Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Սասնայ Ծռեր» Խումբէն Աշոտ Պետրոսեան Հացադուլ Յայտարարած Է

August 5, 2016
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

lour-11_80416

«Սասնա ծռեր» զինուած խումբի անդամ Աշոտ Պետրոսեան երէկ  առաւօտեան կանուխ ժամերէն հացադուլ յայտարարած է, «Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանին փոխանցեց անոր փաստաբան Արայիկ Պապիկեան:

Փաստաբանին խօսքով, «Դատապարտեալներու հիւանդանոց» քրէակատարողական հիմնարկին մէջ գտնուող Պետրոսեանը, որ մեղադրուած է շէնք եւ շինութիւներ գրաւելու, ապօրինի զէնք-զինամթերք պահելու, տեղափոխելու եւ կրելու մէջ, ցանկութիւն յայտնած է, որ իրեն այցելեն յայտնի յօրինողներ Տիգրան Մանսուրեանը եւ Ռոպերթ Ամիրխանեանը:

Ըստ Ազգային անվտանգութեան ծառայութեան, 26-27 յուլիսի լուսցող գիշերը Աշոտ Պետրոսեան զինուած խումբի մէկ այլ անդամի` Յովհաննէս Յարութիւնեանին հետ դուրս եկած է գունդի տարածքէն եւ  փորձած է ճեղքել ոստիկանական պատնէշը, ոստիկանները կրակ բացած են, որուն պատճառով զինուած խումբի երկու անդամները հրազէնային վիրաւորումներով փոխադրուած են հիւանդանոց:

Անսալով Սեֆիլեանի Կոչին`
Պաւլիկ Մանուկեան Դադրեցուց Հացադուլը

Նոր Հայաստան շարժման առաջնորդ Ժիրայր Սեֆիլեան երէկ «Վարդաշէն» բանտէն նամակ ուղարկած է Պաւլիկ Մանուկեանին` անկէ խնդրելով դադրեցնել հացադուլը: Վերջինս նախ մերժած է, սակայն 4 օգոստոսի երեկոյեան դադրեցուցած է հացադուլը:

4 օգոստոսի կէսօրին փաստաբան Ինեսա Պետրոսեան յայտարարած էր, որ Պաւել Մանուկեան չէ հրաժարած հացադուլէն: Աւելի ուշ Պետրոսեան Դիմատետրի իր էջին վրայ հրապարակեց «Դատապարտեալներու հիւանդանոց»-էն Պաւլիկ Մանուկեանի նամակը, որուն մէջ կը հաստատէր, որ կ՛անսայ ժողովուրդին եւ Սեֆիլեանի կոչին:

Փաստաբան Ինեսա Պետրոսեան նաեւ անդրադարձած է Պաւել եւ Արամ Մանուկեաններուն վիճակին` հաստատելով, որ անոնց կացութիւնը ծանր է: «Անոնք կը շարունակեն գամուած մնալ մահճակալին, անոնց վէրքերը խոր են: Պաւել Մանուկեան յառաջիկայ օրերուն պէտք է վիրահատութիւններու ենթարկուի», ըսած է ան:

«Սասնայ Ծռեր»-ու Անդամը Ազատ Արձակուած Է`
Քաղաքէն Չբացակայելու Պայմանով

lour-13_80416

Հայաստանի լրատուամիջոցները շրջանառութեան մէջ դրած են տեղեկութիւններ, որ 17 յուլիսին ոստիկանութեան պարեկապահակային ծառայութեան գունդի տարածքը գրաւած եւ երկու շաբաթ իր վերահսկողութեան տակ պահած «Սասնայ ծռեր» զինուած խումբի անդամ Գէորգ Մելքոնեանը, քաղաքէն չբացակայելու ստորագրութեամբ, ազատ արձակուած է:

Յիշեցնենք, որ Գէորգ Մելքոնեան, ըստ ոստիկանութեան, պարեկապահակային գունդի տարածքէն «դուրս հանուած է» նախքան զինուած խումբին յանձնուիլը: Ոստիկանութեան հրապարակած տեսանիւթին մէջ ան հաստատած է, որ պատահաբար յայտնուած է զինուած խումբին մէջ եւ չէ գիտցած, թէ ի՛նչ նպատակ ունէին զինեալները:

 

 

Նախորդը

Չէ Բացառուած, Որ Մոսկուայի Մէջ Սարգսեան Եւ Փութին Քննարկեն Լեռնային Ղարաբաղի Հարցը

Յաջորդը

Հաւաք` Ազատութեան Հրապարակին Վրայ Բերման Ենթարկուած Է 20 Քաղաքացի

RelatedPosts

Կալուզին. «Հայաստանի Հետ Առանց Մուտքի  Արտօնագիրի Դրութեան Հաստատման Որոշակի  Ժամկէտերը Հաստատելէ Հրաժարիլը Պրիւքսելի  Խոստումներու Պատրանքային Ըլլալը Ցոյց Կու Տայ»
Գլխաւոր լուրեր

Կալուզին. «Հայաստանի Հետ Առանց Մուտքի Արտօնագիրի Դրութեան Հաստատման Որոշակի Ժամկէտերը Հաստատելէ Հրաժարիլը Պրիւքսելի Խոստումներու Պատրանքային Ըլլալը Ցոյց Կու Տայ»

September 16, 2026
Քարթհայզեր. «Եւրոպական Միութիւնը Հետագային  Կրնայ Հայաստանէն Ռուսիոյ Դէմ  Քայլերու Ձեռնարկում Պահանջել»
Հայկական

Քարթհայզեր. «Եւրոպական Միութիւնը Հետագային Կրնայ Հայաստանէն Ռուսիոյ Դէմ Քայլերու Ձեռնարկում Պահանջել»

September 16, 2026
Լեռնիկ Յովհաննիսեան. «Գանձասարի Արժէքաւոր  Գիրքերը 44-Օրեայ Պատերազմի Ժամանակ  Տեղափոխուած Էին Երեւանի Մատենադարան»
Գլխաւոր լուրեր

Լեռնիկ Յովհաննիսեան. «Գանձասարի Արժէքաւոր Գիրքերը 44-Օրեայ Պատերազմի Ժամանակ Տեղափոխուած Էին Երեւանի Մատենադարան»

September 15, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.