Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

50 ՏԱՐԻ ԱՌԱՋ (24 ՍԵՊՏԵՄԲԵՐ 1961)

September 24, 2011
| 50 Տարի Առաջ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԿԵԱՆՔ

ՀԱՅԱՍՏԱՆ

ՕՏԱՐ ԼՐԱԳՐՈՂՆԵՐՈՒ
ՏՊԱՒՈՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ

Մէկ շաբաթ Երեւան գտնուած են օտար 17 երկիրներու թերթերու եւ հեռագրական գործակալութիւններու հաշուոյն Մոսկուա աշխատող մեծ թիւով լրագրողներ: Հիւրերը ծանօթացած են Հայաստանի տնտեսութեան, մշակոյթին, բազմաթիւ հանդիպումներ ունեցած են մտաւորականներու եւ բանուորներու հետ: Այցելած են գործարաններ, Մատենադարան, Բիւրական եւ Սեւան:

Մեկնելէ առաջ շատեր յայտնած են իրենց տպաւորութիւնները: Ահա մէկ-երկուքը:

– Հայաստանի մէջ իմ վրաս մեծ տպաւորութիւն ձգեց Մատենադարանը: Հոս ես տեսայ հայ ազգին մեծահարուստ մշակոյթին կենդանի վկաները: Այս տեսակ մշակոյթ եւ գիտութիւն ունեցող ազգի մը կարելի չէ պզտիկ ըսել (Դաշնակցային Գերմանիոյ «Տ. Պ. Ա.» գործակալութեան թղթակիցը):

– Արարատի աչք շոյող պատկերը, Սեւանի կապոյտ ջուրերու մեղմ ծփանքը, Այղր լիճին կապտորակ տեսարանը, քառագագաթ Արագածը եւ Արայի լեռը, ձեր գեղեցիկ մայրաքաղաքը սիրտս անսահման  ուրախութեամբ լեցուցին: Ըստ իս, Հայաստան դայցելել` պիտի նշանակէր կորսնցնել շատ արժէքաւոր բան մը («Քանատիըն Թրիպիւն»):

 

Յ. ՕՐԲԷԼԻԻ ՅԻՇԱՏԱԿԻՆ

Հայաստանի գիտութիւններու ակադեմիայի դիւանին որոշումով ականաւոր արեւելագէտ, Գիտութիւններու ակադեմիայի առաջին նախագահ, ակադ. Յովսէփ Օրբէլիի յիշատակը յաւերժացնելու համար գիտնականին մարմարեայ կիսանդրին պիտի զետեղուի ակադեմիայի գլխաւոր շէնքին շքասրահին մէջ, ինչպէս նաեւ մարմարէ յուշատախտակ մը պիտի զետեղուի հայ գիտնականին 1942-1946-ին ապրած տան շէնքին վրայ (Երեւան, Ստալին, Պողոտայ, թիւ 39):

Միեւնոյն ատեն յանձնարարուած է հրատարակել Յովհաննէս Օրբէլիի գիտական աշխատանքներու հաւաքածոն:

 

ՆԿԱՐԱՀԱՆԴԷՍ

Երեւանի պետական պատկերասրահին մէջ բացուած է 19-րդ դարու եւ ժամանակակից ֆրանսացի նկարիչներու յիսուն կտաւներուն արտանկարներու (ռըփրոտիւքսիոն) ցուցահանդէսը: Նուրբ, մեծ ճաշակով կատարուած այդ արտանկարները մեծ տպաւորութիւն կը թողուն այցելուներուն վրայ: Արդարեւ, Սեղանի, Մանէի, Տըկայի, Կոկենի, Մարքէի, Ռենուարի, Մաթիսի, Մոտիլիանիի, Փիքասոյի եւ ուրիշ մեծ վարպետներու գեղեցիկ արուեստը «պայծառ լոյսով կը լեցնէ դիտողին հոգին», կը գրէ «Գրական թերթ»ը: Նոյն թերթին համաձայն, Երեւանի արուեստասէր հասարակութիւնը ջերմ հետաքրքրութիւն ցոյց կու տայ ցուցահանդէսին հանդէպ, որ երեք ամիս պիտի տեւէ:

 

Ա. ՍԵԴՐԱԿԵԱՆ ՔԱԼԻՖՈՐՆԻՈՅ
ՉԱՄԻՉԻ ԽՈՐՀՈՒՐԴԻ ԱՏԵՆԱՊԵՏ

Ուրախութեամբ կը տեղեկանանք, որ Ա. Սեդրակեան ընտրուած է իբրեւ առաջին ատենապետ` եւ դաշնակցային այն յանձնախումբին, որ խորհրդատուն պիտի ըլլայ գինիի խաղողներու գործերու: Այս պաշտօնին ընտրուած է, միաձայնութեամբ, «Քալիֆորնիըն» պանդոկի մէջ գումարուած 250 անձերու հաւաքոյթին մէջ:

1949-էն ի վեր ան արդէն ատենապետն է Չամիչի դաշնակցային խորհուրդին: Ինքն էր, որ աշխատեցաւ յաջողցնել գինիի խաղողներու նոր կարգադրութեան վաւերացումը: Այս կարգադրութեան հակառակորդները թեկնածու չներկայացուցին ատենապետութեան պաշտօնին, եւ գոհ են Հարրի Պաչզիկալուփիի` իբրեւ փոխնախագահի ընտրութենէն:

 

ԵԹՈՎՊԱԿԱՆ ՊԱՏՈՒԻՐԱԿՈՒԹԻՒՆ ՄԸ
ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՄԷՋ

Ամենայն Հայոց կաթողիկոսութեան «Էջմիածին» ամսաթերթը կը գրէ, թէ մասնաւոր հրաւէրով Էջմիածին այցելած է եթովպական քոյր եկեղեցիէն պատուիրակութիւն մը, որ կը բաղկանար չորս անձերէ: Պատուիրակութեան կ՛ընկերանար Մոսկուայի եւ համայն Ռուսիոյ պատրիարքութեան ներկայացուցիչ հայր Ֆիլատեր: Հիւրերը ջերմ ընդունելութեան արժանացան:

Նախորդը

Օդերեւոյթ (24 սեպտեմբեր 2011)

Յաջորդը

ԳՐՉԱՏՈՒՓԻՆ ՄԷՋ

RelatedPosts

aztag-f
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (18 Մարտ 1970)

March 18, 2020
aztag-f
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (17 Մարտ 1970)

March 17, 2020
aztag-f
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (16 Մարտ 1970)

March 16, 2020
  • Գլխաւոր
  • Մեր մասին
  • Նուիրատուութիւն
  • Կապեր
  • Կապ մեզի հետ
  • PDF արխիւ
Powered by Alienative.net

© 2026 «Ազդակ» Օրաթերթ (Aztag Daily), Լիբանան։ Բոլոր իրաւունքները պահպանուած են։

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2026 «Ազդակ» Օրաթերթ (Aztag Daily), Լիբանան։ Բոլոր իրաւունքները պահպանուած են։