Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ՀՄԸՄ-ի Կեդրոնական Վարչութեան «Մարզիկ» Պաշտօնաթերթի 35-Ամեակի Հանդիսութեան Կեդրոնական Վարչութեան Ատենապետ Գառնիկ Մկրտիչեանի Արտասանած Խօսքը

July 18, 2016
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

 

MARZIG400-(446)ff

ՀՄԸՄ-ի մայր կանոնագրին «Միջոցներ» բաժնին չորրորդ կէտը կը հաստատէ, որ միութիւնը իր նպատակը կ’իրագործէ «Հրատարակութիւններով, հայոց լեզուի, պատմութեան եւ ՀՄԸՄ-ի աշխատանքներուն նպաստող մշակութային ձեռնարկներով»:

Հրատարակութիւնները թերթը, գիրքը եւ ալպոմ-յուշամատեաններն են, որոնք յատուկ տեղ եւ կարեւորութիւն ունին ՀՄԸՄ-ի պատմութեան մէջ: ՀՄԸՄ-ը ի՛նք ծնունդն է թերթի մը` Պոլսոյ «Մարմնամարզ»-ին: ՀՄԸՄ-ի հիմնադիրները «Մարմնամարզ»-ի շուրջ բոլորուած մտաւորականներն էին` Շաւարշ Քրիսեան, Յովհաննէս Հինդլեան, Գրիգոր Յակոբեան եւ ուրիշներ, որոնք թերթի եւ գրականութեան ճամբով կը ձգտէին հայ երիտասարդութեան ազգային ու ֆիզիքական դաստիարակութեան նպաստել եւ բոլորը համախմբել համահայկական միացեալ դրօշի տակ:

«Մարմնամարզ»-ը կ’ունենայ միայն 4 տարուան կեանք, որովհետեւ Հայոց ցեղասպանութիւնը ծանր հարուած կը հասցնէ ո՛չ միայն հայ մարմնակրթական շարժումին, այլեւ` բովանդակ հայ կեանքին: «Մարմնամարզ»-ի հրատարակութիւնը կը խափանուի, իսկ խմբագիր Շաւարշ Քրիսեանը կը նահատակուի Այաշի տխրահռչակ բանտին մէջ:

«Մարմնամարզ»-ին կը յաջորդէ «Հայ սկաուտ»-ը, որ կը հրատարակուի հոկտեմբեր 1919-ին, միութեան հիմնադրութենէն հազիւ տարի մը ետք, երբ միութեան հիմնադիրները կազմակերպական իրենց առաջին քայլերը կ’առնէին եւ որբախնամի դժուարին աշխատանք կը կատարէին: Տագնապալի այդ օրերուն նիւթական կարելիութիւններ գրեթէ գոյութիւն չունէին, իսկ միութենական գործունէութեան բնականոն պայմաններ գրեթէ չկային, բայց ՀՄԸՄ-ի պատասխանատուներուն համար հայ թերթը կը ներկայացնէր առաջնահերթ կարեւորութիւն, որուն համար անոնք յանձն կ’առնէին ամէն զոհողութիւն` իրենց խօսքն ու կեցուածքը փոխանցելու համար նոր սերունդին:

Դժբախտաբար «Հայ սկաուտ» եւս կը մատնուի «Մարմնամարզ»-ի ճակատագրին, երբ Հայաստանի խորհրդայնացումով եւ քեմալական շարժումով ՀՄԸՄ կը ստիպուի անցնիլ սփիւռք, ուր տարբեր ժամանակներու մէջ ան կ’ունենայ տարբեր հրատարակութիւններ` «Արի», «Հայ սկաուտ», «Հայ արի», «Նոր սերունդ», «Արեւելք Մարզաշխարհ» եւ այլն: Այսպէս, գիրն ու գրականութիւնը միշտ առկայ կ’ըլլան միութեան պատասխանատուներու հետաքրքրութեան դաշտին մէջ:

