
Անցնող շաբաթավերջին Հըզպալլա անդադար ռմբակոծեց Քաայի բարձունքները եւ զինուորական որակական գործողութեամբ մը թիրախ դարձուց ահաբեկիչ Ապու Խաթթապն ու անոր խումբը, որոնք պատասխանատու էին Քաան անձնասպանական գործողութիւններու թիրախ դարձուցած ոճիրներուն:
Ըստ Հըզպալլայի պատերազմական տեղեկատուութեան` Ապու Խաթթապ եւ անոր ահաբեկչական խումբը տեղւոյն վրայ սպաննուած են:
Հըզպալլայի մարտիկները ռմբակոծած են նաեւ Արսալի բարձունքներուն վրայ Ուատի Խէյլի մէջ գտնուող Ժապհաթ Նուսրան եւ անոր դիրքերը, պատճառելով վիրաւորներ:
Միւս կողմէ, Հըզպալլա ռմբակոծած եւ քանդած է Ռաս Պաալպէք-Զուայթինէ շրջանին մէջ գտնուող ՏԱՀԵՇ-ի դիրքերը, պատճառելով զոհեր եւ վիրաւորներ:
Նշենք, որ Հըզպալլայի գործադիր խորհուրդի փոխնախագահ շէյխ Նեպիլ Քաուք շեշտեց, որ Արսալի մէջ ՏԱՀԵՇ-ի եւ Ժապհաթ Նուսրայի վտանգը իսկական է եւ անհանդուրժելի:
«Արսալի եւ Ռաս Պաալպէքի բարձունքներուն վրայ հաւատադրժողական ահաբեկչութեան վտանգը լուրջ է եւ ամէն իմաստով կը սպառնայ Պեքաայի եւ Լիբանանի ապահովական կայունութեան: Անկարելի է հանդուրժել, անտեսել կամ անոր նկատմամբ թոյլ կեցուածքներ որդեգրել, ինչպէս լիբանանցի կարգ մը պատասխանատուներ կը կատարեն», շեշտեց ան:
Իր կարգին, Քաայի քաղաքապետ Պաշիր Մաթար յայտնեց, որ Մաշարիհ Քաայի մէջ գտնուող սուրիացի գաղթականներուն վիճակը եւ գաղթակայաններուն մէջ գոյութիւն ունեցող անկազմակերպ վիճակը առիթ կու տայ, որ անոնք վերածուին ահաբեկչութեան գործողութիւններու բոյնի մը:
Ան նշեց, որ պէտք է յարգել սուրիացի գաղթականները եւ անոնց զաւակներուն ուսում ջամբել, որպէսզի հեռանան ծայրայեղական մտայնութենէ: «Մենք անոնց դէմ չենք, բացի երբ մեր ապահովական կայունութիւնը կը խախտի: Սակայն, ամէն պարագայի, սուրիացի գաղթականներուն հետ յարաբերութիւնը պէտք չէ թշնամական ըլլայ», ըսաւ Մաթար:


