Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Երեւանի Մէջ Խումբ Մը Զինեալներ Բռնի Ուժով Մուտք Կը Գործեն Ոստիկանութեան Կեդրոն

July 18, 2016
| Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

aadz-1

Երէկ առաւօտեան խումբ մը զինուած անձինք մտած են Հայաստանի Հանրապետութեան ոստիկանութեան պարեկապահակային ծառայութեան գունդի տարածք եւ բռնութեան սպառնալիքով պահեցին այնտեղ գտնուող անձերը: Այս մասին նշուած է Հայաստանի Հանրապետութեան Ազգային անվտանգութեան ծառայութեան (ԱԱԾ) յայտարարութեան մէջ:

Միաժամանակ զինեալներուն կողմնակիցները լրատուամիջոցներով եւ ընկերային ցանցերով պարբերաբար ապատեղեկատուութիւն տարածեցին զինեալ ապստամբութեան սկսելու, շէնքեր եւ շինութիւններ գրաւելու մասին: Հայաստանի Հանրապետութեան Ազգային անվտանգութեան ծառայութիւնը պաշտօնապէս յայտարարեց, որ տարածուող տեղեկատուութիւնը բացարձակապէս չի համապատասխաներ իրականութեան:

Ըստ ԱԱԾ-ի, պետական իշխանութեան մարմինները կը գործեն բնականոն կարգով, իսկ իրաւապահ մարմինները յաւուր պատշաճի կ՛իրականացնեն օրէնքով իրենց վերապահուած հասարակական կարգի պահպանութեան եւ պետական անվտանգութեան ապահովման գործառոյթները: Զինուած անձերուն հետ տեղի ունեցան բանակցութիւններ` Հայաստանի  իշխանութիւններուն անոնց խաղաղ յանձնուիլը կազմակերպելու համար:

«Կը վստահեցնենք, որ ինչպէս այս, այնպէս ալ որեւէ այլ անօրինական գործողութիւն անյապաղ պիտի խափանուի իրաւապահ մարմիններուն  կողմէ, իսկ այդ գործողութիւնները կատարած անձինք պիտի չէզոքացուին եւ պատասխանատուութիւն պիտի կրեն Հայաստանի Հանրապետութեան օրէնսդրութեամբ սահմանուած կարգով», ըսուած է Ազգային անվտանգութեան ծառայութեան հաղորդագրութեան մէջ:

Երկրորդ հաղորդագրութեամբ, Ազգային անվտանգութեան ծառայութիւնը փոխանցած է. «Խումբ մը զինուած անձինք պատանդ վերցուցած են ոստիկանութեան սահմանափակ թիւով ծառայողներ` անոնց ազատ արձակման դիմաց պահանջելով ազատ արձակել մօտ մէկ ամիս առաջ խումբ մը անձերու կողմէ ապօրինի կերպով զէնք եւ ռազմամթերք ձեռք բերելը, փոխադրելը եւ պահելը կազմակերպելու մեղադրանքով ձերբակալուած Ժիրայր Սէֆիլեանը: Մէկ ոստիկան զոհուած է, երկու` վիրաւորուած: Ապօրինաբար արգելափակուած տարածքին մէջ գտնուող զինուած անձերուն յանցաւոր գործողութիւններու կասեցման ու խափանման առնչուող քայլերու ծիրին մէջ յատուկ նշանակութեան ստորաբաժանումներու կողմէ ազատ արձակուած է երկու պատանդ:

«Հայաստանի Հանրապետութեան իրաւապահ մարմինները ամբողջութեամբ կը վերահսկեն իրավիճակին եւ կը ձեռնարկեն բոլոր անհրաժեշտ միջոցներու` հանգուցալուծման հասնելու համար: Միաժամանակ Ազգային անվտանգութեան ծառայութիւնը կոչ կ՛ուղղէ լրատուամիջոցներուն` տեղեկատուութիւն տարածելու ընթացքին օգտագործելու միայն պաշտօնական աղբիւրներէ ստացուած տուեալները, որովհետեւ հակառակ պարագային սփռուող ապատեղեկատուութիւնը պիտի նպաստէ ձեռնարկուած յանցաւոր գործողութիւններու իրականացման, վտանգ պիտի հանդիսանայ մարդոց կեանքին եւ առողջութեան», ըսուած է յայտարարութեան մէջ:

 

 

Նախորդը

Զէնքով, Բռնութեամբ, Պատանդներով, Ահաբեկչութեամբ Հարցեր Պիտի Չլուծուին

Յաջորդը

Նախագահներ Սարգսեան – Սահակեան Հանդիպում

RelatedPosts

Կառավարութեան Գործունէութեան  Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը  Այսօր Եւս Կը Շարունակուի
Գլխաւոր լուրեր

Կառավարութեան Գործունէութեան Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը Այսօր Եւս Կը Շարունակուի

September 16, 2026
Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ  Ճափոնի Դեսպանին
Գլխաւոր լուրեր

Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ Ճափոնի Դեսպանին

September 16, 2026
Նախագահ Աուն. «Միջազգային Ընտանիքը  Հրաւիրուած Է Միջամտելու` Արգիլելու  Համար Իսրայէլի Բռնարարքները»
Գլխաւոր լուրեր

Ընդհանուր Դատախազութիւնը Պէյրութի Նաւահանգիստի Պայթումին Հարցով Պահանջեց Ամբաստանել Նախկին Նախագահ Միշէլ Աունը

September 16, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.