Ծանրաբարձութեան Եւրոպայի կրկնակի ախոյեան, աշխարհի ախոյեանութիւններու մետալակիր, Ռուսիան ներկայացնող Դաւիթ Պեճանեան մեկնաբանեց ծանրաբարձութեան միջազգային ֆետերասիոնի որոշումը` հեռացնել Ռուսիոյ հաւաքականը Ռիօ-2016-ի ողիմպիական խաղերէն:

«Մարզիկները ամբողջ կեանքն ու առողջութիւնը կը վատնեն մարմնամարզի համար, իսկ ոչինչ հասկցող մարդիկ որոշումով մը կը վճռեն մարդոց ճակատագիրը: Ասիկա դատավճիռ է, մահապատիժ է ամբողջ ռուսական ծանրաբարձութեան համար, բոլորիս համար, տղաներու, աղջիկներու, մարզիչներու համար», ըսաւ Դաւիթ Պեճանեան, որուն անունը բնաւ չէ նշուած խթանող դեղերու խայտառակութեան մէջ:
Միջազգային ողիմպիական կոմիտէն, միջազգային ֆետերասիոններուն իրաւունք տուած է հակախթանիչներու կանոնի խախտումներուն հետ առնչութիւն ունեցող ռուս մարզիկները զրկել ողիմպիական խաղերուն մասնակցելու իրաւունքէն:
Թուրքերը Կրնան Զրկուիլ Խաղերը Դիտելու Կարելիութենէն
5-էն 21 օգոստոսին Պրազիլի Ռիօ տը Ժանէյրօ քաղաքին մէջ տեղի ունենալիք 2016-ի ողիմպիական խաղերը Թուրքիոյ մէջ հաւանական է, որ չցուցադրուին: Ըստ թրքական «Հապերլեր» լրատու կայքին, Թուրքիոյ պետական «Թէ.Ռէ.Թէ.» պատկերասփիւռի ընկերութիւնը չէ կրցած համաձայնութիւն գոյացնել «Սարան Կրուփ» ընկերութեան հետ, որուն կը պատկանի ողիմպիական խաղերը Թուրքիոյ մէջ պատկերասփռելու իրաւունքը:
«Թէ.Ռէ.Թէ.» չափազանց սուղ նկատած է խաղերու պատկերասփռման իրաւունքի տրամադրման համար «Սարան Կրուփ»-ի պահանջած գումարը:
Առայժմ ոչ մէկ այլ թրքական պատկերասփիւռի ընկերութիւն ձեռք բերած է Ռիոյի ողիմպիական խաղերը ցուցադրելու իրաւունքը: Եթէ երկու ընկերութիւնները յառաջիկայ օրերուն համաձայնութիւն չգոյացնեն, Թուրքիոյ մարզասէրները կը զրկուին Ռիօ-2016-ը դիտելու կարելիութենէն:


