր, որ 898 նախագիծերը, ըստ օրէնքի, դուրս կու գային խորհրդարանի օրակարգէն. յատուկ առանձնացում չկար Հայաստան – Թուրքիա արձանագրութիւններուն պարագային: Միշտ ըստ նոյն ընթացակարգին, կառավարութիւնը կամ երեսփոխանները կրնային վերստին օրակարգ դարձնել այդ օրինագիծերուն ամբողջութիւնը կամ անոնցմէ մաս մը:

Այժմ կը պատահի նախատեսուածը: Թէեւ պէտք չէ բացարձակացնել , որ եղածը ընդհանուր ընթացակարգային երեւոյթ է եւ որեւէ ձեւով կարելի չէ կեդրոնանալ Հայաստան-Թուրքիա արձանագրութիւններու վաւերացման գործընթացի ապասառեցման նախադրեալներուն վրայ:

Չմոռնանք, որ Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարը Անգարայի մէջ ունեցած  իր հանդիպումներուն ընթացքին արծարծելով թէ՛ ղարաբաղեան հիմնահարցը եւ թէ՛ հայ-թուրք յարաբերութիւնները, պահանջած էր աճապարել Երեւան-Անգարա յարաբերութիւններու բնականոնացման ուղղութեամբ, այս շրջագիծին մէջ` ըստ ոչ պաշտօնական աղբիւրի, այսուհանդերձ մինչ այժմ չհերքուած տեղեկութիւններու համաձայն Անգարայի պաշտօնական վարիչներուն յիշեցնելով Թուրքիոյ եւ Միացեալ նահանգներու ունեցած «պարտք»ը Հայաստանին: Օպամա-Էրտողան հանդիպումը եւս անպայմանօրէն շրջանցած պէտք չէ ըլլայ հայ-թուրք յարաբերութիւններու խնդիրը. եւ եթէ պահենք պաշտօնական Ուաշինկթընի պահանջներու հետեւողականութիւնը, նախագահ Օպամա եւս միեւնոյն պահանջը պէտք է արծարծած ըլլայ Թուրքիոյ վարչապետին հետ ունեցած իր հանդիպումին ընթացքին:

Լրատուութիւններուն մէջ տակաւին յայտնի չէ, որ օրակարգ վերադարձուած օրինագիծերուն ամբողջական թղթածրարին մասի՞ն է խօսքը, թէ՞ անոնցմէ մէկ մասին: Յամենայն դէպս յստակ է, որ միայն հայ-թուրք յարաբերութիւններու արձանագրութիւնները չեն, որ յատուկ որոշումով վերադարձած են խորհրդարանի օրակարգ:

Տակաւին. թղթածրարին կամ անոր մէկ մասին վերադարձը խորհրդարան չի նշանակեր, որ շուտով Թուրքիոյ խորհրդարանը պիտի ձեռնարկէ համապատասխան քննարկումի եւ անկէ անմիջապէս ետք վաւերացումի: Պահ մը սակայն կեդրոնանանք Հայաստան-Թուրքիա արձանագրութիւններուն վրայ` տեսնելու համար, որ սառեցնել-ապասառեցնելու թրքական խաղը ձգձգումի, առեւտուրի, հայկական կողմին եւ միջազգային հանրութեան հետ  պարանաձգութիւններ սարքելու նոր դրսեւորումները կը կատարէ:

Հայաստանի Հանրապետութեան անկախութեան վերականգնման 20-ամեակի սփիւռքեան տօնակատարութիւններուն շրջագիծին մէջ նախագահ Սարգսեան կը նշէր, որ Թուրքիան բացայայտեց իր դէմքը յաչս միջազգային հանրութեան: Թուրքիոյ ինքնաբացայայտումը սակայն այնքան էական չի թուիր միջազգային հանրութեան կողմէ ճշդուելիք կեցուածքներուն համար: Միջազգային հանրութիւնը անմիջականօրէն ներգրաւուած է այս գործընթացին մէջ, յաճախ պահանջներ կը ներկայացնէ, Միացեալ Նահանգներու ճամբով աճապարելու կոչեր կ՛ուղղէ, կը գիտակցի, թէ ո՛վ եւ ինչո՛ւ նախապայմաններով կ՛արգելակէ յարաբերութիւններու բնականոնացումը, այսուհանդերձ կը շարունակէ յորդորային քաղաքականութիւնը:

Պաշտօնական Երեւանը կ՛ուշանայ իր առնելիք քայլին մէջ: Թրքական խաղը կը շարունակուի: Երեւանը պէտք է անվաւեր յայտարարէ արձանագրութիւնները: Անյապաղ:

Նախորդը

ԽՄԲԱԳՐԱԿԱՆ. ՍԱՌԵՑՆԵԼ-ԱՊԱՍԱՌԵՑՆԵԼՈՒ ԱՌԵՒՏՈՒՐԸ

Յաջորդը

«ՊԱՂԵՍՏԻՆԸ ԲԱՑ ԵՐԿԻՆՔԻ ՏԱԿ ԲԱՆՏ Է» Կ՛ԸՍԷ ԷՐՏՈՂԱՆ

RelatedPosts

Նոր Սահմանադրութեան Նախագիծը  Պիտի Հրապարակուի Յառաջիկայ Օրերուն
Գլխաւոր լուրեր

Խմբագրական. Յիշելով «ՈՉ»-ի Շարժումին Յաջողութիւնը

November 24, 2026
Խմբագրական.  Վերաիմաստաւորե՛լ Ազգային Ուխտը  (Լիբանանի Անկախութեան Տօնին Առիթով)
Գլխաւոր լուրեր

Խմբագրական. Վերաիմաստաւորե՛լ Ազգային Ուխտը (Լիբանանի Անկախութեան Տօնին Առիթով)

November 21, 2026
Նոր Սահմանադրութեան Նախագիծը  Պիտի Հրապարակուի Յառաջիկայ Օրերուն
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Առաջարկի Թաքուն Բաժինը Եւ Ժողովուրդին Կամքը

November 20, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.