Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Զօր. Քահուաժի. «Ահաբեկչութիւնը Շրջանին Սպառնացող Հիմնական Վտանգն Է»

July 13, 2016
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

jean_71216Լիբանանեան բանակի հրամանատար զօր. Ժան Քահուաժի երէկ Լիբանանի մէջ կայացող ապահովութեան յատուկ Զ. խորհրդաժողովին ընթացքին յայտնեց, որ լիբանանեան բանակը պատրաստ է իր փորձառութիւններն ու կարողութիւնները բաժնելու արաբական երկիրներուն եւ արեւելեան աշխարհին հետ:

«Ցաւալի է, որ 5 տարի ետք Արաբական աշխարհը կը շարունակէ արիւնիլ, քանդուիլ եւ իր բնակչութենէն պարպուիլ: Խոցելի է իրավիճակը, իսկ տեսարանը` մշուշապատ», ըսաւ ան` աւելցնելով, որ երկիրներու եւ պետութիւններու շահերուն խաչաձեւումին, միտքերու պայքարին եւ ահաբեկչութեան ու բռնարարքներու կիրարման դիմաց հիմնական յոյսը կը մնան երիտասարդ սերունդը, մտաւորականները եւ մշակոյթի ներկայացուցիչները:

Զօր. Քահուաժի շեշտեց, որ ահաբեկչութիւնը շրջանին սպառնացող հիմնական վտանգն է, որովհետեւ թիրախ կը դարձնէ անոր ընկերային կառոյցը եւ կ՛ուզէ հարուածել երկիրներուն եւ հաստատութիւններուն ենթահողը:

«Անհրաժեշտ է մշակել ահաբեկչութեան դիմադրելու ամբողջական ռազմավարութիւն մը, որ ապահովական եւ զինուորական իր կողմին զուգահեռ, նաեւ ունենայ մշակութային եւ կրթական կողմ», ըսաւ ան:

Զօր. Քահուաժի հաստատեց, որ լիբանանեան բանակը քաջատեղեակ է այդ վտանգին տարողութենէն, եւ ահաբեկչութեան դէմ պայքարի, ահաբեկչական ծրագիրներ ձախողեցնելու, եւ ահաբեկչական բջիջները բացայայտելու առումով ամբողջ աշխարհին ներկայացուցած է ուսանելի դասեր:

Ան ընդգծեց, որ բանակը մնայուն կերպով պատրաստ է դիմադրելու բոլոր վտանգներուն, պահպանելու Լիբանանին եւ լիբանանցիներուն անվտանգութիւնը, ինչպէս նաեւ երաշխաւորելու Լիբանանի միասնականութիւնը, անկախութիւնն ու գերիշխանութիւնը:

«Դարձեալ կը հաստատեմ, որ մենք ամբողջական կարողութիւն եւ կամք ունինք ահաբեկչութեան դէմ պատերազմը շարունակելու», շեշտեց ան:

 

 

Նախորդը

Համախմբումը Կոչ Կ՛ուղղէ Լիբանանի Ապահովական Կայունութիւնը Պահպանող Ազգային Լուծումի Մը

Յաջորդը

Խորհրդարանը Այսօր Պիտի Գումարէ Նախագահական Ընտրութեան Այլ Նիստ Մը

RelatedPosts

Ժոմպլաթ. «Սխալեցանք, Երբ Իսլամապատի Ուղիին  Փոխարէն Ընտրեցինք Ռուպիոյի Ուղին,  Որ Մեզ Որեւէ Տեղ Պիտի Չառաջնորդէ»
Լիբանանեան

Ժոմպլաթ. «Սխալեցանք, Երբ Իսլամապատի Ուղիին Փոխարէն Ընտրեցինք Ռուպիոյի Ուղին, Որ Մեզ Որեւէ Տեղ Պիտի Չառաջնորդէ»

October 27, 2026
Խրէյս Կոչ Կ՛Ուղղէ Ազգային Միասնականութեան  Կառչելու Եւ Քաղաքացիական  Խաղաղութիւնը Պաշտպանելու
Լիբանանեան

Խրէյս Կոչ Կ՛Ուղղէ Ազգային Միասնականութեան Կառչելու Եւ Քաղաքացիական Խաղաղութիւնը Պաշտպանելու

October 27, 2026
Լիբանանեան Կարճ Լուրեր
Լիբանանեան

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

October 27, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.