Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ՆԱԽԱԳԱՀ ՍԼԷՅՄԱՆ – ՊԱՆ ՔԻ ՄՈՒՆ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄ

September 24, 2011
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter
Քի Մուն եւ նախագահ Սլէյման

Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյման երէկ Նիւ Եորքի մէջ հանդիպում մը ունեցաւ ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդի ընդհանուր քարտուղար Պան Քի Մունի հետ:

Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան շրջանային իրադարձութիւնները, հարաւային Լիբանանի զարգացումները, ինչպէս նաեւ հարաւի մէջ տեղակայուած ՖԻՆԻՒԼ-ի միջազգային խաղաղապահ ուժերուն եւ լիբանանեան բանակին միջեւ գործակցութեան կարելիութիւնները:

Քի Մունի տեղեկատու գրասենեակին կողմէ հրապարակուած հաղորդագրութիւն մը նկատել տուաւ, որ ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարը հանդիպումին ընթացքին հաստատած է Ապահովութեան խորհուրդի թիւ 1701 բանաձեւի տառացի գործադրութեան անհրաժեշտութիւնը, ինչպէս նաեւ Լիբանան-Իսրայէլ սահմանային Կապոյտ գիծը լիբանանեան քաղաքական բոլոր ուժերուն կողմէ յարգելու անհրաժեշտութիւնը:

Ըստ հաղորդագրութեան, Քի Մուն վերահաստատած է, որ ինք կատարելապէս կը զօրակցի Լիբանանի յատուկ Միջազգային դատական ատեանին եւ կոչ կ՛ուղղէ Լիբանանին, որ այդ առումով իր ստանձնած յանձնառութիւններուն պատասխանատու մնայ:

Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան նաեւ լիբանանեան ջուրերուն մէջ գտնուող բնական հարստութիւն նկատուող քարիւղի հանքերուն պեղման կարելիութիւնները:

Յայտնենք, որ նախագահ Սլէյման` հանդիպում մը ունենալէ ետք ՄԱԿ-ի մէջ Լիբանանի մնայուն ներկայացուցիչ Նաուաֆ Սալամի հետ, Ապահովութեան խորհուրդին մէջ նախագահեց կանխարգիլման դիւանագիտութեան վերաբերող նիստին:

Նախագահ Սլէյման նշեց, որ որոշ շրջանի մէջ տեղակայուած միջազգային խաղաղապահ ուժերուն գոյութիւնը կանխարգիլման դիւանագիտութեան մաս կազմող ազդակ մըն է:

Ան նկատել տուաւ, որ Լիբանան իր հարաւային շրջաններուն մէջ տեղակայուած ՖԻՆԻՒԼ-ի միջազգային խաղաղապահ ուժերուն փորձառութենէն լաւապէս օգտուած է 1978-էն ի վեր:

Նախագահ Սլէյման նաեւ շեշտեց, որ Ապահովութեան խորհուրդին կողմէ թիւ 1701 բանաձեւին հրապարակումը իր կարգին եղած է օգտակար` կասեցնելու համար Լիբանանի դէմ սանձազերծուած 2006-ի յուլիսեան պատերազմը:

Նախագահ Սլէյման կոչ ուղղեց միջազգային ընտանիքին` ճնշում բանեցնելու Իսրայէլի վրայ, որպէսզի ան հեռանայ լիբանանեան բռնագրաւուած հողերէն, վերջ տայ Լիբանանի դէմ իր սպառնալիքներուն եւ կասեցնէ Լիբանանի վերեւ իր կատարած թռիչքները:

Նախագահ Սլէյման ընդգծեց, որ Լիբանան կը դատապարտէ ամէն տեսակի ահաբեկչութիւն եւ կը պայքարի անոր դէմ:

 

Նախորդը

ՌՈՒՄԻԷԻ ԲԱՆՏԻՆ ՄԷՋ ԲԱԽՈՒՄ` ՖԱԹՀ ԻՍԼԱՄԻ ԱՐԳԵԼԱՓԱԿԵԱԼՆԵՐՈՒՆ ԵՒ ԲԱՆՏԱՊԱՀՆԵՐՈՒՆ ՄԻՋԵՒ

Յաջորդը

ՌԱՅԻ ՊԱՏՐԻԱՐՔԸ ԱՅՍՕՐ Կ՛ԱՅՑԵԼԷ ՀԱՐԱՒԱՅԻՆ ԼԻԲԱՆԱՆ

RelatedPosts

Աուն – Սալամ Հանդիպում
Գլխաւոր լուրեր

Աուն – Սալամ Հանդիպում

November 25, 2026
Նախագահ Աուն Շնորհաւորական Նամակներ Ստացաւ.  Մաքրոն. «Ֆրանսան Պիտի Շարունակէ Ներկայ Վճռորոշ  Փուլին Լիբանանի Եւ Անոր Ժողովուրդին Կողքին Կանգնիլ»
Գլխաւոր լուրեր

Նախագահ Աուն Շնորհաւորական Նամակներ Ստացաւ. Մաքրոն. «Ֆրանսան Պիտի Շարունակէ Ներկայ Վճռորոշ Փուլին Լիբանանի Եւ Անոր Ժողովուրդին Կողքին Կանգնիլ»

November 25, 2026
Խորհրդարանի Արտաքին Յարաբերութիւններու  Յանձնախումբը Հանդիպում Ունեցաւ  Ֆրանսական Խորհրդարանական  Պատուիրակութեան Մը Հետ
Լիբանանեան

Խորհրդարանի Արտաքին Յարաբերութիւններու Յանձնախումբը Հանդիպում Ունեցաւ Ֆրանսական Խորհրդարանական Պատուիրակութեան Մը Հետ

November 25, 2026
  • Գլխաւոր
  • Մեր մասին
  • Նուիրատուութիւն
  • Կապեր
  • Կապ մեզի հետ
  • PDF արխիւ
Powered by Alienative.net

© 2026 «Ազդակ» Օրաթերթ (Aztag Daily), Լիբանան։ Բոլոր իրաւունքները պահպանուած են։

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2026 «Ազդակ» Օրաթերթ (Aztag Daily), Լիբանան։ Բոլոր իրաւունքները պահպանուած են։