Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Սփիւռք» Ամառնային Դպրոցի Մասնակիցները Այցելեցին Ազգային Ժողով Եւ Արտաքին Գործոց Նախարարութիւն

July 30, 2016
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

sp_summer-school_73016

Հայաստանի Հանրապետութեան Ազգային ժողովի նախագահ Գալուստ Սահակեան 11 յուլիսին խորհրդարանին մէջ հիւրընկալեց «Սփիւռք» ամառնային դպրոցի մասնակիցները: Հանդիպումին ներկայ էր նաեւ Հայաստանի Հանրապետութեան սփիւռքի նախարար Հրանուշ Յակոբեան: Ողջունելով հիւրերը Ազգային ժողովին անունով` Գ. Սահակեան նշեց, որ «Սփիւռք» ամառնային դպրոցի ծրագիրին նպատակն է սփիւռքի հայրենակիցները հաղորդակից դարձնել հայոց լեզուին, հայ մշակոյթին եւ գրականութեան: Ան կարեւոր նկատելով նմանատիպ ծրագիրներու իրականացումը, համոզում յայտնեց, որ անոնք կ՛ըլլան շարունակական:

Հայաստանի Հանրապետութեան սփիւռքի նախարար Հրանուշ Յակոբեան շնորհակալութիւն յայտնեց Ազգային ժողովի նախագահին` «Սփիւռք» ամառնային դպրոցի մասնակիցներուն հետ հանդիպելուն համար եւ մանրամասն ներկայացուց դպրոցին կողմէ իրականացուող աշխատանքները:

Sp_summer-school_parliament_73016

Խորհրդարանի նախագահը պատասխանեց հիւրերու հարցումներուն, որոնք կը վերաբերէին հայրենադարձութեան եւ հայապահպանման խնդիրներուն, Հայաստան-սփիւռք կապերու սերտացման ու կրթական եւ մշակութային մարզերուն մէջ իրականացուող ծրագիրներուն:

Հանդիպումի աւարտին «Սփիւռք» ամառնային դպրոցի մասնակիցները լուսանկարուեցան Գալուստ Սահակեանի հետ:

Միւս կողմէ, 12 յուլիսին «Սփիւռք» ամառնային դպրոցի երիտասարդ առաջնորդներու եւ լրագրողներու դասընթացքներուն մասնակիցները դպրոցի ղեկավար, պատմական գիտութիւններու թեկնածու Մհեր Յովհաննիսեանի գլխաւորութեամբ հիւրընկալուեցան արտաքին գործոց նախարարութեան մէջ: Զանոնք ընդունեց արտաքին գործոց նախարարի տեղակալ Շաւարշ Քոչարեան:

sp_73016

Շաւարշ Քոչարեան պատասխանեց սփիւռքահայ երիտասարդ առաջնորդները եւ լրագրողները յուզող հարցումներուն, որոնք մեծ մասամբ կը վերաբերէին ղարաբաղեան տագնապի լուծման ուղղութեամբ արձանագրուող վերջին զարգացումներուն:

Քոչարեան ներկայացուց Հայաստանի Հանրապետութեան պաշտօնական տեսակէտը Հայաստանի` Եւրասիական տնտեսական միութեան անդամակցութեան, ռուս-թրքական յարաբերութիւններուն մէջ կատարուող փոփոխութեանց պատճառով Հայաստանի շահերուն առնչուող հարցերուն, Հայաստան-Վրաստան փոխադարձ յարաբերութիւններուն, Իրանի հետ տնտեսական նոր կապերու ամրապնդման, ինչպէս նաեւ սուրիական ճգնաժամին պատճառով սուրիահայ համայնքի շահերու պաշտպանութեան ուղղուած դիւանագիտական քայլերուն վերաբերող հարցերու մասին:

Հանդիպումի աւարտին «Սփիւռք» ամառնային դպրոցի ղեկավար Մհեր Յովհաննիսեան շնորհակալութիւն յայտնեց նախարարի տեղակալին` ներկաներու հարցումներուն համապարփակ եւ սպառիչ պատասխաններ տալու համար:

Նախորդը

Ապրիլեան Պատերազմը Արցախի Շուրջ Համախմբած Է Հայ Երիտասարդութիւնը. Ըստ Շարմազանովի

Յաջորդը

Լեռնային Ղարաբաղի Միջազգային Ճանաչումը Ժամանակի Հարց Է Կ՛ըսէ Բակօ Սահակեան

RelatedPosts

Ալեքսանտրեթի Պատմական Հայկական Եկեղեցին Աւերակի Վերածուած Է
Գաղութային

Ալեքսանտրեթի Պատմական Հայկական Եկեղեցին Աւերակի Վերածուած Է

September 11, 2026
ՀՕՄ-ի Յայտարարութիւնը Շարունակուող Ցեղասպանութեան Մը Դէմ
Գաղութային

ՀՕՄ-ը Կը Մնայ Յանձնառու` Ուսանողներու Կրթաթոշակ Տրամադրելու

November 1, 2024
Մեծարենցեան Երեկոներ Երաժիշտ, Երգահան Զեքի Նասիֆ Այնճարի Մէջ
Գաղութային

Մեծարենցեան Երեկոներ Երաժիշտ, Երգահան Զեքի Նասիֆ Այնճարի Մէջ

October 25, 2024
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.