Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Կառավարութիւնը Յետաձգեց Բջիջային Հեռաձայնի Ընկերութիւններուն Աշխատանքը Երկարաձգելու Քննարկումը

July 15, 2016
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

nisd_71416

Կառավարութիւնը երէկ գումարեց իր ընթացիկ նիստը, նախագահութեամբ վարչապետ Թամմամ Սալամի:

Չորս ժամ տեւած նիստէն ետք տեղեկատուութեան նախարար Ռամզի Ժրէյժ յայտնեց, որ ինչպէս նախարարաց խորհուրդի բոլոր նիստերուն պարագային, այս անգամ եւս վարչապետ Սալամ պահանջեց անյապաղ նախագահական ընտրութիւն կատարել, որովհետեւ նախագահական թափուր աթոռին գոյութիւնը իր ժխտական ազդեցութիւնը կ՛ունենայ երկրին սահմանադրական հաստատութիւններուն վրայ եւ մեծ վնասներ կը հասցնէ երկրին:

Ժրէյժ յայտնեց, որ կառավարութիւնը համաձայն գտնուած է ելեւմուտքի նախարարութեան կողմէ ներդրումներու յատուկ միջազգային կեդրոնին` ICSID-ին մէջ, յաւելեալ պաշտօնեայ մը ունենալու պահանջին:

«Կառավարութիւնը համաձայն գտնուած է պետական ամավարկէն որոշ գումարներ փոխանցել կարգ մը նախարարութիւններու պիւտճէներուն: Նախարարաց խորհուրդը համաձայնած է, որ ներքին գործոց նախարարութիւնը կարգ մը օտար ընկերութիւններէ եւ միութիւններէ իրեն տրամադրուած նուիրատուութիւններ ընդունի», շեշտեց ան:

Կառավարութիւնը յառաջիկայ երկուշաբթի, 18 յուլիսին պիտի գումարէ ելեւմտական հարցին վերաբերող նիստ մը, ուրբաթ, 22 յուլիսին պիտի կայացնէ ընթացիկ նիստ մը, իսկ չորեքշաբթի, 27 յուլիսին պիտի գումարէ հաղորդակցութեան թղթածրարի քննարկման յատուկ նիստ մը:

Նշենք, որ կարգ մը լրատուամիջոցներ հաղորդած էին, որ կառավարութեան նիստին ընթացքին բջիջային հեռաձայնի հաղորդակցութեան թղթածրարին առնչուող բուռն բանավէճ մը արձանագրուած է հաղորդակցութեան միջոցներու նախարար Պութրոս Հարպի եւ արտաքին գործոց նախարար Ժըպրան Պասիլի միջեւ:

Հաղորդուեցաւ նաեւ, որ կառավարութիւնը կազմած է նաեւ նախարարական յանձնախումբ մը, որուն աշխատանքը պիտի ըլլայ Լիթանիի գետի ապականումին մասին հետաքննութիւն կատարել:

Նախորդը

Արտերկրի Լիբանանցիներու Տնտեսական Բ. Խորհրդաժողով . «Լիբանան Իր Տեղացի Եւ Արտերկրի Թեւերով Պիտի Յաղթահարէ Տնտեսական Սեղմումի Քաղաքականութեան» Շեշտեց Պըրրի

Յաջորդը

Անճէյ Քասփրչիք Կարեւոր Նկատած Է Շփման Գիծին Մէջ Իրավիճակի Կայունութեան Պահպանումը

RelatedPosts

Կառավարութեան Գործունէութեան  Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը  Այսօր Եւս Կը Շարունակուի
Գլխաւոր լուրեր

Կառավարութեան Գործունէութեան Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը Այսօր Եւս Կը Շարունակուի

September 16, 2026
Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ  Ճափոնի Դեսպանին
Գլխաւոր լուրեր

Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ Ճափոնի Դեսպանին

September 16, 2026
Նախագահ Աուն. «Միջազգային Ընտանիքը  Հրաւիրուած Է Միջամտելու` Արգիլելու  Համար Իսրայէլի Բռնարարքները»
Գլխաւոր լուրեր

Ընդհանուր Դատախազութիւնը Պէյրութի Նաւահանգիստի Պայթումին Հարցով Պահանջեց Ամբաստանել Նախկին Նախագահ Միշէլ Աունը

September 16, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.