Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ԿԱՐՃ ԼՈՒՐԵՐ

September 22, 2011
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՄԱՐՈՆԻ համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքը երէկ Պքերքէի մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ Ֆրանսայի դեսպան Տընի Փիեթոնը: Մէկ ժամ տեւած հանդիպումէն ետք Փիեթոն մեկնեցաւ մերժելով յայտարարութիւն կատարել:

ՄԱՐԱՏԱ հոսանքի իրաւաբան Շատի Սաատ յայտնեց, որ 23 սեպտեմբերին Պքերքէի մէջ տեղի ունենալիք միջմարոնիական հանդիպումը կը մնայ ի զօրու:

ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ուժեր կուսակցութեան երեսփոխան Անթուան Զահրա յայտնեց, որ Լիբանանի յատուկ Միջազգային դատական ատեանը ֆինանսաւորելու առումով Լիբանանի կառավարութիւնը կրնայ յանգիլ յարմար լուծումի մը:

«ՏԻԱՐ» օրաթերթին համաձայն, կարելի չէ եղած հանդիպում մը կայացնել Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղար սէյիտ Հասան Նասրալլայի եւ Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ուալիտ Ժոմպլաթի միջեւ:

ԵՐԵՍՓՈԽԱՆ Ֆարիտ Հապիպ յայտնեց, որ Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան ղեկավար Սամիր Ժահժահ պիտի մասնակցի 23 սեպտեմբերին Պքերքէի մէջ տեղի ունենալիք միջմարոնիական հանդիպումին:

«ԱԽՊԱՐ» օրաթերթին համաձայն, քրիստոնեայ քաղաքական ուժերը կ՛ուղղուին համաձայնութիւն գոյացնելու համամասնական դրութեան վրայ հիմնուած ընտրական օրէնքին շուրջ:

ԵԼԵՒՄՈՒՏՔԻ նախարար Մոհամետ Սաֆատի շեշտեց, որ իրենք ամէն ջանք ի գործ պիտի դնեն 2012-ի պետական պիւտճէի ծրագիրը մշակելու, ինչպէս նաեւ քննելու 1993-էն ի վեր պետութեան բոլոր հաշիւները:

ՊԵՏԱԿԱՆ նախարար Մարուան Խէյրէտտին շեշտեց, որ երկրին ընկերային-տնտեսական կացութիւնը պիտի ըլլայ կառավարութեան առաջնահերթութիւններէն մէկը:

ՆԱԽԿԻՆ նախարար Ալպեր Մանսուր շեշտեց, որ մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքին Պաալպեք այցելութիւնը պատմական եղած է:

ԱՇԽԱՏԱՒՈՐԱԿԱՆ ընդհանուր համադաշնակցութեան նախագահ Ղասսան Ղոսըն յայտնեց, որ իրենք վարչապետ Նեժիպ Միքաթիէն լաւ խօսքեր լսած են` տնտեսական հարցերուն լուծումներ գտնելու առնչութեամբ, սակայն այդ լաւատեսութեան զուգահեռ անոնք մշակած են յառաջիկայ 12 հոկտեմբերին կատարելիք իրենց գործադուլ-ցոյցին ծրագիրը:

ԶԱՀՐԱՆԻ-Արապ Թապայա շրջանին մէջ բանակը երէկ կատարեց ձերբակալութիւններ եւ խուզարկութիւններ, երբ նոյն գիւղաքաղաքին մէջ 9 քաղաքացիներ վիրաւորուեցան Օպէյտ եւ Համմուտ ընտանիքներուն միջեւ բռնկած հարցի մը պատճառով:

ԴՐԱՄԱՏՈՒՆԵՐՈՒ միութեան նախկին նախագահ Ֆրանսուա Պասիլ յայտնեց, որ 700 մեկաուաթ ելեկտրական հոսանք արտադրելու համար մէկ միլիառ երկու հարիւր միլիոն տոլարի ներդրում կատարելը մեծ փորձութիւն մըն է:

«ՏԻԱՐ» օրաթերթին համաձայն, հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյման եւ վարչապետ Նեժիպ Միքաթի համաձայնութիւն մը գոյացուցած են` Լիբանանի յատուկ Միջազգային դատական ատեանին ֆինանսաւորումը կառավարութեան նիստին ընթացքին չարծարծելու:

ՀԱՆՐԱՊԵՏՈՒԹԵԱՆ միւֆթի շէյխ Մոհամետ Ռաշիտ Քապպանի յայտնեց, որ Լիբանան եղած է եւ պիտի մնայ սիրոյ, չափաւորականութեան եւ ազգային համերաշխութեան երկիրը:

ՇԷՅԽ Աֆիֆ Նապուլսի յայտնեց, որ Իսրայէլ պատրաստ է Լիբանանի դէմ յարձակում մը եւ ներխուժում մը կատարելու` չարաշահելով շրջանին մէջ տիրող քաոսային իրավիճակը:

ԻՍՐԱՅԷԼԵԱՆ ուժեր երէկ առաւօտեան խստացուցին իրենց շրջուն ջոկատներուն հսկողութիւնը` Մըսքաֆ Ամի բնակեցման վայրէն մինչեւ Ատայսէ եւ Քֆարքիլա երկարող սահմանային Կապոյտ գիծին մօտակայքը:

 

Նախորդը

ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ԱՆԿԱԽՈՒԹԵԱՆ ՎԵՐԱԿԱՆԳՆՄԱՆ 20-ԱՄԵԱԿ. ԺՈՂՈՎՐԴԱՅԻՆ ՄԵԾ ՏՕՆԱԽՄԲՈՒԹԻՒՆ` ԱՅՆՃԱՐԻ ՄԷՋ

Յաջորդը

«ՄԵՆՔ ԿԸ ԳՏՆՈՒԻՆՔ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆ ԱՅՆՊԻՍԻ ՈՒԺԵՐՈՒ ԴԻՄԱՑ, ՈՐՈՆՔ ԿԸ ՓՈՐՁԵՆ ՁԱԽՈՂԵՑՆԵԼ ԿԱՌԱՎԱՐՈՒԹԻՒՆԸ ԵՒ ՈՉ ԹԷ ԸՆԴԴԻՄԱՆԱԼ» ԸՆԴԳԾԵՑ ՇԷՅԽ ՆԱՅԻՄ ՔԱՍԵՄ

RelatedPosts

Լիբանանի Անկախութեան  83-Ամեակի Ուղերձին Մէջ.  Աուն. «Կը Մերժենք, Որ Լիբանանը Իսրայէլեան  Եւ Իրանեան Ծրագիրներէն  Որեւէ Մէկուն Պատանդը Ըլլայ»
Գլխաւոր լուրեր

Լիբանանի Անկախութեան 83-Ամեակի Ուղերձին Մէջ. Աուն. «Կը Մերժենք, Որ Լիբանանը Իսրայէլեան Եւ Իրանեան Ծրագիրներէն Որեւէ Մէկուն Պատանդը Ըլլայ»

November 24, 2026
Պաղայի` Հակադարձելով Նախագահ Աունին.  «Լիբանանին Եւ Անոր Գերիշխանութեան Նկատմամբ  Ոտնձգութիւն Կատարող Միակ Գործօնը  Սիոնական Գոյացութիւնն Է»
Գլխաւոր լուրեր

Պաղայի` Հակադարձելով Նախագահ Աունին. «Լիբանանին Եւ Անոր Գերիշխանութեան Նկատմամբ Ոտնձգութիւն Կատարող Միակ Գործօնը Սիոնական Գոյացութիւնն Է»

November 24, 2026
Նախկին Նախարար Փիեռ Ժեմայէլի  Սպանութեան Տարելիցի Նշում
Լիբանանեան

Նախկին Նախարար Փիեռ Ժեմայէլի Սպանութեան Տարելիցի Նշում

November 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.