Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Մընպեժի Ազատագրումէն Ետք, Յաջորդ Թիրախը Պիտի Ըլլայ Դէպի Ռաքքա» Կ՛ըսէ Մքկըրք

July 25, 2016
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Mcgurk_72416

ՏԱՀԵՇ-ի դէմ պայքարի միջազգային դաշինքին մօտ Միացեալ Նահանգներու նախագահի յատուկ պատուիրակ Պրեթ Մքկըրք յայտնեց, որ ՏԱՀԵՇ-ի կողմէ հողային լայն տարածքներու տիրապետման օրերը անցած են` նշելով, որ Միջազգային դաշինքը իր ուշադրութիւնը կեդրոնացուցած է ՏԱՀԵՇ-ը Սուրիոյ եւ Իրաքի մէջ պարտութեան մատնելուն վրայ:

Ան պատկերասփռուած զրոյցի մը ընթացքին յայտնեց, որ Միջազգային դաշինքի յառաջիկայ հանգրուանի ռազմավարութիւնը կը կեդրոնանայ մեծ արդիւնքներ արձանագրելու նպատակով` տեղւոյն բնակիչները ՏԱՀԵՇ-ի դէմ կռիւին մասնակից դարձնելուն վրայ:

Ան ըսաւ, որ ՏԱՀԵՇ բուռն կերպով կը պաշտպանէ Մընպեժը, որովհետեւ զինեալներու եւ զէնք-զինամթերքի մատակարարման գլխաւոր միջանցքն է` աւելցնելով, որ Սուրիոյ Մընպեժ գիւղի ազատագրումէն ետք, յաջորդ թիրախը պիտի ըլլայ ՏԱՀԵՇ-ի կեդրոնատեղին` Ռաքքան:

Ան նշեց, որ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Պարաք Օպամա այդ նպատակի իրագործման համար հրամայած է 3 հազար մասնայատուկ ուժեր տեղակայել` աւելցնելով, որ ՏԱՀԵՇ Իրաքի մէջ իր գրաւած հողերուն 60 առ հարիւրը կորսնցուցած է:

Ինչ կը վերաբերի Սուրիոյ մէջ Ռուսիոյ հետ համակարգումի հարցին` Մքկըրք յայտնեց, որ Ժապհաթ Նուսրայի դէմ հարուածներու շուրջ համակարգում գոյութիւն ունի, սակայն ռուսերը պէտք է յարգեն համաձայնութեան նկատմամբ իր յանձնառութիւնը` ճնշում բանեցնելով սուրիական կառավարութեան վրայ, «որ շարունակ կը խախտէ համաձայնութիւնը»:

Ան բացառեց Ռուսիոյ` ՏԱՀԵՇ-ի դէմ պայքարի Միջազգային դաշինքին մաս կազմելը` նշելով, որ իր երկիրը «վստահութիւն չունի Մոսկուայի վրայ», որ ռազմական ու նիւթական աջակցութիւն կը ցուցաբերէ սուրիական կառավարութեան:

Մքկըրք վերահաստատեց իր երկրին այն կեցուածքը, թէ Սուրիոյ մէջ կարիքը կայ առանց Ասատի մասնակցութեան քաղաքական փոխանցումի մը` նշելով, որ Սուրիոյ նախագահը չի կրնար երկրին մէջ կայունութիւնը վերահաստատել:

 

 

Նախորդը

Թուրքիոյ Նախագահական Պահակագունդը Պիտի Լուծարուի

Յաջորդը

Սուրիացի Տեղահանուած Մը Յարձակում Գործեց Շթութկարթի Մէջ

RelatedPosts

Իսրայէլի Մէջ Այսօրուան  Ընտրութիւններուն Նախօրեակին.  Թրամփ Իսրայէլացիներուն Դարձեալ  Կոչ Ուղղեց Նեթանիահուին Քուէարկելու
Գլխաւոր լուրեր

Իսրայէլի Մէջ Այսօրուան Ընտրութիւններուն Նախօրեակին. Թրամփ Իսրայէլացիներուն Դարձեալ Կոչ Ուղղեց Նեթանիահուին Քուէարկելու

October 27, 2026
Պաղայի. «Իրան Դիւանագիտական  Պատուհանը Չփակեց»
Գլխաւոր լուրեր

Պաղայի. «Իրան Դիւանագիտական Պատուհանը Չփակեց»

October 27, 2026
Զելենսքի Նոյեմբերին Քիեւի, Մոսկուայի  Եւ Ուաշինկթընի Միջեւ Եռակողմ Ժողովի  Գումարումը Կը Հաստատէ
Միջազգային

Զելենսքի Նոյեմբերին Քիեւի, Մոսկուայի Եւ Ուաշինկթընի Միջեւ Եռակողմ Ժողովի Գումարումը Կը Հաստատէ

October 27, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.