Այս բոլորին բնական շարունակութիւնը կը հանդիսանայ «Մարզիկ» պաշտօնաթերթը, որուն հրատարակութեան 35-ամեակը եւ 400-րդ թիւին հրատարակութիւնը կը տօնենք այսօր: «Մարզիկ» հարազատ ժառանգորդը կը հանդիսանայ ՀՄԸՄ-ական պատմական մամուլին, որուն առաքելութեան եւ դերակատարութեան ջերմ պաշտպանները եղած են ու կը մնան ՀՄԸՄ-ի յաջորդական կեդրոնական վարչութիւնները եւ անոնց կողքին գործած «Մարզիկ»-ի վարչութիւնները:

Արդարեւ, «Մարզիկ» ծնունդ կ’առնէ լիբանանեան պատերազմի դժուարին օրերուն եւ 35 տարիէ ընթերցողներուն կը հասնի տեսակ-տեսակ դժուարութիւններ յաղթահարելով` նիւթական դժուարութենէն մինչեւ մարդուժի դժուարութիւն, հասնելու համար այսօրուան ընկերային ցանցերու մրցակցութեան չդիմացող տպագիր մամուլի դժուարութիւններուն: Իսկ մեր պարագային, իբրեւ հայութիւն, չմոռնանք նաեւ հայերէնի նահանջը քիչ մը ամէն տեղ, ինչ որ մեծ ճիգ եւ ներդրում կ’ենթադրէ «Մարզիկ»-ի նման թերթ մը կանգուն պահելու համար:

Եթէ չըլլար առաքելութեան ըմբռնումը, եթէ չըլլար միութեան նպատակներուն իբրեւ միջոց ծառայելու գիտակցութիւնը, հաւանաբար «Մարզիկ» շատոնց դադրած ըլլար: «Մարզիկ»-ը, սակայն, սովորական մարզական կամ սկաուտական թերթ մը չէ, որ կարճատեւ կեանք ունենայ: «Մարզիկ» ՀՄԸՄ-ի նպատակները տարածողն է, ՀՄԸՄ-ի արժէքները ծանօթացնողն է, ՀՄԸՄ-ի նուիրեալները անմահացնողն է, հետեւաբար ան կենսական պահանջ է եւ մնայուն անհրաժեշտութիւն:

Յառաջիկային «Մարզիկ» կրնայ ստանալ տարբեր տեսք` տպագիր, ելեկտրոնային թէ այլ, սակայն ան չի դադրիր ՀՄԸՄ-ի ձայնը ըլլալէ, «Կամաւոր բանակ»-ին հարազատ դիմագիծը ներկայացնելէ: Աչքէ՛ անցուցէք «Մարզիկ»-ի 35 տարուան թիւերը եւ պիտի հաստատէք բոլոր ըսուածներուն ճշմարտութիւնը: «Մարզիկ» եղաւ ու մնաց ՀՄԸՄ-ի հայելին, պատմութեան արխիւներու շտեմարանը եւ միութեան ամէնօրեայ կեանքը արձանագրող յուշամատեանը: «Մարզիկ» երեք սերունդի վկայարանը եղաւ: Թերթին մէջ պիտի գտնէք ՀՄԸՄ-ական մեծ հայրիկը, ծնողն ու թոռնիկը, մէկը վեթերան, երկրորդը վարչական, իսկ երրորդը` կրտսեր մարզիկ թէ սկաուտ:

«Մարզիկ»-ը «Մարզիկ» դարձնողները եղան անոր յաջորդական խմբագիրները, աշխատակիցներն ու ընթերցողները: Եթէ չըլլար բոլորին գուրգուրանքը թերթին նկատմամբ, վստահաբար թերթը շատոնց պատմութեան յանձնուած պիտի ըլլար: Սակայն հակառակին վկաներն ենք մենք այսօր, որովհետեւ «Մարզիկ» այսօր կը հասնի աշխարհի 5 ցամաքամասերու 25 երկիրներու 107 քաղաքներ: Հոն ուր ՀՄԸՄ կայ, հոն «Մարզիկ»-ը ներկայ է: Թերթը ներկայ է նաեւ ելեկտրոնային աշխարհին մէջ, ուր ան երկլեզու ձեւով կը ներկայանայ ՀՄԸՄ-ի համացանցի եւ Դիմատետրի էջերով: Թերթին խմբագրականները կը թարգմանուին անգլերէնի ու սպաներէնի եւ կը հասնին օտարալեզու հազարաւոր միութենականներու եւ ազգայիններու:

ՀՄԸՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան յանձնառութիւնն է «Մարզիկ»-ը, իբրեւ հրատարակութիւն, հայ լեզուի եւ հայոց պատմութեան կարեւոր մէկ մասունքը դարձնել: Առ այդ, ան նոյնքան կարեւորութիւն կը ներկայացնէ` որքան ախոյեանական որեւէ բաժակ կամ սկաուտական որեւէ յաջողութիւն, որովհետեւ ան կը ծառայէ հայակերտման ու հայապահպանման այն նպատակին, որուն համար ստեղծուած է ՀՄԸՄ:

Բաժակները կրնան հիննալ ու ժանգոտիլ, սկաուտական յաջողութիւնները կրնան գնահատուիլ ու մոռցուիլ, բայց ինչ որ պատմութեան կը մնայ, իբրեւ ներշնչման եւ հպարտութեան աղբիւր, գիր եւ գրականութիւնն է, նկարն ու արխիւն է: «Մարզիկ»-ը այդ բոլորն է ու աւելին: Ան ՀՄԸՄ-ի յիշողութիւնն է, հարստութիւնն է եւ խտացումը այն բոլոր արժէքներուն, որոնք այս միութիւնը սովորական մարզական ակումբէ մը կը զատորոշեն եւ սերունդներու դաստիարակութեան կը ծառայեն:

Իր հրատարակութեան 35-րդ տարեդարձին, ՀՄԸՄ-ի մեծ ընտանիքը վարձքը կատար կ’ըսէ «Մարզիկ»-ի հին ու նոր հաւատաւորներուն, բարի երթ կը մաղթէ «Մարզիկ»-ի խմբագրութեան եւ վարչութեան` յուսալով թերթը տեսնել նորանոր բարձունքներու եւ յաջողութիւններու կատարին:

Շնորհաւոր 35-ամեակ:

Յառա՜ջ դէպի 50-ամեակ ու 100-ամեակ:

 

 

Նախորդը

ՀՄԸՄ-ի Կեդրոնական Վարչութեան «Մարզիկ» Պաշտօնաթերթի 35-Ամեակի Հանդիսութեան Յակոբ Հաւաթեանի Արտասանած Խօսքը

Յաջորդը

«Քնար» Պարախումբը Պիտի Մասնակցի «Իմ Հայաստան» Փառատօնին

RelatedPosts

Սթափելու Ժամանակը
Անդրադարձ

Խորհրդարանական Հարցապնդում Եւ Խաղաղութեան Խոստում

September 16, 2026
Հետաքրքրական Եւ Արժէքաւոր Յուշագրութիւն Մը.  Մովսէս Ա. Քհնյ. Շրիգեանի «Յուշեր»-ու Հրատարակութեան Առիթով
Անդրադարձ

Հետաքրքրական Եւ Արժէքաւոր Յուշագրութիւն Մը. Մովսէս Ա. Քհնյ. Շրիգեանի «Յուշեր»-ու Հրատարակութեան Առիթով

September 16, 2026
Ազգային Արժէքներու Եւ Հայ Եկեղեցւոյ Կարեւորութիւնը` Սփիւռքի Մէջ Հայկական Ինքնութեան Պահպանման Համար. Նոր Իրավիճակի Մարտահրաւէրներ
Անդրադարձ

Ազգային Արժէքներու Եւ Հայ Եկեղեցւոյ Կարեւորութիւնը` Սփիւռքի Մէջ Հայկական Ինքնութեան Պահպանման Համար. Նոր Իրավիճակի Մարտահրաւէրներ

September 16, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.