Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ի ՅՈՒՇ. ԸՆԿԵՐ ԽՈՐԷՆԸ

September 24, 2011
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՎՐԷԺ-ԱՐՄԷՆ

Դաշնակցական ընկեր մը կը բաժնուի մեզմէ այսօր. վաստակաւոր ընկեր մը:  Կեանքի օրէնքն է, եւ եկէք վարուինք այնպէս, որ այդ բաժանումը չօգտագործենք պարզապէս անոր բարեմասնութիւնները յիշելու, նոյնիսկ ըսելու իրեն` վարձքդ կատար, ու վերադառնալու մեր առօրեայ գործին, սեփական մտմտուքներուն ու զբաղումներուն: Վստահ եմ, որ ի՛նք` ընկ. Խորէն Մղտեսեանը պիտի չուզէր, որ այդպէս ընենք, ինք, որ կը խորշէր գովք ու գովեստ լսելէ, կը խուսափէր մեծարանքներէ: Եկէք` օգտուինք այս առիթէն ու այնպէս ընենք, որ ան շարունակէ ապրիլ մեզմէ իւրաքանչիւրին մէջ, որպէս ուսուցիչ, որպէս տիպար ազգային ու օրինակելի կուսակցական` մեզի ուղղութիւն տալու համար, մեզի տեւաբար յուշելու, թէ ինչպէ՛ս պէտք է ծառայենք ազգին:

Անշահախնդրօրէ՛ն, անտրտո՛ւնջ, անընդմէ՛ջ, սիրով ու գուրգուրանքով, խանդավառութեա՛մբ, ապրումի վերածելով կեանքի իւրաքանչիւր վայրկեանը, համակ նուիրումով` իր կարողութիւններն ու ուժերը ամբողջութեամբ դնելով ի սպաս հաւաքական բարօրութեան:

Այն աշխատանքները, որուն ձեռնարկած էր, կամ` որոնց բերած էր իր մասնակցութիւնը, միշտ յաջողութեամբ պսակուած էին շնորհիւ իր տքնաջան աշխատանքին, բծախնդրութեան, մանաւանդ` կազմակերպական տաղանդին, որով շատերը կը լծէր գործի` անոնց վստահութիւնը վայելելով իր հեզահամբոյր նկարագրով ու գործակցութիւնը ապահովելով իր յարատեւութեամբ ու համոզելու, սիրաշահելու կարողութեամբ:

Ի զուր չէ, որ առիթով մը, երբ իր թաղի այնքան սիրելի Թորգոմեան վարժարանը փակուելու վտանգին առջեւ կը գտնուէր, ու Ամերիկայի մէջ տեղ մը նախկին սաներ ու գործակիցներ հաւաքուած էի նիւթական կռուաններ գոյացնելու համար, հետեւեալ վկայութիւնը կը տրուէր իր մասին. «Պրն. Խորէն Մղտեսեան միայն ՏՆՕՐԷՆ չէ դպրոցին եւ բոլորիս համար. ան աշակերտներուն համար ԾՆՈՂ է, ծնողներուն համար` ՍՐՏԱԿԻՑ ԲԱՐԵԿԱՄ է, օգնող, հասնող, կարգադրող, ուսուցիչներուս համար` ՀԱՐԱԶԱՏ մը, քաջալերող, գնահատող, դժուարութիւնները իմաստուն կերպով հարթող: Բազմակողմանի կարողութիւններով օժտուած, կազմակերպական ձիրք ունեցող անձնաւորութիւն մըն է պրն. Մղտեսեան…«:

Ի զուր չէ, որ շուրջ կէս դար, իբրեւ դաստիարակ ու տնօրէն, իբրեւ վարչութեան մը կամ յանձնախումբի մը ատենապետ թէ լոկ անդամ, գործելէ ետք կրթական, մշակութային թէ ազգային-կուսակցական ասպարէզներէն ներս, երբ կը պատրաստուէր Լիբանանէն մեկնելու եւ գալ ու Քանատա` զաւակներուն մօտ հանգստեան կոչուելու, Հայաշէնի թաղական խորհուրդը ողջերթի իր խօսքին մէջ «այս բոլորը ձեզի կը պարտինք, սիրելի տնօրէն» կ՛ըսէին` ակնարկելով այն սիրոյն ու գուրգուրանքին, որ թաղեցիները սորված էին ցոյց տալ իրարու հանդէպ, թաղի՛ն հանդէպ, հայութեան ու հայ լեզուին ու մշակոյթին հանդէպ: Իր օրինակը չափազանց վարակիչ էր եղած, ու սերունդեր դաստիարակուած էին իր շունչին տակ` հաւատարիմ մնալու ազգային արժէքներուն:

Կարելի չէ իրարմէ անջատել Խորէն Մղտեսեանի գործունէութեան տարբեր բաժինները, որովհետեւ ինք կը գործէր որպէս իսկական ուխտեալ, մէկ օր զինուոր, միւս օր` վարժապետ, ինչպէս կը բնութագրէր դաշնակցականը` իր ուսուցիչներէն Նիկոլ Աղբալեան, կը գործէր սրտցաւութեամբ, մինչեւ վերջին շունչ նուիրումի պատրաստակամութեամբ:

Ահա ա՛յս տեսակ մարդու մը, ընկերոջ մը յիշատակին առջեւ խոնարհինք պահ մը:

 

(Դամբանական` խօսուած յանուն ՀՅԴ «Միհրան Փափազեան» կոմիտէին ու Համազգային հայ կրթական եւ մշակութային միութեան, 17 օգոստոսին, Մոնրէալի Ս.Յակոբ առաջնորդանիստ եկեղեցւոյ մէջ)

 

Նախորդը

ՏԵՐԵՒԱԹԱՓ. ՎԱՍՏԱԿԱՇԱՏ ԱՆՁՆԱՒՈՐՈՒԹԻՒՆ ՄԸ

Յաջորդը

ԱՆԻ ՔԻՒՐՔՃԵԱՆԻ, ԱՐԹԻՒՐ ԿԻԼԻԿԵԱՆԻ, ԱՄԻՆ ՍԱՅԵՂԻ ԵՒ ՍԻՄՈՆ ԽԱՇՇԱՆԻ ԳԵՂԱՆԿԱՐՆԵՐՈՒ ՀԱՒԱՔԱԿԱՆ ՑՈՒՑԱՀԱՆԴԷՍ

RelatedPosts

Բարոյական Ուժը
Անդրադարձ

ՀՅ Դաշնակցութիւնը` Պատնէշին Վրայ, Աւելի Քան Երբեք

November 25, 2026
Բարոյական Ուժը
Անդրադարձ

Տոքթ. Բաբգէն Փափազեանի Արխիւէն. Դաշնակցական Ընկերոջ Օրինակը Ընկեր Մ. Պարոնեան

November 25, 2026
Խմբագրական «Մարզիկ»-ի- Թիւ 442-ի.  Նշաձողը Բարձր Պահելու Հրամայականը
Անդրադարձ

Նշաձողը Բարձր Պահելու Հրամայականը` Հաստատութենական Հեռանկարով

November 25, 2026
  • Գլխաւոր
  • Մեր մասին
  • Նուիրատուութիւն
  • Կապեր
  • Կապ մեզի հետ
  • PDF արխիւ
Powered by Alienative.net

© 2026 «Ազդակ» Օրաթերթ (Aztag Daily), Լիբանան։ Բոլոր իրաւունքները պահպանուած են։

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2026 «Ազդակ» Օրաթերթ (Aztag Daily), Լիբանան։ Բոլոր իրաւունքները պահպանուած են։