
Միացեալ Նահանգներու կազմը տղոց 4×200 մեթր լողարշաւի մրցումներուն տիրացաւ Ռիօ-2016-ի ողիմպիականի ոսկի մետալին:
Ամերիկացիք արձանագրեցին 7′ 00″ 66 արդիւնք մը, իրենց ետին ձգելով Անգլիան եւ Ճափոնը, որոնք գրաւեցին յաջորդաբար երկրորդ եւ երրորդ դիրքերը:
Այս խաղերուն Միացեալ Նահանգներու յառաջատար լողորդ Մայքըլ Ֆելփս տիրացաւ ողիմպիականի իր 21-րդ ոսկի մետալին:


