Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հենրիխ Մխիթարեան. «Նշանակութիւն Չունի, Թէ Որքա՛ն Վճարած Են Ինծի Համար»

July 28, 2016
| Մարզական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Henrikh_72716

Մանչեսթըր Եունայթըտի նորեկ, Հայաստանի ազգային հաւաքականի միջնապահ Հենրիխ Մխիթարեան վստահ չէ, որ կ՛ունենայ մնայուն տեղ անգլիական խումբի  հիմնական կազմին մէջ:

«Նշանակութիւն չունի, թէ որքա՛ն վճարած են իմ փոխանցումիս համար` 38 միլիոն կամ 40 միլիոն, ես երաշխաւորուած տեղ չունիմ հիմնական կազմին մէջ: Ես կը ձգտիմ ընել առաւելագոյնը մարզումներու ժամանակ, որպէսզի նուաճեմ տեղս: Յառաջիկային կը տեսնենք` կը խաղա՞մ ամէն խաղի, թէ՞ ոչ: Ատիկա կախուած է մարտավարական իրավիճակէն, կախուած է մրցակիցէն: Բայց ես կ՛ընեմ կարելին, որպէսզի օգնեմ խումբիս», ըսաւ Հենրիխ Մխիթարեան` «Կարտիըն» թերթին հետ զրոյցին ընթացքին:

«Իմ երազս միշտ եղած է Փրեմիըր Լիկին (Անգլիոյ բարձրագոյն դասակարգ) մէջ խաղալը: Եւ վերջապէս, ես կատարեցի իմ երազս: Այժմ շատ ուրախ եմ խաղալ այս տարազով: Մանչեսթըր Եունայթըտ եղած է այն խումբերէն մէկը, որուն համակիր եղած եմ մանկութեանս տարիներուն: Երազս է այսպիսի մեծ ակումբի մէջ խաղալը:

«Ես ոչինչ կը խոստանամ: Ես միշտ կ՛ըսեմ, որ կը ձգտիմ ընել: Ասիկա նոր մարտահրաւէր է ինծի համար, ես կը սիրեմ դժուարութիւնները: Ես կը սիրեմ յաղթահարել դժուարութիւններ, որովհետեւ երբ կը յաղթահարես, դուն  կը դառնաս աւելի ուժեղ:

«Եթէ անկեղծ ըլլանք, ինծի համար նշանակութիւն չունի, թէ ո՛ր դիրքին վրայ կը խաղամ: Ես կը սիրեմ յարձակողի դիրքը, եզրային միջնապահի, յարձակողական միջնապահի: Այդ ամէնը կախուած է մարզիչին որոշումէն», ըսաւ Մխիթարեան:

Ան նաեւ ըսաւ, որ իր երազը եղած է շարունակել կեանքէն  կանուխ հեռացած հօր գործը, դառնալ ֆութպոլիստ:

Hamlet-Mkhitaryan_72716«Հայրս իմ ներշնչանքս էր եւ մղում տուողը: Ես երեխայ էի, ան  կը խաղար արհեստավարժ ֆութպոլ, եւ ես միշտ կ՛երազէի անոր հետ երթալ մարզումներու: Կեանքը կը շարունակուի, եւ ես յոյս ունիմ, որ ան կը հպարտանայ նայելով ինծի երկինքէն: Ես կը ձգտիմ ընել ամէն բան, որպէսզի ան հպարտ ըլլայ ինձմով: Ես տխուր եմ, որովհետեւ կը կարծեմ` ան կ՛օգնէր ինծի իր խօսքերով եւ աջակցութեամբ, բայց այս է կեանքը:

«Ես կը ձգտիմ ընել ամէն բան իմ ընտանիքիս եւ ընկերներուս համար, որոնք կը դիտեն իմ իւրաքանչիւր խաղս: Իմ մայրս եղած է ինծի համար նաեւ հայր: Ես երախտապարտ եմ անոր եւ բոլոր այն մարդոց, որոնք կեանքիս դժուար պահերուն եղած են իմ կողքիս: Մենք ֆութպոլային ընտանիք ենք: Մայրս կ՛աշխատի Հայաստանի ֆութպոլի ֆետերասիոնին մէջ, քոյրս` ԵՈՒԷՖԱ-ի մէջ է», ըսաւ Հենրիխ Մխիթարեան:

Համլեթ Մխիթարեան մահացած է 33 տարեկանին, երբ որդին` Հենրիխ 7 տարեկան էր:

 

Նախորդը

Մարզական Ծիծաղ… Ծիծաղ… Ծիծաղ

Յաջորդը

Ճատրակ. Այսօր` ՀՄԸՄ – Անսար Ճակատումը

RelatedPosts

Գ. Դասակարգի Վիճակաձգութիւններէն Ետք.  ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ Ա. Խմբակին Մաս Պիտի Կազմէ,  Իսկ ՀՄԸՄ Պէյրութ` Բ. Խմբակին
Մարզական

Գ. Դասակարգի Վիճակաձգութիւններէն Ետք. ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ Ա. Խմբակին Մաս Պիտի Կազմէ, Իսկ ՀՄԸՄ Պէյրութ` Բ. Խմբակին

October 28, 2026
Վարդան Մինասեան  Պիտի Գլխաւորէ Նըժմէն
Մարզական

Վարդան Մինասեան Պիտի Գլխաւորէ Նըժմէն

October 28, 2026
Ըմբշամարտ.  Ասլանեան Աշխարհի Ախոյեան` Ազրպէյճանի Մրցակիցին Յաղթելէ Ետք
Մարզական

Ըմբշամարտ. Ասլանեան Աշխարհի Ախոյեան` Ազրպէյճանի Մրցակիցին Յաղթելէ Ետք

October 28, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.