Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Մեր Ճանապարհը Լուսաւորող

August 6, 2016
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԴՈԿՏ. ՎԻԳԷՆ ԵԱԳՈՒՊԵԱՆ

0806lisbon4

ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ դոկտ. Վիգէն Եագուպեանի պատգամը` Լիզպոնի Հինգի յիշատակին նուիրուած ձեռնարկին:

«Բաւեց փշուր մը տաք ռումբի, որ կործանի հիմնայատակ.

Տառապանքի ու պայքարի այնքա՛ն կորով, այնքա՛ն վաստակ»…

Քանի մը ամիս առաջ, մեր նահատակներուն նուիրուած երեկոյի մը ընթացքին, նորէն յիշեցի Մուշեղ Իշխանի այս բանաստեղծութիւնը: Իր պարզութեամբ, այս քանի մը տողերը կ՛ակնարկեն մարդ արարածի` կեանքի փխրուն իրավիճակին, որ առանց ազդարարութեան, առանց ծրագրումի` կ՛անհետանայ յանկարծ փոշիի նման: Աչքի լոյսի պէս գուրգուրանք ստացած, իրենց կանաչ արեւին համար աղօթքներու թիրախ դարձած կեանքեր կ՛ոչնչանան ակնթարթի մը մէջ, որովհետեւ կեանքի ճանապարհը երբեք չ՛ուղղորդուիր այն քարտէսով, զոր մարդ կը պատկերացնէ իր երեւակայութեան մէջ: Իրողութեան այս պարունակին մէջ է, որ ահա՛ պէտք է գնահատել եւ արժեւորել կեանքի իմաստը: Եթէ կարելի չէ գուշակել, թէ ո՛ր րոպէին յանկարծ պիտի ընդհատուի մեր կեանքի թելը, ապա ինչպէ՞ս իմաստաւորել մեր այնքա՛ն ժամանակաւոր գոյութիւնը:

Ըստ ինծի, այդ իմաստաւորումը կը կայանայ գիտակից ընտրութիւններ կատարելու այն յատկութեան մէջ, որ կը զանազանէ մարդ արարածը երկրագունդի երեսի բոլոր միւս էակներէն: Հետեւաբար կեանքը իմաստաւորող կարեւորագոյն հանգամանքներէն մէկը գիտակից ընտրութիւններով առաջնորդուիլն է:

Գաղափարի նուիրումը գիտակից գոյութեան ճանապարհաքարտէսը բիւրեղացնող հիմնական ու կարեւորագոյն ազդակն է: Հաւաքական իղձերու գերագնահատումը, ազգային արժանապատուութեան պահպանումը, ազգային ինքնորոշման անսակարկելիութիւնը արժէքներ են, որոնք կը սնանին ու կը ծաղկին գաղափարախօսութեան ներարկած աւիշով:

Գաղափարին նկատմամբ ամբողջական նուիրումն էր, որ մղեց Լիզպոնի մեր հերոսները` Սիմոնը, Վաչէն, Արան, Սարգիսն ու Սեդրակը, զարթնելու այն օրը, հրաժեշտ տալու իրենց սիրելիներուն` քաջ գիտակցելով, որ վերջին հայեացքն էր, որ կը նետէին այնքա՛ն կորով, այնքա՛ն վաստակ թափած իրենց սիրելիներուն եւ իրենց գոյութեան կռուանը հանդիսացած թաղամասին վրայ: Այնքա՜ն հեռու հայրենիքէն, բայց` միայն ու միայն հայրենիքին համար:

Ժողովուրդը կը ծնի՞ հերոսներ, թէ՞ անոր զաւակներն են, որ կը հերոսացնեն ժողովուրդը, թէ՞ ազգի արիւնաներկ ճանապարհն է, որ իրեն կը պարտադրէ զոհաբերել իր լաւագոյնը ազատութեան բագինին:

Ի՛նչ ալ ըլլայ իրականութիւնը, Լիզպոնի տղաքը ամրագրեցին այն վեհանձն ըմբռնումը, թէ գերագոյն զոհաբերութիւնը, ազգային յարատեւութիւնը երաշխաւորող ներուժ է եւ ո՛չ անհատապէս յաւիտենականութեան հասնելու միջոց: Այս է, որ կը զանազանէ ազգային ազատագրական պայքարին նուիրուած մե՛ր կերպարը այլ կերպարներէ, որոնց համար մղիչ ուժը անցնիլն է այս աշխարհէն դէպի յաւիտենականութիւն: Մեր մարտնչող հերոսներուն մէջ բիւրեղացած է գիտակից յանձնառութեան ըմբռնումը, եւ միայն այդ ըմբռնումն է, որ զիրենք առաջնորդած է ամբողջական զոհողութեան` կեանքի գնով իսկ, ի խնդիր ազգային իրաւունքներու պահպանման, ի խնդիր ժողովրդավարութեան, իրաւական պետութեան ամրագրման եւ մարդու իրաւունքներու պաշտպանութեան:

Հարկ է այստեղ նշել եւ հաստատել, որ Լիզպոնի տղոցը մոլեգնութեան արարք չէր, ո՛չ ալ յուսալքուած կեանքերու վերջին արարը: Ընդհակառակը, անոնցը գերագոյն պատգամն էր մեր բոլորին, թէ անձը, յանձնառո՛ւ հայը, լոկ ստուեր մըն է ազգային իղձերու վիթխարի երազին դիմաց: Չկան անհատներ, որոնք աւելի մեծ են այդ երազէն. չկան անհատներ, որոնք տէրն են այդ երազին: Մեր ժողովուրդն է, ըսին անոնք, այդ երազին միակ իրաւացի սեփականատէրը` այդ երազի օրինաւոր ժառանգորդը, եւ մեզմէ իւրաքանչիւրը` պարզապէս այդ երազին փոխադրիչը: Այս մէկն է, զոր այդ տղաքը պիտի յիշեցնէին մեզի այսօր, մանաւանդ` ընկերային ցանցերու ստեղծած նարկիզական բեմերուն ի տես:

«Հայրենիք» շաբաթաթերթի խմբագրականը քանի մը օր առաջ կ՛ըսէր, թէ ապրիլեան քառօրեայ պատերազմին Լիզպոնի տղոց «ուրուականը ներկայ էր Կովկասեան բարձրաւանդակին վրայ»: Իբրեւ արծիւ կը սաւառնին անոնք ամէնուրեք, ո՛ւր որ կը հնչէ մեր ժողովուրդի ազատատենչ ձայնը: Դարձած են անոնք մեր խիղճը, որ մնանք զգօն, մնանք մանաւանդ անկեղծ` մեզ շարժող առիթներուն մէջ եւ մեր որոշումները դրդող պատճառներուն նկատմամբ: Լիզպոնի տղոց նահատակումը երբե՛ք չի կրնար ծառայել իրականութիւնները պղտորելու կամ հարցերը շփոթելու: Ան միայն կը բիւրեղացնէ մեր ուղղութիւնը, կը լուսաւորէ այն ճանապարհը, որ կրնայ միայն առաջնորդել մեր արդար իրաւունքներու ամբողջական տիրապետման եւ մեր պետականութեան ամրակայման: Անոնց նահատակութիւնը միայն ու միայն կը ծառայէր մեր ազգային պահանջատիրութեան շուրջ բարձրացուած լռութեան պատի քանդումին, որ կը ձգտէր յաւերժացնել մեր ժողովուրդի հոգեբանական ստրկութիւնը: Երբեք պէտք չէ մոռնալ, թէ ո՛վ էր թիրախը, ի՛նչ էր նպատակը, եւ որո՛նք են այսօրուան զուգահեռները: Այդ զուգահեռները կարելի է գտնել Կովկասեան բարձրաւանդակին վրայ, երկնային անհասանելի բարձրութենէ սաւառնող լիզպոնեան արծիւներուն մէջ:

Լիզպոնի տղաքը, 1800-ական թուականներէն ժառանգած իրենց հայ ֆետայիի կերպարով, եկան մեզի յիշեցնելու, թէ հերոսը այն անձն է, որ իր կամքով, վեհանձնութեամբ եւ խիզախութեամբ պատրաստ է զոհուելու գաղափարի մը համար: Խանասորի արշաւանքէն գրեթէ 86 տարիներ ետք Լիզպոնի տղաքը վերահաստատեցին մեր տեսակի ազատամարտիկին զուլալ տիպարը, որ մնացած է անփոփոխ 1897-ի ֆետայի Արիստակէս Զօրեանի կերպարէն: Ազատամարտիկ, որուն պայքարելու անզիջող կամքը սնանած է գաղափարական պարարտ հողով, եւ գաղափարին նուիրումը խարսխած է անոր մարտնչելու անդրդուելի ոգին: Ազատամարտիկ, որ բնազդաբար կը գիտակցի, թէ ե՛րբ է զէնքը բարձրացնելու պահը, ե՛րբ է նոյնիսկ մարմինը պայթեցնելու րոպէն, եւ ե՛րբ է ժամանակը, բաճկոնը հագուելով,անցնելու քաղաքական աշխատանքի: Ազատամարտիկ, որ երբե՛ք չի շփոթեր միջոցն ու նպատակը, եւ իր միջոցներուն մէջ անխնայ է միա՛յն յանցագործ իր թշնամիին հանդէպ, որուն ճիրանները դարեր շարունակ խեղդամահ ըրած են իր ժողովուրդը:

Ազատամարտիկի այս յատկանիշներով Լիզպոնի հերոսները կրնային միայն դառնալ միակամ հայութեան եւ հայրենիքի ամբողջականութեան խորհրդանիշները: Սաւառնող այդ արծիւները կը նային մեզի երկինքներէն` մեզ պահելով զգօն, հանդիսանալով իբրեւ ներշնչման աղբիւր, բայց մանաւանդ` ըլլալով մեր յուշարարները, որ մնանք նպատակասլաց եւ անշեղ` մեր գաղափարական սկզբունքներէն:

Իրենց նահատակութեամբ, Լիզպոնի տղաքը մեզի պարգեւեցին կեանքը իմաստաւորելու անգին կտակ մը: Պարտինք ըլլալ այդ կտակի արժանաւոր ժառանգորդները եւ այդ սրբութիւնը փոխանցողները` յաջորդող սերունդներուն:

 

 

Նախորդը

Ռիօ-2016. Ժան Համմամ Հանդիպում Ունեցաւ Լիբանանեան Պատուիրակութեան Անդամներուն Հետ

Յաջորդը

«Ազդակ» Բացառիկ Պիտի Հրատարակէ` Նուիրուած Հայաստանի Հանրապետութեան 25-Ամեակին

RelatedPosts

Սթափելու Ժամանակը
Անդրադարձ

Խորհրդարանական Հարցապնդում Եւ Խաղաղութեան Խոստում

September 16, 2026
Հետաքրքրական Եւ Արժէքաւոր Յուշագրութիւն Մը.  Մովսէս Ա. Քհնյ. Շրիգեանի «Յուշեր»-ու Հրատարակութեան Առիթով
Անդրադարձ

Հետաքրքրական Եւ Արժէքաւոր Յուշագրութիւն Մը. Մովսէս Ա. Քհնյ. Շրիգեանի «Յուշեր»-ու Հրատարակութեան Առիթով

September 16, 2026
Ազգային Արժէքներու Եւ Հայ Եկեղեցւոյ Կարեւորութիւնը` Սփիւռքի Մէջ Հայկական Ինքնութեան Պահպանման Համար. Նոր Իրավիճակի Մարտահրաւէրներ
Անդրադարձ

Ազգային Արժէքներու Եւ Հայ Եկեղեցւոյ Կարեւորութիւնը` Սփիւռքի Մէջ Հայկական Ինքնութեան Պահպանման Համար. Նոր Իրավիճակի Մարտահրաւէրներ

September 16, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.