Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Նախագահ Սերժ Սարգսեան Վարշաւայի Մէջ Հանդիպում Ունեցած Է Ֆրանսայի Նախագահ Ֆրանսուա Հոլլանտին Հետ

July 11, 2016
| Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Sargsian_Hollande_71016

Նախագահ Սերժ Սարգսեան 9 յուլիսին Վարշաւայի մէջ հանդիպում ունեցած է Ֆրանսայի նախագահ Ֆրանսուա Հոլլանտին հետ:

Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահը շնորհակալութիւն յայտնած է Հայաստանի համար կենսական նշանակութիւն ունեցող բոլոր խնդիրներուն մէջ Ֆրանսուա Հոլլանտի հետեւողական աջակցութեան եւ կարեւոր դերակատարութեան համար, ընդգծելով, որ Հայաստանի մէջ իրապէս կը հպարտանան Ֆրանսայի հետ յատուկ յարաբերութիւններ ունենալու իրողութեամբ:

Նախագահը գոհունակութեամբ փաստած է, որ հայ-ֆրանսական տնտեսական համագործակցութիւնը տարիներու ընթացքին նկատելիօրէն ընդլայնուած է. Եւրոպական Միութեան երկիրներու շարքին` Ֆրանսան կը շարունակէ մնալ Հայաստանի մէջ ներդրումներ ծաւալող յառաջատար դիրք զբաղեցնող երկիրներէն մէկը:

Նախագահ Սերժ Սարգսեան երախտագիտութիւն յայտնած է վերջերս Ֆրանսայի Ազգային ժողովին կողմէ Հայոց ցեղասպանութեան ժխտումը քրէականացնող նախագիծի ընդունման համար, որուն մէջ մեծ է նախագահ Հոլլանտի անձնական ներդրումը:

Հանդիպումին ընթացքին զրուցակիցները անդրադարձած են Լեռնային Ղարաբաղի տագնապին: Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահը կարեւոր նկատած է Ֆրանսան` իբրեւ ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահող երկիրներէն մէկը, յատկապէս անոր աշխուժ դերակատարութիւնը բանակցութիւններու ճամբով տագնապի խաղաղ լուծման գործին մէջ եւ շնորհակալութիւն յայտնած է նախագահ Հոլլանտին` նաեւ անձնական ջանքերու հետեւողական ներդրումին համար: Սերժ Սարգսեան եւ Ֆրանսուա Հոլլանտ երկուստեք կարեւոր նկատած են Վիեննայի եւ Ս. Փեթերսպուրկի մէջ տեղի ունեցած հանդիպումներուն ընթացքին ընդունուած յայտարարութիւններուն մէջ ամրագրուած դրոյթներու անվերապահ կատարումը: Նախագահները միտքեր փոխանակած են Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի լուծման բանակցային գործընթացի յառաջ մղման հեռանկարին շուրջ:

 

 

Նախորդը

Նախարար Սէյրան Օհանեան Վարշաւայի Մէջ Մասնակցեցաւ «Փոխգործունակութեան Հարթակ» Հանդիպումին

Յաջորդը

Նախագահ Սերժ Սարգսեան. «Սթաթիւս Քոն Կը Փոխուի, Եթէ Ճանչցուի Լեռնային Ղարաբաղի Ժողովուրդի Ինքնորոշման Իրաւունքի Իրացումը»

RelatedPosts

Կառավարութեան Գործունէութեան  Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը  Այսօր Եւս Կը Շարունակուի
Գլխաւոր լուրեր

Կառավարութեան Գործունէութեան Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը Այսօր Եւս Կը Շարունակուի

September 16, 2026
Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ  Ճափոնի Դեսպանին
Գլխաւոր լուրեր

Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ Ճափոնի Դեսպանին

September 16, 2026
Նախագահ Աուն. «Միջազգային Ընտանիքը  Հրաւիրուած Է Միջամտելու` Արգիլելու  Համար Իսրայէլի Բռնարարքները»
Գլխաւոր լուրեր

Ընդհանուր Դատախազութիւնը Պէյրութի Նաւահանգիստի Պայթումին Հարցով Պահանջեց Ամբաստանել Նախկին Նախագահ Միշէլ Աունը

September 16, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.