Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ՌԱՅԻ ՊԱՏՐԻԱՐՔԸ ԱՅՍՕՐ Կ՛ԱՅՑԵԼԷ ՀԱՐԱՒԱՅԻՆ ԼԻԲԱՆԱՆ

September 24, 2011
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter
Միջմարոնիական հանդիպումէն պահ մը

Մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքը այսօր հովուապետական այցելութիւն մը պիտի տայ հարաւային Լիբանան:

Միւս կողմէ, երէկ Պքերքէի մէջ տեղի ունեցաւ միջմարոնիական հանդիպումը, որուն ներկայ գտնուեցան Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի նախագահ, երեսփոխան զօր. Միշել Աուն, Մարատա հոսանքի ղեկավար, երեսփոխան Սլէյման Ֆրենժիէ, Փաղանգաւոր կուսակցութեան նախագահ Ամին Ժեմայէլ, Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան ղեկավար Սամիր Ժահժահ, ինչպէս նաեւ մեծ թիւով երեսփոխաններ եւ նախկին նախարար Զիատ Պարուտ:

Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցաւ ընտրական նոր օրէնք մը մշակելու կարելիութիւնը: Թէեւ կարելի չեղաւ բոլորին համախոհութիւնը վայելող ընտրական օրէնքի մը շուրջ համաձայնիլ, սակայն քննարկումները ընթացան դրական մթնոլորտի մէջ եւ աւելի ուշ պիտի շարունակուին:

Հանդիպումին ընթացքին Ռայի պատրիարքը արտասանեց խօսք մը, որուն մէջ յայտնեց, որ անհրաժեշտ է ընտրական նոր օրէնք մը մշակելու առումով հասարակ յայտարարներու յանգիլ:

Ռայի խօսքէն ետք, Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան փոխնախագահ, երեսփոխան Ժորժ Ատուան ներկայացուց այդ օրէնքի մշակման աշխատանքը ստանձնած յանձնախումբին տեղեկագիրը:

Նշենք, որ այդ յանձնախումբին Ատուանէն բացի մաս կը կազմեն երեսփոխաններ Ալեն Աուն եւ Սամի Ժեմայէլ, ինչպէս նաեւ նախկին նախարար Եուսեֆ Սաատէ:

Հանդիպումէն ետք Պքերքէի կողմէ հրապարակուած հաղորդագրութեան մէջ նշուեցաւ, որ քննարկումները ընթացած են դրական մթնոլորտի մէջ եւ եղած են շինիչ ու խոր:

Որոշուեցաւ նաեւ ընտրական օրէնքի մշակման առաքելութիւնը շարունակել մինչեւ օրէնքին գոյացումը իր վերջնական ձեւին մէջ:

Հանդիպումը տեւեց երեք ժամ, որմէ ետք հրաւիրեալները դարձան Պքերքէի ճաշի հիւրերը:

Հանդիպումէն ետք զօր. Աուն յայտնեց, որ անիկա եղած է դրական` աւելցնելով, որ անհրաժեշտ է իրարու տեսակէտները իմանալ եւ տարբեր կարծիքներ լսել` մաղթելով, որ այդ հանդիպումները կրկնուին եւ կարելի ըլլայ քննարկումներու եւ խորհրդակցութեան ընդմէջէն բիւրեղացնել ընտրական օրէնքը:

Երեսփոխան Սամի Ժեմայէլ յայտնեց, որ հանդիպումը դրական է եւ քաջալերելի, որովհետեւ կը կատարուին խոր քննարկումներ ազգային եւ քրիստոնէական գետնի վրայ:

Իր կարգին Ժահժահ յայտնեց, որ քննարկումները բաւական դրական էին` աւելցնելով, որ կարիքը կայ այդ քննարկումները շարունակելու:

 

Նախորդը

ՆԱԽԱԳԱՀ ՍԼԷՅՄԱՆ – ՊԱՆ ՔԻ ՄՈՒՆ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄ

Յաջորդը

«ԹՈՒՐՔԻԱ ՊԱՏՐԱՍՏ Է ԿԱԶԻ ՀԱՐՑԻՆ ՄԷՋ ԶԻՋԵԼՈՒ, ԵԹԷ ԿԻՊՐՈՍ ՆՈՅՆ ՔԱՅԼԻՆ ԴԻՄԷ» ՅԱՅՏԱՐԱՐԵՑ ԷՐՏՈՂԱՆ

RelatedPosts

Աուն – Սալամ Հանդիպում
Գլխաւոր լուրեր

Աուն – Սալամ Հանդիպում

November 25, 2026
Նախագահ Աուն Շնորհաւորական Նամակներ Ստացաւ.  Մաքրոն. «Ֆրանսան Պիտի Շարունակէ Ներկայ Վճռորոշ  Փուլին Լիբանանի Եւ Անոր Ժողովուրդին Կողքին Կանգնիլ»
Գլխաւոր լուրեր

Նախագահ Աուն Շնորհաւորական Նամակներ Ստացաւ. Մաքրոն. «Ֆրանսան Պիտի Շարունակէ Ներկայ Վճռորոշ Փուլին Լիբանանի Եւ Անոր Ժողովուրդին Կողքին Կանգնիլ»

November 25, 2026
Խորհրդարանի Արտաքին Յարաբերութիւններու  Յանձնախումբը Հանդիպում Ունեցաւ  Ֆրանսական Խորհրդարանական  Պատուիրակութեան Մը Հետ
Լիբանանեան

Խորհրդարանի Արտաքին Յարաբերութիւններու Յանձնախումբը Հանդիպում Ունեցաւ Ֆրանսական Խորհրդարանական Պատուիրակութեան Մը Հետ

November 25, 2026
  • Գլխաւոր
  • Մեր մասին
  • Նուիրատուութիւն
  • Կապեր
  • Կապ մեզի հետ
  • PDF արխիւ
Powered by Alienative.net

© 2026 «Ազդակ» Օրաթերթ (Aztag Daily), Լիբանան։ Բոլոր իրաւունքները պահպանուած են։

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2026 «Ազդակ» Օրաթերթ (Aztag Daily), Լիբանան։ Բոլոր իրաւունքները պահպանուած են։