Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Գոհար Խաչատուրեան Կը Ստանայ Հռոմի Պապին Օրհնագիրը

July 4, 2016
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

 

KOHAR_70416

Հայաստան կատարած իր եռօրեայ այցելութեան ընթացքին Հռոմի Ֆրանչիսկոս պապը առաքելական օրհնագիր շնորհեց ԳՈՀԱՐ նուագախումբի եւ երգչախումբի հիմնադիր Գոհար Խաչատուրեանին:

Գիւմրիի «Վարդանանց» հրապարակին վրայ Հռոմի պապին մատուցած պատարագին ընթացքին, ինչպէս նաեւ Գիւմրիի կաթողիկէ եկեղեցւոյ մէջ ԳՈՀԱՐ երգչախումբի հոգեւոր երգերուն կատարումները հիացուցած են Ֆրանչիսկոս պապը:

Կաթողիկէ քահանայապետը գնահատած է 1996-էն ի վեր Գիւմրիի մէջ գործող լիբանանահայ Գոհար Խաչատուրեանի եւ անոր ընտանիքին աշխատանքը: Անոնց հովանաւորութեամբ աշխատատեղեր ստեղծուած են հազարաւոր գիւմրեցիներու համար: 1997-1999 թուականներուն Գոհար Խաչատուրեանի զաւակները` Յարութ, Շահէ եւ Նար Խաչատուրեանները, Գիւմրիի կեդրոնին մէջ կառուցած են համալիր մը, ուր բնակութիւն հաստատած են երկրաշարժէն անպատսպար մնացած ժողովուրդը:

Անոնք հիմնած են նաեւ Գիւմրիի ԳՈՀԱՐ երաժշտանոցը, ուր աշակերտներուն տրուած է անվճար սորվելու հնարաւորութիւն. անոնց տրամադրուած են նաեւ անվճար երաժշտական գործիքներ:

2000 թուականին Խաչատուրեան ընտանիքը հիմնած է հայկական ամենամեծ երաժշտական խումբը` ԳՈՀԱՐ սիմֆոնիք նուագախումբն ու երգչախումբը, որ աշխարհի շարք մը երկիրներու մէջ համերգներ տուած է` իւրաքանչիւր համերգի հասոյթ յատկացնելով բարեգործական նպատակի:

Նշենք նաեւ, որ Գոհար Խաչատուրեան այս տարի արժանացած է նաեւ «Գիւմրու տարուան երախտաւոր» տիտղոսին, որ ամէն տարի կը շնորհուի «Գիւմրու տարուան մարդ» յանձնաժողովին կողմէ:

Նախորդը

Արուեստագէտ Կակոյի Քանդակը Կը Նուիրուի Հռոմի Պապին

Յաջորդը

Սփիւռքի Նախարարը Ընդունեց Պապի Հայաստան Կատարած Այցելութեան Առիթով Մերձաւոր Արեւելքի Երկիրներէն Հայրենիք Ժամանած Պատանիները

RelatedPosts

Եւրոպական Միութեան Տարածաշրջանային Քաղաքականութիւնը Եւ Հայաստանը (Ա. Մաս)
Անդրադարձ

Եւրոպական Միութեան Տարածաշրջանային Քաղաքականութիւնը Եւ Հայաստանը (Ա. Մաս)

February 2, 2026
Վազգէն Ա. Վեհափառ (ԽԴ.) «Է»-ն Իբրեւ Ազգային Խորհրդանշան
Անդրադարձ

Վազգէն Ա. Վեհափառ (ԽԴ.) «Է»-ն Իբրեւ Ազգային Խորհրդանշան

February 2, 2026
Խմբագրական «Հայրենիք»-ի.  Կրինլանտ` Անտերսընեան Հեքիա՞թ, Թէ՞ Ողբերգութիւն
Անդրադարձ

Խմբագրական «Հայրենիք»-ի. Կրինլանտ` Անտերսընեան Հեքիա՞թ, Թէ՞ Ողբերգութիւն

January 31, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.