ՐԱՖՖԻ ՏՈՒՏԱԳԼԵԱՆ
Երեւանի մէջ վերջին ցաւալի դէպքերը այսօր մէկ դաս ունին բոլորիս ու նախ եւ առաջ` իշխանութիւններուն. պէտք է գործել ճգնաժամային դրութեան մէջ ըլլալու տրամադրութեամբ: Առաջին հերթին, իշխանութիւնները եւ անոնց չորսդին կանգնած ուժերը, քաղաքական եւ այլ, պարտաւոր են անդրադառնալու, որ գեղագիտական բարեփոխումները կամ դանդաղ քայլերով յառաջ երթալու մօտեցումը ընդունելի չե՛ն այլեւս:
Վճռական եւ արմատական բարեկարգումները անյետաձգելի են, քանի որ երկիրը կ՛ապրի ճգնաժամային պայմաններու տակ: Վերջին ութ տարիներուն Հայաստանէն արտագաղթած են 300 հազար քաղաքացիներ, Հայաստանի պետական պարտքը 1,9 միլիառ տոլարէն հասած է 5,1 միլիառ տոլարի, հակառակ անապահով խաւի արտագաղթին` աղքատութիւնը աճած է աւելի քան 10 տոկոսով, տնտեսութիւնը տագնապահար է եւ բանակին զինումը` անբաւարար:
Այս բոլորը չեն բաւեր կարծէք, ամայացած է նաեւ քաղաքական դաշտը: Չկան ժողովուրդը ընդգրկող քաղաքական գործընթացներ: Հանրութիւնը քաղաքական ուժերուն հանդէպ կորսնցուցած է հաւատքը եւ յոգնած է անոնց ապարդիւն գզվռտոցէն, յոգնած է ընտրակեղծիքներէն, շինծու քուէարկութիւններէն ու հանրաքուէներէն, օլիկարխներու սանձարձակութիւններէն, ամենաներկայ փտախտէն: Խոստացուած բարեփոխումները չեն երեւիր, անդրադարձ չունին մարդոց առօրեայ կեանքին մէջ, ու դեռ, Արցախի ապրիլեան պատերազմէն ետք, հողային զիջումներու «համաձայնագիր» մը կը դրուի ընկերատնտեսական լուրջ ճգնաժամ ապրող Հայաստանի առջեւ:
Անցնող 15 օրերու իրադարձութիւններէն ետք թէ՛ իշխանական եւ թէ՛ ընդդիմադիր ուժերը վերահաստատեցին «խնդիրներու» գոյութիւնը եւ խորքային, արմատական բարեփոխումներու անհրաժեշտութիւնը:
Եթէ իսկապէս կան այս գիտակցութիւնն ու քաղաքական կամքը, ապա ի՞նչն է դանդաղկոտութեան պատճառը, ինչո՞ւ միայն գեղագիտական միջամտութիւններ: Յաճախ այն տպաւորութեան տակ ենք, որ կապուած են բարեփոխողներուն ձեռքերը, եթէ կան այդպիսիներ:
Քաղաքական անբարենպաստ քամիներ կը փչեն հիւսիսէն եւ արեւմուտքէն: Ազրպէյճանի բռնատէրը իր իշխանութիւնը պահելու համար, պատրաստ է ամէն տեսակի արկածախնդրութիւններու, ընդհուպ մինչեւ պատերազմի: Ջլատուած, տնտեսապէս խոցելի, բարոյալքուած ժողովուրդով եւ ժողովրդականութենէ զուրկ ղեկավարութեամբ Հայաստան մը այսօր կը գտնուի արտաքին մեծ ճնշումներու տակ` մօտիկ ու հեռաւոր երկիրներու կողմէ:
Այս պայմաններուն տակ, որքա՛ն որ մերժելի են երկրին մէջ զէնքով հարցեր լուծելու փորձերը, նոյնքան ալ անընդունելի են` ձեւական բարեփոխումները, քաղաքական դաշտի ամայացմամբ իշխանութիւնը պահելու մոլուցքը, մարդկային իրաւանց խախտումները, մամուլի վրայ ճնշումները, կեղծուած քուէարկութիւնները, իշխանութեան ու դիրքի չարաշահութիւնները: Պէտք է հասկնալ, որ ծայրայեղական քայլերը հետեւանք են, իսկ երկրի ապիկար եւ ձախաւեր ղեկավարումը` պատճառ:
Այո՛, բոլորս դաս ունինք քաղելու անցեալ երկու շաբաթներու դէպքերէն, բայց նախ` իշխանաւորները: Արմատապէս փոխուելու, բարեփոխուելու պարտաւորութեան տակ կը գտնուին անոնք եւ ցարդ չեն ուզեր կամ չեն կրցած ըմբռնել ինքնամաքրման քաւարան մտնելու հրամայականը: Ճգնաժամ է, եւ «ստից» քայլերով, բարեփոխումներու կապկումով (իմիտացիա) միայն աւելի խորացուցած կ՛ըլլան ճգնաժամը եւ կը յորդեցնեն ժողովուրդին արդէն իսկ լեցուած համբերութեան բաժակը:
Գրեցէ՛ք ինծի:


