Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

50 Տարի Առաջ (1 Յուլիս 1966)

July 1, 2016
| 50 Տարի Առաջ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հրաժեշտի Ուղերձ

Շաբաթ, 25 յունիս, տեղի ունեցաւ Համազգայինի «Ն. Փալանճեան» Ճեմարանի վկայականներու բաշխման հանդէսը, որուն ընթացքին աւարտական դասարանէն Գէորգ Քէնտէրեան կարդաց հրաժեշտի հետեւեալ ուղերձը.

Յարգելի՛ պր. տնօրէն, սիրելի՛ ուսուցիչներ, սիրելի՛ ընկերներ եւ ընկերուհիներ.

Տասնամեակի մը տքնաջան եւ յարատեւ աշխատանքի վերջակէտը դրուած է արդէն եւ բաժանումի զանգը հնչած մեզի համար:

Հանդիսաւոր այս պահուն, յաջողութիւն մը ձեռք բերած անձի մը յուզումն ու երջանկութիւնը մեր սրտերուն մէջ, եկած ենք ահա ստանալու մեր տարիներու աշխատանքին վարձքը` վկայականը:

Այս պահուս, երբ կը բաժնուինք Ճեմարանական ընտանիքէն, թախիծը շատ խոր է մեր հոգիներուն մէջ, որովհետեւ Ճեմարանը իսկակա՛ն ընտանիք մը եղաւ բոլորիս համար, ու մենք հոն վայելեցինք սրտագին վերաբերում, մտերիմ մթնոլորտ եւ հարազատի անկեղծ գուրգուրանք, եւ այսօր, պարզ ուսումնարանէ մը չէ, որ կը հեռանանք, այլ շատ սիրելի մեր սեփական օճախէն:

Մեծ յուզումով կը բաժնուինք մեր սիրելի ուսուցիչ-ուսուցչուհիներէն, որոնք ոչ միայն մեզի տուին ուսում ու գիտութիւններ, այլ եւ կերտեցին մեր մէջ մարդու նկարագիրը ու մանաւանդ, հա՛յ մարդու նկարագիրը:

Սիրցուցին մեզի հայ մշակոյթը, անոր արժէքները, հայոց պատմութիւնը, որոնցմով մենք մեզ հպարտ կը զգանք այսօր:

Անոնք դաստիարակներ ըլլալով հանդերձ, եղան նոյն ատեն մտերիմ ընկերներ ու անկեղծ խորհրդատուներ: Աշխատեցան զարգացնել մեր մէջ մեր անհատականութիւնը ու պատրաստել ապագայի գաղափարական եւ հաւատաւոր հայ երիտասարդները:

Դիւրին չէ բաժնուիլ նաեւ ձեզմէ, սիրելի՛ ընկերներ եւ ընկերուհիներ:

Դժուար է նոյն յարկին տակ ապրիլ, գործել ու աշխատիլ տարիներ եւ յանկարծ զգալ, որ գործակցութեան վերջը հասած է:

Անկարելի է մոռնալ մանաւանդ ճեմարանական կեանքը, որովհետեւ մեզմէ ամէն մէկը իր սրտէն մասնիկներ ունի խառնած տարիներու հոլովոյթին մէջ, որովհետեւ Ճեմարանի տաք շունչը եւ ընտանեկան մթնոլորտը ուրիշ ո՛չ մէկ տեղ կարելի պիտի ըլլայ գտնել:

Ժամանակի ընթացքին աւելի եւս պիտի անուշնան մեր յիշատակներու յետին մանրամասնութիւններն իսկ, դասաւանդութիւնները, ուսուցիչները, մեր ընկերները, դպրոցի ծառերն ու պարտէզները: Մինչեւ անգամ կարօտով պիտի յիշենք անցեալի մեծ ու փոքր մեր վէճերը եւ անցողիկ դառնութիւնները:

Այսպէս է եղած միշտ ճեմարանականը բաժանումէն ետք, եւ վստահ ենք, որ մենք ալ նոյն զգացումները պիտի շարունակենք ունենալ մեր սիրելի դպրոցին հանդէպ:

Ճեմարանը ամէն բանէ առաջ հայեցի արժէքներու տիրացման օճախ մը եղաւ բոլորիս համար: Ու գիտենք` այդ իսկ պատճառով հայութեան աչքերը յառած են մեր վրայ ու ակնկալութիւններ ունին մեզմէ:

Գիտակից ենք սփիւռքահայութեան սպառնացող վտանգներուն եւ այդ գիտակցութեամբ կը նետուինք հանրային կեանքի մէջ` ստանձնելու համար մեզմէ սպասուածը, այսինքն, հայ արժէքներու պահպանման նուիրական գործը:

Հանդիսաւոր այս պահուն կը խոստանանք ու կ՛ուխտենք ծառայել մեր ազգին ու դառնալ տիպար հայեր այնպէս, ինչպէս եղած են ճեմարանական նախկին սերունդները ու մանաւանդ մեր դաստիարակները:

Կ՛ուխտենք նուիրուիլ հայ արդար Դատի հետապնդման:

Կ՛ուխտենք վերջապէս մնալ ճեմարանականներ, ո՛ւր որ ալ ըլլանք, դպրոցական շրջափակէն դուրս, ու չմոռնալ երբեք մեր պարտականութիւնները մեր սիրելի հաստատութեան հանդէպ:

Ահա այս խոստումներով կու գանք ըսելու`

Մնա՛ք բարով սիրելիներ,
Մնա՛ս բարով Ճեմարան:

 

Աղթամար Կղզին Զբօսաշրջային
Կայանի Պիտի Վերածուի

Պիտի Վերանորոգուի Կղզիին Պատմական Եւ
Աւելի Քան 1000 Տարուան Հնութիւն Ունեցող Եկեղեցին

«Հիւրրիէթ»-ի մէջ Քոնուքսեւեր կը գրէ.

Որոշուեցաւ զբօսաշրջային կայանի մը վերածել Աղթամար կղզին, որ կը գտնուի Վանայ ծովուն վրայ, եւ բարեզարդել նաեւ 1061 տարուան հնութիւն ունեցող անոր պատմական եկեղեցին:

Հայկական յատկանշական եկեղեցի մըն է իր կառոյցով, եւ Աղթամարի տաճարը նմանը չունի աշխարհի մէջ: Եկեղեցին կառուցուած է 905-ին, Վասպուրականի Գագիկ թագաւորին կողմէ, Մալազկերտէ բերուած մասնաւոր քարերով:

Տաճարը կառուցուած է խաչի մը ձեւով եւ չորս կողմը քանդակներ կան` Քրիստոսէ առաջ եղող առասպելները յիշեցնող: Եկեղեցիին վերնայարկը զարդարուած է անասուններու եւ խաղողի որմնանկարներով: Եկեղեցիի կողքին գտնուող պալատը եւ պարիսպները քանդուած են Վանայ ծովու ջուրերուն մակընթացութեան պատճառով:

Հրոսակներու Բանակատեղի

Աղթամարի եկեղեցին ամէնէն նուիրական ուխտավայրերէն մէկն է հայոց համար, որոնք այժմ ցրուած են աշխարհի չորս կողմերը: Հայերու հետ մղուած կռիւներու ընթացքին հայ հրոսակները հոն բոյն դրած եւ բանակատեղի ըրած էին: Երբ հայերը պարտուեցան եւ աքսորուեցան Վանէն, ա՛լ մէկ հայու արտօնուեցաւ Աղթամար այցելել:

Պատերազմէն ետք Կեւաշի եւ շրջակայքի բոլոր եկեղեցիները այրուեցան, բայց կարելի չեղաւ Աղթամարի եկեղեցին այրել, որովհետեւ ծովային փոխադրական միջոց չկար: Կղզիին դէմ թնդանօթի կրակ արձակուեցաւ: Վանական վարժարանը քանդուեցաւ եւ եկեղեցիին կոնաձեւ գմբէթին ծայրը թռաւ:

Զբօսաշրջիկներուն Աւերը

Ամրան ամիսներուն Աղթամար այցելող զբօսաշրջիկները եկեղեցիին արտաքին պատերը զարդարող արձանիկները մեծ մասամբ քակած եւ գողցած են: Անհետացած են նաեւ այն գունաւոր քարերը, որոնք կը զարդարէին բարձր քանդակներուն բերնի եւ աչքի մասերը: Պատճառն այն է, որ կղզիին մէջ պահապան չկայ:

Նուիրական Գիրքը

Եկեղեցիի մաքրութեան ընթացքին, պատուհանի մը մէջ գտնուեցաւ կրօնական գիրք մը, որ գրուած է այծեամի մորթի վրայ եւ առնուազն հազար տարուան հնութիւն ունի:

Այս գիրքը գտնուեցաւ այն պահուն, երբ ծովային թռչուններու թողած աղտոտութիւնները կը մաքրուէին պատուհանին մէջ: Մուսթաֆա Չիֆթճի անունով գործաւոր մը երեւան հանեց այս գիրքը եւ զայն յանձնեց Կեւաշի նախկին գայմագամ Եաշար Ճանքօչաքի:

Գայմագամը միասին տարաւ այս նուիրական գիրքը եւ մինչեւ այսօր զայն չէ վերադարձուցած պատկան իշխանութեան: Կեւաշի քաղաքապետութիւնը դատ պիտի բանայ նախկին գայմագամին դէմ` գիրքը ետ առնելու համար:

Ա՜խ Թամար, Ա՜խ Թամար

Այս առիթով առասպել մը պէտք է յիշել: Կը պատմուի, թէ վայելուչ հովիւ մը սիրահարուած էր Աղթամար ապրող վանականի մը գեղեցիկ աղջկան` Թամարի:

Սիրահար հովիւը ամէն գիշեր լողալով կու գար իր սիրուհին տեսնելու համար: Իսկ Թամար ձեռնաջահով մը կու գար ժամադրութեան վայրը: Օրեր կ՛անցնին այսպէս:

Երբ աղջկան հայրը կը տեղեկանայ խնդրին, կը բանտարկէ Թամարը սենեակի մը մէջ: Ժամադրութեան ժամուն, ձեռնաջահը առած, մակոյկ մը նստելով ծովուն բացերը կ՛երթայ: Հովիւը կը սկսի լողալ ձեռնաջահին ուղղութեամբ, բայց ո՛չ իր սիրուհիին եւ ո՛չ ալ ձեռնաջահին կը յաջողի հասնիլ: Վանայ ծովուն ջուրերուն մէջ կը կորսուի` «Ա՜խ Թամար, ա՜խ Թամար» ձայնելով: Այդ օրէն ի վեր կղզիին անունը կ՛ըլլայ Աղթամար:

Նախորդը

Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը

Յաջորդը

Յուշատետր. Լեզուն Գործածելու Ձեւեր

RelatedPosts

50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (18 Մարտ 1970)

March 18, 2020
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (17 Մարտ 1970)

March 17, 2020
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (16 Մարտ 1970)

March 16, 2020
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.