Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Դաշնակցութիւնը Կողմ Պիտի Քուէարկէ Ընտրական Օրէնսգիրքին» Կ՛ըսէ Արմէն Ռուստամեան

June 29, 2016
| Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Rusdamian_62816

Երէկ Հայաստանի Ազգային ժողովի արտահերթ նիստին, ուր կը քննարկուէին ընտրական օրէնսգիրքին փոփոխութիւնները, ՀՅԴ խմբակցութեան անունով ելոյթ ունեցաւ ՀՅԴ խմբակցութեան ղեկավար Արմէն Ռուստամեան:

Անոր խօսքով` այդ քննարկումներէն այնպիսի տպաւորութիւն ստեղծուած է, որ կան որոշ մարդիկ, որոնք բացառիկ տաղանդ ունին` ամէն բան իրար խառնելու, որ ոչ ոք հասկնայ, թէ ի՛նչ կ՛ուզեն ընել:

«Եկէք դադրեցնենք ասիկա, որովհետեւ անոր պատճառով կրնայ պտուղը պտղաջուրին հետ թափուիլ: Կան մարդիկ, որոնք պտուղը պտղաջուրէն չեն տարբերեր: Կան մարդիկ, որոնք այդ պտղաբերութեան չեն մասնակցած, չեն օգնած, որ այդ պտուղը ըլլայ, որովհետեւ անոնց քաղաքական շահը կը պահանջէ, որ ամէն ինչ վատ ըլլայ: Ինչպէ՞ս կրնայ ամէն բան լաւ ըլլալ», ըսաւ Արմէն Ռուստամեան` աւելցնելով, որ այն ուժերը, որոնք կը գործեն «ամէն ինչ կամ ոչինչ» սկզբունքով, միշտ հասած են ոչինչի:

Պատգամաւորին խօսքով` ընտրական օրէնսգիրքին վերաբերեալ իշխանութիւն-ընդդիմութիւն քննարկումները աննախադէպ էին եւ կարեւոր, այդ ձեւաչափին մէջ աշխատելով երկար ժամանակ` վերջաւորութեան յանգած են լուրջ արդիւնքի, որ պէտք է փայփայել. համաձայնութեան եկած են հինգ քաղաքական ուժերու օրինական ներկայացուցիչներ, ինչ որ քաղաքական ուժերու յարաբերութեան մէջ կը նկատուի սահմանադրութեան նման բան մը, սակայն այդ լրջագոյն համաձայնութիւնը հիմա կը փորձեն ոտքի տակ տալ:

«Ո՞վ ըսած է, որ բոլոր հարցերուն շուրջ պէտք է լիակատար համաձայնութիւն ըլլայ, որ սկսին փառաբանել, ո՞վ ըսած է, որ պէտք է կատարեալ ըլլան բոլոր լուծումները: Այստեղ կը վիճին համախոհութիւն բառի շուրջ, բայց համաձայնութեան մէջ յստակ ըսուած է, որ չորս հարցի շուրջ կայ համախոհութիւն, իսկ մէկ հարցի շուրջ ալ կայ համաձայնութիւն, որ շարունակեն քննարկումները», ըսաւ Արմէն Ռուստամեան:

Ինչ կը վերաբերի ընտրական օրէնսգիրքին մէջ փոփոխութիւններ կատարելու համար պահանջուող ֆինանսական հարցերուն, ըստ պատգամաւորին, Հայաստանը աշխարհէն կտրուած երկիր չէ, որ ամէն ինչ միայն իր միջոցներով ընէ:

«Մինչեւ հիմա չէի՞ք գիտեր, որ աշխարհի մէջ բոլոր այն կառոյցները, որոնց մէջ Հայաստանը մտած է, մտած է նաեւ ինչ որ ակնկալիքներով, ինչպէս` ֆինանսական: Ուստի պէտք չէ մենք մեզ դատափետենք ու ըսենք` այս ի՛նչ խայտառակութիւն է, որ այդ գումարը չկայ: Ես կը ցաւիմ, որ գործընթացը կը կապուի ֆինանսաւորում ըլլալու-չըլլալու հետ, բայց ամէն պարագայի այս գործընթացը իր արդիւնքը տուած է, մենք սահմանած ենք աննախադէպ օրակարգ, որ պիտի մնայ պատմութեան մէջ` իբրեւ ձեռքբերում, թէ քաղաքական ուժերը ինչպէ՛ս պէտք է բարեփոխեն ընտրական օրէնսգիրքին համակարգը: Ուստի եկէք չթափենք պտուղը պտղաջուրին հետ, մենք պէտք է աչքի լոյսի պէս գնահատենք մեծ դժուարութեամբ ձեռք բերուած համաձայնութիւնները», ըսաւ Արմէն Ռուստամեան:

Պատգամաւորին խօսքով` Աստուած տայ` ֆինանսաւորումը ըլլայ, ալ բաց տեղ չի մնար ընտրական օրէնսգիրքին մէջ: Ան աւելցուց, որ ամէնէն լաւ ընտրական օրէնսգիրքը չ՛երաշխաւորեր որեւէ քաղաքական ուժի ձայներու պահպանումը, չկեղծելը, ատոր համար քաղաքական ուժը իր ներկայացուցիչներուն միջոցով պէտք է պահպանէ իր ձայները: Դաշնակցութիւնը կողմ է պիտի քուէարկէ այդ ընտրական օրէնսգիրքին:

 

 

Նախորդը

ՀՅԴ Եւրոպայի Եւ Պելճիքայի Հայ Դատի Յանձնախումբերու Պատուիրակութիւնը Այցելեց Պելճիքայի Մէջ Գերմանիոյ Դեսպանին

Յաջորդը

Լաւրով Յաջորդ Շաբաթ Կը Հասնի Հայաստան` Մասնակցելու ՀԱՊԿ-ի Հանդիպումին

RelatedPosts

Ակնարկ.  Ուրուագիծեր Դէպի Նոր Շրջափուլ
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Ուրուագիծեր Դէպի Նոր Շրջափուլ

February 3, 2026
Մօտ Օրէն Ուաշինկթըն-Թեհրան Բանակցութիւններ
Գլխաւոր լուրեր

Մօտ Օրէն Ուաշինկթըն-Թեհրան Բանակցութիւններ

February 3, 2026
Թրամփ. «Կը Յուսանք Իրանի Հետ Գործարքի Հասնիլ
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Կը Յուսանք Իրանի Հետ Գործարքի Հասնիլ

February 3, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.