Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Սուրիոյ Հարցին Մէջ Թուրքիոյ Կողմէ Նոր Զարգացումներու Մասին Հաւաստում. «Թուրքիոյ Սպայական Կազմին 80 Առ Հարիւրը Կապ Ունի Կիւլենի Կազմակերպութեան Հետ» Կ՛ըսէ Եըլտըրըմ

August 15, 2016
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Yildirim_81416

«Հապերթիւրք» օրաթերթը կը հաղորդէ, որ Թուրքիոյ վարչապետ Պինալի Եըլտըրըմ Չանքայա պալատին մէջ պատկերասփիւռի կայաններու ղեկավարներուն հետ իր հանդիպումին ընթացքին յայտարարած է, որ Թուրքիոյ զինեալ ուժերու սպայական անձնակազմին 60-80 առ հարիւրը, զինուորական ուսումնարաններուն 95 առ հարիւրը կապ ունին «Կիւլենի ահաբեկչական կազմակերպութեան»` ՖԵԹԷՕ-ի հետ, որ Անգարայի կողմէ կը մեղադրուի երկրին մէջ զինուորական յեղաշրջումի փորձ կազմակերպելու մէջ:

Թուրքիոյ վարչապետը ըսած է, որ զինուորական յեղաշրջումի փորձի դասերէն մեկնելով` կառավարութիւնը կը պատրաստուի վերակառուցելու զինեալ ուժերը եւ բարեփոխումներ կատարելու: Ան ըսած է, որ Թուրքիոյ  Զինուորական բարձրագոյն խորհուրդին կառուցուածքը պէտք է փոխուի:

Ըստ անոր, Կիւլենի կազմակերպութիւնը Թուրքիոյ մէջ կրնայ կազմուած ըլլալ շուրջ 50 հազար մարդոցմէ, որոնք իրարու հետ հաղորդակցելու սեփական ցանցեր ունին:

Եըլտըրըմ ըսած է, որ ներկայիս բացայայտուած է Կիւլենի կազմակերպութեան առնչուած 76.597 մարդ, պետական համակարգին մէջ աշխատանքէ հեռացուած են 7897 անձեր, որոնք կը կարծուին կազմակերպութեան հետ կապեր ունենալ, եւ անոնցմէ 3000-էն աւելին զինուորականներ են:

«Ընդհանուր առմամբ, մինչեւ հիմա կիւլենականներու հետ կապերու կասկածանքով յայտնաբերուած է 81.494 մարդ», ըսած է Թուրքիոյ վարչապետը:

Եըլտըրըմ ներկաներուն հաւաստած է, որ յառաջիկայ վեց ամիսներուն ընթացքին Սուրիոյ հարցին մէջ Թուրքիոյ կողմէ նոր զարգացումներ պիտի ըլլան:

Միւս կողմէ, Թուրքիոյ վարչապետարանը հերքեց Եըլտըրըմի վերագրուած յայտարարութիւն մը, որ կ՛ակնարկէր Թուրքիոյ մէջ յեղաշրջումի ձախող փորձին մէջ Սէուտական Արաբիոյ մեղսակցութեան:

«Այդ լուրերը եւ մեկնաբանութիւնները ճիշդ չեն եւ բացարձակապէս չեն համապատասխաներ իրականութեան», ըսուած է վարչապետարանի հաղորդագրութեան մէջ:

Թուրքիոյ վարչապետարանը իր գնահատանքն ու ողջունումը արտայայտեց վերջին յեղաշրջումի փորձին հարցով Թուրքիոյ կառավարութեան զօրակցող սէուտական կեցուածքին նկատմամբ:

 

Նախորդը

Կիպրոսի Մէջ Դանակով Յարձակում. Զուիցերիոյ Մէջ Գնացքի Ճամբորդներուն Դէմ Յարձակում Գործած Անձը Եւ Անոր Զոհերէն Մէկը Մահացած Են

Յաջորդը

Այսօր Թեհրանի Մէջ Զարիֆ-Պոկտանով Հանդիպում

RelatedPosts

Օմանի Մէջ Իրան-Ծոցի Արաբական  Երկիրներ Ժողովը Յետաձգուեցաւ
Գլխաւոր լուրեր

Օմանի Մէջ Իրան-Ծոցի Արաբական Երկիրներ Ժողովը Յետաձգուեցաւ

September 15, 2026
Կալեսի, Սկովտիոյ Եւ Հիւսիսային Իրլանտայի  Ղեկավարները Բրիտանիոյ Կազմէն Դուրս Գալու  Իրաւունքի Մասին Յուշագիր Ստորագրեցին
Միջազգային

Կալեսի, Սկովտիոյ Եւ Հիւսիսային Իրլանտայի Ղեկավարները Բրիտանիոյ Կազմէն Դուրս Գալու Իրաւունքի Մասին Յուշագիր Ստորագրեցին

September 15, 2026
Ըստ Թրքական Կառավարական Աղբիւրի Մը.  Ռուսիոյ Եւ Ուքրանիոյ Միջեւ Բանակցութիւններու  Պոլսոյ Մէջ Շարունակումը Կարելի Է Եւ Յարմար
Միջազգային

Ըստ Թրքական Կառավարական Աղբիւրի Մը. Ռուսիոյ Եւ Ուքրանիոյ Միջեւ Բանակցութիւններու Պոլսոյ Մէջ Շարունակումը Կարելի Է Եւ Յարմար

September 15, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.