
Երէկ Ժընեւի մէջ Հայաստանի մարդու իրաւունքներու պաշտպան Արման Թաթոյեան հանդիպում ունեցած է ՄԱԿ-ի Մարդու իրաւունքներու յանձնակատարի Ամերիկայի, Եւրոպայի եւ Կեդրոնական Ասիոյ գրասենեակի ղեկավար Ճիաննի Մակազզենիին հետ:
Հայաստանի մարդու իրաւունքներու պաշտպանի աշխատակազմին փոխանցումով, Թաթոյեան ՄԱԿ-ի Մարդու իրաւունքներու յանձնակատարի գրասենեակին ներկայացուցած է ապրիլի սկիզբը Ազրպէյճանի նախաձեռնած զինուորական յարձակումներուն ընթացքին Ղարաբաղի քաղաքացիական բնակչութեան նկատմամբ կատարուած մարդու իրաւունքներու հիմնարար խախտումները, Ղարաբաղի մարդու իրաւունքներու պաշտպանի զեկուցումին մէջ տեղ գտած` դաժանութիւններու յստակ օրինակները:
Մարդու իրաւունքներու պաշտպանը ընդգծած է, որ ազգութեամբ հայերու նկատմամբ ատելութիւն եւ բռնութիւն սերմանող ազրպէյճանական յարձակողապաշտ քաղաքականութիւնը կործանարար է միջազգային քաղաքակիրթ ամբողջ իրաւապաշտպան համակարգին համար: Այդ քաղաքականութիւնը Ազրպէյճանի մէջ կը խրախուսուի պետական մակարդակով:
Թաթոյեան կարեւոր նկատած է Ղարաբաղի մարդու իրաւունքներու պաշտպանի, քաղաքացիական հասարակութեան կազմակերպութիւններու ներգրաւման անհրաժեշտութիւնը մարդու իրաւունքներուն առնչուող միջազգային մակարդակի հանդիպումներուն ու քննարկումներուն:
Հանդիպումին ընթացքին արձանագրուած է, որ մարդու իրաւունքներու խախտումները անթոյլատրելի են որեւէ պարագայի. իրաւունքներու պաշտպանութիւնը քաղաքականութիւն կամ սահմաններ չի ճանչնար:
Կողմերը քննարկած են նաեւ Հայաստանի մէջ մարդու իրաւունքներու պաշտպանի` իբրեւ կանխարգիլման ազգային մեքանիզմի կարողութիւններու զարգացման, գործունէութեան արդիւնաւէտութեան բարձրացման ուղղութեամբ միացեալ ծրագիրներու իրականացման անհրաժեշտութիւնը:
Հանդիպումին քննարկուած են նաեւ ընտանեկան բռնութեան կանխարգիլման, հաշմանդամութիւն ունեցող մարդոց իրաւունքներու պաշտպանութեան, ինչպէս նաեւ շարք մը այլ մարզերու վերաբերող հարցեր:


