Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ապպաս Իպրահիմ. «Ահաբեկչութեան Դէմ Յաղթանակ Պիտի Արձանագրենք»

August 6, 2016
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ibrahim_Abbas_80516

Ընդհանուր ապահովութեան ընդհանուր տնօրէն հազարապետ-զօրավար Ապպաս Իպրահիմ հարցազրոյցի մը ընթացքին յայտնեց, որ Լիբանանի մէջ գաղթականներու բնակեցումը պատերազմի սկսիլ կը նշանակէ:

Ան շեշտեց, որ պէտք է վերջ տալ արտաքին ուժերուն վրայ գրաւ դնելու երեւոյթին եւ լուծումներ ներածելու դրութեան:

Իպրահիմ հաստատեց, որ իրենք ամէն ջանք ի գործ կը դնեն Լիբանանը վերածելու ապահով պետութեան եւ ոչ թէ ապահովական-ոստիկանական պետութեան:

Ապպաս Իպրահիմ ընդգծեց, որ իրենք պիտի յաղթեն ահաբեկչութեան դէմ պատերազմին, որովհետեւ ահաբեկչութեան դէմ պարտութիւնը համազօր է Լիբանանի աւարտին:

«Ապահովութիւնը առաջնահերթութիւն է, որովհետեւ անիկա կ՛երաշխաւորէ լիբանանեան պետութեան գոյատեւումը: Մենք ահաբեկչութեան դիմադրեցինք զանազան դժուար ճակատամարտներով, իսկ տակաւին մեր դիմաց ունինք ծանր պայքար մը, որմէ յաղթական դուրս պիտի գանք», հաստատեց Իպրահիմ:

Ան նշեց, որ Լիբանանի մէջ ապահովական կայունութիւնը խախուտ է` աւելցնելով, որ հակադրութիւն կը գտնուի այն իրականութեան մէջ, որ իւրաքանչիւր անկիւնադարձէ ետք Լիբանան կը փոխադրուի դէպի նոյնանման այլ կացութիւն մը` բառին բուն իմաստով պետութեան կամ հանրապետութեան վերածուելու փոխարէն:

«Իսկ վատագոյնը այն է, որ Լիբանանի մարմինին վրայ քաղաքական ախտերը հետզհետէ կը շատնան եւ մեր ապահովական կայունութիւնը խոցելի կը դարձնեն», ըսաւ Իպրահիմ` աւելցնելով, որ Լիբանանի մէջ վտանգաւոր իրականութեան վերածուած է նաեւ տագնապներուն, նախագահական աթոռի թափուր կացութեան եւ կառավարական աշխատանքի սառած իրավիճակին ընտելացումը:

 

Նախորդը

Պքերքէ Կը Հովանաւորէ Քեսրուանի Եւ Ժիպէյլի Արդարութեան Պալատի Կառուցման Համաձայնագիրի Ստորագրութեան

Յաջորդը

Հարուն Կը Սպառնայ Մագլցողական Քայլերու Դիմել

RelatedPosts

Ըստ «Ռոյթըրզ»-ի.  Սուրիական Կառավարութիւնն Ու Հըզպալլան  Թուրքիոյ Մէջ Գաղտնի Բանակցութիւններ Վարած Են
Լիբանանեան

Ըստ «Ռոյթըրզ»-ի. Սուրիական Կառավարութիւնն Ու Հըզպալլան Թուրքիոյ Մէջ Գաղտնի Բանակցութիւններ Վարած Են

October 2, 2026
Խորհրդարանի Արտաքին Յարաբերութիւններու  Յանձնախումբը Ընդունեց Լիբանանի Մէջ Օմրան Ռիզան
Լիբանանեան

Խորհրդարանի Արտաքին Յարաբերութիւններու Յանձնախումբը Ընդունեց Լիբանանի Մէջ Օմրան Ռիզան

October 2, 2026
Լիբանանեան Կարճ Լուրեր
Լիբանանեան

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

October 2, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.