ԽՈՅ (21 Մարտէն 20 Ապրիլ)
Միանգամայն քանի մը ծրագիրներ կ՛ուզէք մշակել, նախ առաջինը յաջողցուցէք եւ վերջը շարունակեցէք, որպէսզի յաջողութիւն ունենաք:
ՑՈՒԼ (21 Ապրիլէն 21 Մայիս)
Համաձայնագիր մը պիտի ստորագրէք. մի՛ աճապարէք, լաւ ուսումնասիրեցէք եւ վերջը ստորագրեցէք, որպէսզի սխալ մը չգործէք:
ԵՐԿՈՒՈՐԵԱԿ (22 Մայիսէն 21 Յունիս)
Շատ եսակեդրոն էք եւ յամառ. քիչ մը լայնախոհ եղէք եւ ուրիշներու կարծիքը առէք, որպէսզի դժուարութեան չմատնուիք:
ԽԵՑԳԵՏԻՆ (22 Յունիսէն 23 Յուլիս)
Ժխտական շաբաթավերջ մը պիտի ունենաք, դուրսէն օգնութիւն կը պահանջէք, ինչ որ լաւ չէ, ձեր կարողութեան սահմաններուն մէջ մնացէք:
ԱՌԻՒԾ (24 Յուլիսէն 23 Օգոստոս)
Ձեր ծրագիրները մի՛ խճողէք, դժուարութեան կրնաք մատնուիլ. առաջին ծրագիրը յաջողցնելէ ետք երկրորդին անցէք, որպէսզի յաջողութիւն ունենաք:
ԿՈՅՍ (24 Օգոստոսէն 23 Սեպտեմբեր)
Նոր գործի մը պիտի ձեռնարկէք եւ դուք ձեզ կորսուած պիտի զգաք: Մի՛ յուսահատիք, նոյն թափով շարունակեցէք, որպէսզի ձեր գործէն գոհանաք:
ԿՇԻՌՔ (24 Սեպտեմբերէն 23 Հոկտեմբեր)
Ձեր նոր սկսած գործը իմաստութեամբ կը կատարէք. ձեզի կը մնայ փորձառութիւնը, որմէ ետք վերելք պիտի արձանագրէք:
ԿԱՐԻՃ (24 Հոկտեմբերէն 23 Նոյեմբեր)
Պետութեան մօտ ձեր վճարումները անտեսած էք. ուշքի եկէք, որպէսզի դժուարութիւններ չունենաք: Ձեր պարտքերը վճարեցէք:
ԱՂԵՂՆԱՒՈՐ (24 Նոյեմբերէն 21 Դեկտեմբեր)
Զոյգի մը կեանքը հաւաքական կեանք կը նշանակէ արդէն. պէտք չէ մանրակրկիտ հաշիւներ փնտռել, որպէսզի երջանիկ ապրիք:
ԱՅԾԵՂՋԻՒՐ (22 Դեկտեմբերէն 20 Յունուար)
Ձեր աշխատատեղին ձեր գործը շուտով եւ արագ կ՛ուզէք վերջացնել, ինչ որ յաճախ կը ձախողի: Խոհեմութեամբ աշխատեցէք:
ԾՈՎԱՆՈՅՇ (21 Յունուարէն 19 Փետրուար)
Ձեր կեանքին մէջ քիչ մը վիպային դրոշմ մը կիրարկեցէք. շատ մի՛ լճանաք, այլապէս ձեր սիրտը կրնայ տաքութիւն կորսնցնել:
ՁՈՒԿ (20 Փետրուարէն 20 Մարտ)
Ձեր կեանքին ուղղութիւնը պիտի փոխուի, ճամբորդութիւն մը նախատեսուած է, որ կատարելով` նոր արկածախնդրութիւններ պիտի ունենաք: Արթո՛ւն եղէք:
