
Երէկ` ուրբաթ, 5 օգոստոսին, Ռիօ տը Ժանէյրօ (Պրազիլ) հասաւ Լիբանանի ողիմպիական կոմիտէի նախագահ Ժան Համմամ, որ անմիջապէս տեսակցութիւն մը ունեցաւ լիբանանեան պատուիրակութեան հետ:
Համմամ յաջողութիւն մաղթեց լիբանանցի բոլոր մարզիկներուն` յոյս յայտնելով, որ անոնք իրենց ամէն կարելին ընեն պատուաբեր արդիւնքներ ձեռք ձգելու եւ առաւելագոյն թիւով մետալներուն տիրանալու համար:


