
Համաձայն Լեռնային Ղարաբաղի պաշտպանութեան բանակի 2016 թուականի ուսումնական տարուան պատրաստութեան ծրագիրին` գումարտակներու, հրամանատարներու եւ անոնց տեղակալներու տեսական գիտելիքներն ու գործնական ունակութիւնները կատարելագործելու նպատակով, Պաշտպանութեան բանակի հրամանատարի առաջին տեղակալ, հազարապետ-զօրավար Միքայէլ Արզումանեանի ղեկավարութեամբ 28 յունիսէն 2 յուլիս տեղի ունեցած են հրամանատարական հաւաքներ:
«Կարեւոր նկատելով նշուած օղակի սպայակազմի դերը` վերջիններուս հետ համապատասխան վարժութիւններ կատարած է Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան պաշտպանութեան նախարար, պաշտպանութեան բանակի հրամանատար զօրավար Լեւոն Մնացականեան` հաւաքի մասնակիցներու ուշադրութիւնը հրաւիրելով բոլոր այն հարցերուն վրայ, որոնք կ՛առնչուին մարտի նախապատրաստման եւ ղեկավարման, ենթակայ եւ տրուած ստորաբաժանումներու ղեկավարման ու փոխգործակցութեան կազմակերպման խնդիրներուն», կը փոխանցէ Լեռնային Ղարաբաղի պաշտպանութեան նախարարութեան մամլոյ ծառայութիւնը:
Դասախօսութիւններու, սեմինար, գործնական, ցուցադրական, ստուգողական եւ խմբային վարժութիւններու տեսքով տեղի ունեցած հրամանատարական հաւաքներու ընթացքին հաշուի առնուած են նաեւ ապրիլեան դիմակայութեան դասերը, որոնցմէ կարճ ժամկէտներով կատարուած են համապատասխան հետեւութիւններ եւ քայլեր ձեռնարկուած են` արձանագրուած բացթողումներէն հետագային խուսափելու համար, ըսուած է հաղորդագրութեան մէջ:


