
«Արմէնփրես» կը հաղորդէ, որ Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը յայտարարութիւն մը հրապարակած է Ֆրանչիսկոս պապի Հայաստան այցելութեան ընթացքին Հայոց ցեղասպանութեան մասին կատարած յայտարարութիւններուն վերաբերեալ, եւ զանոնք նկատած անընդունելի:
Կը նշուի, որ Հայաստան կատարած այցելութեան ընթացքին Հայոց ցեղասպանութեան յուշահամալիր այցելելը, Ցեղասպանութեան մասին յայտարարութիւններ կատարելը, Գարեգին Բ. կաթողիկոսին հետ միացեալ յայտարարութիւն հրապարակելը անգամ մը եւս ցոյց տուին «Ֆրանչիսկոս պապին անվերապահ հաւատարմութիւնը 1915-ի պատմական իրողութիւններուն չհամապատասխանող հայերու պատմութիւններուն»:
Անգարա «կողմնակալ» անուանած է պատմական դէպքերուն վերաբերեալ պապին մօտեցումները:
Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութենէն յայտնած են, թէ Ֆրանչիսկոս պապին Հայաստան կատարած այցելութիւնը «որեւէ ձեւով չէ նպաստած Հարաւային Կովկասի շրջանին մէջ խաղաղութեան ու կայունութեան հաստատման»:


