Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ՕՊԱՄԱՅԻ ՀԵՏ ԱՍԱՏԻ ՎՐԱՅ ՃՆՇՈՒՄԸ ԲԱՐՁՐԱՑՆԵԼՈՒ ՇՈՒՐՋ ՀԱՄԱՁԱՅՆՈՒԹԻՒՆ ԳՈՅԱՑՆԵԼԷ ԵՏՔ «ԹՈՒՐՔԻԱ ՍՈՒՐԻՈՅ ՀԵՏ ԻՐ ԵՐԿԽՕՍՈՒԹԻՒՆԸ ԸՆԴՀԱՏԵՑ ԵՒ ԱՆՈՐ ԴԷՄ ՊԱՏԺԱՄԻՋՈՑՆԵՐ ՀԱՍՏԱՏԵԼՈՒ ՄԱՍԻՆ ԿԸ ՄՏԱԾԷ» ՅԱՅՏԱՐԱՐԵՑ ԷՐՏՈՂԱՆ

September 22, 2011
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter
Էրտողան եւ Օպամա կը համաձայնին

Թուրքիոյ վարչապետ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան Նիւ Եորքի մէջ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Պարաք Օպամայի հետ իր հանդիպումէն ետք տրուած մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին յայտարարեց, որ Թուրքիա Սուրիոյ հետ իր երկխօսութիւնը ընդհատեց եւ այդ պետութեան դէմ պատժամիջոցներ հաստատելու մասին կը մտածէ:

«Սուրիական իշխանութիւններուն հետ երկխօսութիւնս դադրեցուցի: Երբեք չէինք ուզեր այս հանգրուանին հասնիլ, սակայն դժբախտաբար այս կառավարութիւնը մեզ մղեց այսպիսի որոշում մը տալու», ըսաւ Էրտողան` աւելցնելով, որ Թուրքիա Սուրիոյ դէմ պատժամիջոցներ հաստատելու մասին կը մտածէ եւ այդ հարցով Ուաշինկթընի հետ երկխօսութիւն կը կատարէ:

Մինչ այդ, Սպիտակ տունը յայտարարեց, որ Օպամա եւ Էրտողան «ցուցարարներուն դէմ Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատի արշաւին համար անոր վրայ ճնշումը բարձրացնելու անհրաժեշտութեան» շուրջ համաձայնութիւն գոյացուցած են:

Սպիտակ տան Ազգային ապահովութեան հարցերով խորհրդականի տեղակալ Պեն Ռոտիս նշեց, որ «Օպամա եւ Էրտողան համաձայնութիւն գոյացուցին Ասատի վրայ ճնշումը բարձրացնելու անհրաժեշտութեան, ինչպէս նաեւ երկխօսութիւն կատարելու հաւանական յաւելեալ քայլերու շուրջ, որոնք կրնան ներառել պատժամիջոցներ, քաղաքական ճնշումներ եւ այլ միջոցառումներ»:

Սպիտակ տան Ազգային ապահովութեան հարցերով բարձրաստիճան պաշտօնատար Լիզ Շըրվուտ Ռանտըլ Օպամայի եւ Էրտողանին հանդիպումէն ետք լրագրողներուն յայտնեց, որ Օպամա Էրտողանին ըսած է, որ Թուրքիոյ եւ Իսրայէլի միջեւ տագնապը պէտք է լուծուի: «Օպամա նաեւ շրջանի տարբեր կողմերուն միջեւ լարուածութիւններու հանդարտեցման կարեւորութիւնը ընդգծեց», ըսաւ Ռանտըլ:

Օպամա եւ Էրտողան իրենց հրապարակային յայտարարութեանց մէջ կեդրոնացան երեքշաբթի օր Թուրքիոյ մէջ տեղի ունեցած մահաբեր յարձակումներուն վրայ` համամիտ գտնուելով, որ այդ արարքները ահաբեկչութեան դէմ պայքարին մէջ համագործակցութեան կարեւորութիւնը կ՛ընդգծեն:

Օպամա յայտնեց, որ «ասիկա մեզի կը վերյիշեցնէ, որ ահաբեկչութիւնը աշխարհի բազմաթիւ վայրերուն մէջ ներկայ է, իսկ Թուրքիա եւ Միացեալ Նահանգներ ահաբեկչութեան կանխարգիլման մէջ ուժեղ գործընկերներ պիտի ըլլան»:

Էրտողան իր կարգին ըսաւ, որ «Միացեալ Նահանգներն ու Թուրքիան պէտք է ճարտարագիտութեան ծրագրաւորման եւ օգտագործման հարցով համագործակցին, որպէսզի կարենանք ահաբեկչութեան դէմ պայքարելու փորձին մէջ յաւելեալ քայլեր առնել»:

Միւս կողմէ, Իրաքի վարչապետ Նուրի Մալիքիի խորհրդական Նուրէտտին Մալիքի «Նիւ Եորք Թայմզ» օրաթերթին յայտնեց, որ Պաղտատ Ասատին յղած է պատգամ մը, թէ պէտք է հրաժարի:

Իրանի նախագահ Մահմուտ Ահմատինեժատ ամերիկեան «Էյ. Պի. Սի.» պատկերասփիւռի կայանին հետ հարցազրոյցի մը ընթացքին ցաւ յայտնեց, որ ամերիկեան կառավարութեան մօտիկ պետութիւններ եւ խմբաւորումներ դէպի Սուրիա զէնք կ՛ուղարկեն` զգուշացնելով, որ Ուաշինկթընի այս ընթացքը հարցերու լուծման պիտի չնպաստէ, այլ զանոնք աւելի պիտի բարդացնէ:

Ահմատինեժատ սուրիական կառավարութեան եւ ընդդիմութեան տեսակէտները մերձեցնելու եւ հարցերը երկխօսութեան ու փոխհասկացողութեան ճամբով լուծելու եւ երկու կողմերուն փափաքած բարեփոխումներուն գործադրութեան համար Իրանի թափած ճիգերը մատնանշեց: Ան նշեց, որ Իրան բոլոր ժողովուրդներուն նկատմամբ համահաւասար մօտեցում կը ցուցաբերէ` նշելով, որ արդարութիւնն ու ինքնորոշման իրաւունքը աշխարհի բոլոր ժողովուրդներուն իրաւունքներէն եւ կառավարութիւններուն կոչ ուղղեց իրենց ժողովուրդներուն պահանջած բարեփոխումները ուրիշներու միջամտութիւններէն հեռու գործադրելու:

Աւելի ուշ, Միացեալ Նահանգներու նախագահ Պարաք Օպամա ՄԱԿ-ի ընդհանուր ժողովի 66-րդ նստաշրջանի բացումին ընթացքին իր արտասանած խօսքին մէջ յայտնեց, որ սուրիացի ժողովուրդը քաջութիւն ցուցաբերած է` հարց տալով, որ «սուրիացի ժողովուրդին կողքի՞ն կանգնինք, թէ՞ զայն որսացողներուն»` աւելցնելով, որ ժամանակը հասած է, որ ՄԱԿ Սուրիոյ դէմ պատժամիջոցներ հաստատէ եւ սուրիացի ժողովուրդին կողքին կանգնի:

 

Նախորդը

ԻՐԱՆ ԹՈՒՐՔԻՈՅ ԵՒ ՌՈՒՍԻՈՅ ՀԵՏ ԵԼԵԿՏՐԱԿԱՅԱՆ ԿԱՌՈՒՑԵԼՈՒ ՀԱՄԱՁԱՅՆՈՒԹԻՒՆ ԳՈՅԱՑՈՒՑ

Յաջորդը

ԸՍՏ «ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ ՓՈՍԹ»Ի ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ ԱՐԱԲԱԿԱՆ ԹԵՐԱԿՂԶԻԻ ԵՒ ԱՓՐԻԿԷԻ ՄԷՋ ԱՆՕԴԱՉՈՒ ԹՌՉՈՂ ՍԱՐՔԵՐ ԿԸ ՏԵՂԱԿԱՅԷ

RelatedPosts

Թրամփ Իրանի Վրայ Նոր Յարձակումի  Շղթայազերծման Որոշումը  Յետաձգեց Յառաջիկայ Տարուան
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ Իրանի Վրայ Նոր Յարձակումի Շղթայազերծման Որոշումը Յետաձգեց Յառաջիկայ Տարուան

November 21, 2026
Պատմութեան Մէջ Առաջին Անգամ Ըլլալով`  Ռուսիա-Միացեալ Նահանգներ-Չինաստան  Եռակողմ Վեհաժողով
Գլխաւոր լուրեր

Պատմութեան Մէջ Առաջին Անգամ Ըլլալով` Ռուսիա-Միացեալ Նահանգներ-Չինաստան Եռակողմ Վեհաժողով

November 20, 2026
Թրամփ-Շի Հանդիպում
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ-Շի Հանդիպում

November 20, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.