Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

50 ՏԱՐԻ ԱՌԱՋ (26 ՍԵՊՏԵՄԲԵՐ 1961)

September 26, 2011
| 50 Տարի Առաջ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԿԵԱՆՔ

ՀԱՅԱՍՏԱՆ

ԲԱՐՁՐԱԳՈՅՆ ՈՒՍՈՒՄՆԱՐԱՆՆԵՐՈՒ
ՈՒՍԱՆՈՂՈՒԹԵԱՆ ԹԻՒԸ

Այս տարեշրջանին բարձրագոյն ուսումնական հաստատութիւններու (Բուհ) ուսանողութեան թիւը բարձրացած է 5,187-ի, որոնք մեծ մասամբ աշխատող երիտասարդներ եւ երիտասարդուհիներ են: Երեւանի Բազմարուեստից հիմնարկութիւն եւ Պետական համալսարան մտած են 1700, Մանկավարժական հիմնարկութիւնը` 400, Բժշկական համալսարանը` 344 հոգի եւ այլն:

Մեծ թիւով երիտասարդներ բարձրագոյն կրթութեան պիտի հետեւին առանց քաշուելու իրենց առօրեայ աշխատանքներէն: Այսպէս, Բազմարուեստից հիմնարկութեան երեկոյեան եւ թղթակցութեան բաժիններուն մէջ արձանագրուած են 800, Պետական համալսարանի նոյն բաժիններուն` 780, երաժշտանոցը` միշտ համապատասխան բաժիններուն մէջ, 40 հոգի:

Կարգ մը բարձրագոյն ուսումնական հաստատութիւններուն մէջ այս տարի կազմակերպուած են նոր ամպիոններ ու բաժիններ: Օրինակ, Բազմարուեստից հիմնարկութեան մէջ բացուած են օթոմաթիքի եւ հաշուողական թեքնիքի ամպիոն ու ութ բաժին: Նոր բաժիններ բացուած են նաեւ Պետական համալսարանին մէջ:

Կաթնարդիւնաբերութեան համար մասնագէտներ պատրաստելու նպատակով Երեւանի Անասնաբուծական-անասնաբուժական հիմնարկութեան մէջ հաստատուած է նոր բաժին մը, ուր ընդունուած են երեսուն պատանիներ եւ աղջիկներ:

 

ԺՈՂՈՎՐԴԱԿԱՆ ԵՐԳԵՐԸ

Հայաստանի գիտութիւններու ակադեմիայի արուեստի կաճառը պարբերաբար կը հրատարակէ տարիներու ընթացքին ձայնագրուած եւ կաճառի ձայնադարանին մէջ կուտակուած ժողովրդական երգերու եւ պարի եղանակներու լաւագոյն նմուշները` առանձին հատորներով:

Ցարդ հրատարակուած են հայ երաժշտութեան սկզբնական շրջանի ժողովրդական երգերը: Վերջերս Հայպետհրատի հրատարակութեամբ լոյս տեսաւ «Հայ ժողովրդական երգեր» վերնագրով հաւաքածոյ մը, ուր տեղ գտած են վերջին տաս-քսան տարիներու հայերէն երգերը:

Այս հաւաքածոյին մէջ ամփոփուած են Ապարանի, Հոկտեմբերեանի, Մարտունիի, Կամոյի, Էջմիածնի, Արտաշատի եւ Կիրովականի շրջաններուն մէջ ձայնագրուած երգերու նմուշները: Հաւաքածոն կազմած եւ ծանօթագրած է Վ. Սամուէլեան, խմբագրած` արուեստագիտութեան թեկնածու Մ. Աղայեան:

 

ՀՈՒՆԳԱՐԱՑԻ ԳՐԱԳԷՏՆԵՐ
ԵՐԵՒԱՆԻ ՄԷՋ

Երեք օր Երեւան հիւր եղած են հունգար գրագէտներ` գլխաւորութեամբ  Հունգարիոյ գրողներու միութեան նախագահ Ե. Տարվաշի: Հունգարացիները ծանօթացած են մայրաքաղաքին տեսարժան վայրերուն, հանդիպումներ ունեցած են իրենց հայ գրչակիցներուն հետ, այցելած են Մատենադարան, հայ նկարիչներու յոբելենական ցուցահանդէսը եւ այլն:

 

Ս. ՅԱՐՈՒԹԻՒՆ ՏԱՃԱՐԻՆ ՆՈՐՈԳՈՒԹԻՒՆԸ
250,000 ՍԹԵՐԼԻՆ` ՀԱՅՈՑ ԲԱԺԻՆԸ

Երուսաղէմի Ս. Յարութեան տաճարը, որ ինչպէս յայտնի է, խաչակիրներէ շատ առաջ կառուցուած է եւ կը պատկանի հայերուն, յոյներուն եւ լատիններուն, ստիպողաբար նորոգութեան պէտք ունի:

Իր մէջ Յիսուսի գերեզմանը, Գողգոթան եւ Չարչարանքի վայրը պարունակող Ս. Յարութեան ընդարձակ տաճարի նորոգութեան ձեռնարկելու համար հայ, յոյն եւ լատին ծանօթ ճարտարագէտներէ բաղկացած մասնագէտներ վերոյիշեալ պատրիարքարաններու ներկայացուցիչներուն հետ համախորհուրդ նիստեր գումարած եւ, յետ մանրազնին քննութեանց պատրաստած են Ս. Յարութեան տաճարի անյետաձգելի նորոգութեան ծախքերը:

Այս առթիւ հայոց բաժին կ՛իյնայ 250 հազար սթերլինի ծախք մը, զոր ապահովելու համար Երուսաղէմի պատրիարքը դիմումներ կը կատարէ հայ բարեգործական հաստատութեանց մօտ:

Պէտք է յիշեն մեր ընթերցողները, որ 1936-ին արդէն խարխուլ վիճակ պարզելուն համար արգիլուած էր ուխտաւորներու մուտքը Ս. Յարութեան տաճար: Այդ օրերուն առժամեայ նորոգութիւն մը կատարուելէ եւ երկաթներով ամրացուելէ ետք արտօնուեցաւ ուխտաւորներու մուտքը:

Նախորդը

ԱԹԼԵԹԻԶՄ. ԱՐԵՒՄՏԵԱՆ ԱՍԻՈՅ ԿՐՏՍԵՐՆԵՐՈՒ ԱՌԱՋԻՆ ԱԽՈՅԵԱՆՈՒԹԻՒՆ. ԼՈՐԻ ԹԱՇՃԵԱՆ ԼԻԲԱՆԱՆԻՆ ԱՊԱՀՈՎԵՑ ՈՍԿԻ ՄԵՏԱԼ ՄԸ` ԱՂՋԿԱՆՑ 400 ՄԵԹՐ ՎԱԶՔԻ ՄՐՑՈՒՄՆԵՐՈՒՆ

Յաջորդը

ԱՆՑԵԱԼԻ ՀԵՏ ԿԱՊ. ՊԷ՞ՏՔ Է ՊԱՏՄՈՒԹԻՒՆ ԴԱՍԱՒԱՆԴԵՆՔ

RelatedPosts

aztag-f
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (18 Մարտ 1970)

March 18, 2020
aztag-f
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (17 Մարտ 1970)

March 17, 2020
aztag-f
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (16 Մարտ 1970)

March 16, 2020
  • Գլխաւոր
  • Մեր մասին
  • Նուիրատուութիւն
  • Կապեր
  • PDF արխիւ
  • Կապ մեզի հետ
Powered by Alienative.net

© 2026 «Ազդակ» Օրաթերթ (Aztag Daily), Լիբանան։ Բոլոր իրաւունքները պահպանուած են։

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2026 «Ազդակ» Օրաթերթ (Aztag Daily), Լիբանան։ Բոլոր իրաւունքները պահպանուած են։