
Քալչիոյի կազմերէն Ինթեր Միլանի կողմէ երէկ հրապարակուած պաշտօնական հաղորդագրութեան մը մէջ նշուեցաւ, որ ակումբի մարզիչ Ճիան Փիեռօ Կասփերինի պաշտօնազրկուեցաւ, այս տարեշրջանին ակումբին արձանագրած բաւական ձախող արդիւնքներուն պատճառով:
Հինգ մրցումի ընթացքին անոր կազմը արձանագրեց միայն հաւասարութիւն մը եւ կրեց չորս պարտութիւն: Անիկա վերջին պարտութիւնը կրեց նախանցեալ օր` նոր Ա. դասակարգ բարձրացած Նեւարայէն:
Այսպիսով, 53 տարեկան Կասփերինի հանդիսացաւ երրորդ մարզիչը, որ կը կորսնցնէ իր պաշտօնը` Ժոզէ Մուրինիոյի մեկնումէն ետք (2009-2010): Նախորդ երկուքն էին` Ռաֆայէլ Պենիթեզ եւ Լէոնարտօ:


