
Թիֆլիսի մէջ (Վրաստան) տեղի ունեցած աշխարհի երիտասարդներու ծանրաբարձութեան ախոյեանութեան, Հայաստանի ներկայացուցիչ Սիմոն Մարտիրոսեան, հանդիսացաւ Եւրոպայի ախոյեան, 105 քկ եւ վեր դասակարգին մէջ:
Ծանրաբարձութիւն. Աշխարհի
Երիտասարդներու Ախոյեանութիւն
Սիմոն Մարտիրոսեան`
Աշխարհի Ախոյեան
Հայաստանի ծանրաբարձութեան հաւաքականի անդամ, պատանեկան ողիմպիական խաղերու ախոյեան Սիմոն Մարտիրոսեան, Թիֆլիսի մէջ (Վրաստան) տեղի ունեցած աշխարհի երիտասարդներու ախոյեանութեան մրցումներուն, հանդիսացաւ աշխարհի ախոյեան` 105 քկ եւ վեր դասակարգին մէջ:
Ան, բարձրացնելով 175, ապա` 182 եւ 187 քկ տիրացաւ փոքր ոսկի մետալին:
Ապա, ան բարձրացուց 210, 220 եւ 225 քկ եւ դարձեա՛լ արժանացաւ փոքր ոսկի մետալին:
Երկամարտի արդիւնքով, ան ընդամէնը բարձրացնելով 412 քկ հանդիսացաւ աշխարհի երիտասարդներու ախոյեան:
Հայաստանի ազգային ողիմպիական կոմիտէին պաշտօնական կայքին հաղորդումով, այս ախոյեանութեան ընթացքին Հայաստանը կը ներկայացնէին հետեւեալ մարզիկները. Ժորժ Եղիկեան, Դաւիթ Յովհաննիսեան (8-րդ), Սամուէլ Գասպարեան (4-րդ), Սոնա Պօղոսեան (5-րդ) եւ Արփինէ Դալալեան (7-րդ):


