Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Սերժ Սարգսեան Այցելած Է Ֆրանսայի Դեսպանութիւն Եւ Ուղերձ Յղած Ֆրանսուա Հոլլանտին

July 15, 2016
| Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

france_71416

Ֆրանսայի ազգային տօնին առիթով Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեան 14 յուլիսին այցելած է Հայաստանի մէջ Ֆրանսայի դեսպանութիւն, ուր շնորհաւորած է դեսպան Ժան Ֆրանսուա Շարփանթիէն, դեսպանութեան աշխատակիցները եւ ի դէմս անոնց` Ֆրանսայի ամբողջ ժողովուրդը: Նախագահ Սարգսեան ընդգծած է, որ ուրախ է այս առիթով անգամ մը եւս կրկնելու, որ Հայաստան հպարտ է բարեկամ Ֆրանսայի հետ իր առանձնաշնորհեալ յարաբերութիւններով:

Հայաստանի նախագահը միջպետական յարաբերութիւններու զարգացման եւ ամրապնդման առումով կարեւոր նկատած ու բարձր գնահատած է Հայաստանի մէջ Ֆրանսայի դեսպանութեան աշխատանքը եւ դիւանագիտական ներկայացուցչութեան մաղթած նորանոր ձեռքբերումներ` ի նպաստ երկու երկիրներուն եւ ժողովուրդներուն:

Դեսպան Ժան Ֆրանսուա Շարփանթիէ շնորհակալութիւն յայտնած է նախագահ Սերժ Սարգսեանին` դեսպանութիւն այցելութեան, ջերմ շնորհաւորութեան, բարեմաղթութիւններուն, ինչպէս նաեւ դեսպանութեան գործունէութեան տուած բարձր գնահատականին համար եւ նշած, որ իր ու դեսպանութեան բոլոր աշխատակիցներուն համար մեծ պատիւ եւ պատասխանատուութիւն է ամէնօրեայ աշխատանքով աւելի խորացնել Հայաստանի եւ Ֆրանսայի միջեւ դարաւոր բարեկամութիւնը, որ, ըստ դեսպանին, մնայուն հոգատարութիւն կը պահանջէ:

Տօնին առիթով Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեան շնորհաւորական ուղերձ յղած է Ֆրանսայի նախագահ Ֆրանսուա Հոլլանտին` հաստատելով, որ  երկու բարեկամ երկիրներուն միջեւ գոյութիւն ունեցող բարձր մակարդակի քաղաքական երկխօսութիւնը եւ փոխվստահութեան մթնոլորտը կայուն հիմք են հայ-ֆրանսական յարաբերութիւններու հետագայ համակողմանի զարգացման եւ խորացման համար: «Համոզուած եմ, որ միացեալ ջանքերով պիտի շարունակենք ամրապնդել Հայաստանը եւ Ֆրանսան միաւորող կապերը` թէ՛ երկկողմանի, եւ թէ բազմակողմանի ձեւաչափերով` ի շահ մեր ժողովուրդներուն», նշուած է ուղերձին մէջ:

Նախագահը դիտել տուած է, որ Հայաստան մեծապէս կը գնահատէ Հայոց ցեղասպանութեան ժխտումը օրէնքի ուժով դատապարտելու հարցին մէջ Ֆրանսայի դերակատարութիւնը, ինչ որ լուսարձակի տակ կ՛առնէ Ֆրանսայի եւ նախագահ Հոլլանտին հաւատարմութիւնը համամարդկային արժէքներուն, մասնաւորապէս` մարդկութեան դէմ յանցագործութիւններու կանխարգիլման ուղղուած միջազգային պայքարին նկատմամբ:

«Մենք շատ կարեւոր կը նկատենք Ֆրանսայի` իբրեւ ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահ երկրի, Ռուսիոյ եւ Միացեալ Նահանգներու հետ միացեալ ներգրաւուածութիւնն ու ջանքերը Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի խաղաղ լուծման գործընթացին մէջ` ի նպաստ մեր շրջանին խաղաղութեան եւ կայունութեան: Անգամ մը եւս շնորհաւորելով Ֆրանսայի Ազգային տօնին առիթով` կը մաղթեմ ձեզի յաջողութիւններ եւ ամենայն բարիք, իսկ Ֆրանսայի բարեկամ ժողովուրդին` հետագայ յառաջընթաց եւ բարօրութիւն», գրուած է ուղերձին մէջ:

 

Նախորդը

Հայաստանի Մէջ Պիտի Սկսին Արտադրուիլ Զինուորական Գիշերային Տեսանելիութեան Եւ Ջերմատեսիլ Սարքեր

Յաջորդը

Վերջին Ժամ. Դժբախտ Դէպք Նիսի Մէջ

RelatedPosts

Կառավարութեան Գործունէութեան  Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը  Այսօր Եւս Կը Շարունակուի
Գլխաւոր լուրեր

Կառավարութեան Գործունէութեան Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը Այսօր Եւս Կը Շարունակուի

September 16, 2026
Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ  Ճափոնի Դեսպանին
Գլխաւոր լուրեր

Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ Ճափոնի Դեսպանին

September 16, 2026
Նախագահ Աուն. «Միջազգային Ընտանիքը  Հրաւիրուած Է Միջամտելու` Արգիլելու  Համար Իսրայէլի Բռնարարքները»
Գլխաւոր լուրեր

Ընդհանուր Դատախազութիւնը Պէյրութի Նաւահանգիստի Պայթումին Հարցով Պահանջեց Ամբաստանել Նախկին Նախագահ Միշէլ Աունը

September 16, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.