ՀՐԱՉ ՊԱՐՍՈՒՄԵԱՆ
Ա.- Մեհենական
Մայիս 25-ին ցուցադրուեցաւ Արսէն Յակոբեանի (1) «Արարատից Եւրոպա» (2010) վաւերագրա-խաղարկային ժապաւէնի կրճատուած մէկ տարբերակը: «Ազդակ» 11 յունիսի թիւով անդրադարձած էր այս ձեռնարկին (2): Իր հակիրճ բացման խօսքին մէջ բեմադրիչը յայտնեց ժապաւէնը պատրաստելու դրդապատճառն ու ներշնչման աղբիւրը: Ան ըսաւ, որ վրդոված է կարդալով ռուս գրագէտ եւ ող Ալեքսանտր Ամֆիթէաթրովի մէկ յօդուածը, ուր հայեր ներկայացուած են որպէս առեւտրականներ եւ վաշխառուներ: Յիշեալ յօդուածը գրուած է… 1911-ին, այո՛, ժապաւէնի պատրաստութենէն դար մը առաջ: Ականաւոր պատմաբան Լէօ, Ալեքսանտր Վալենթինովիչ Ամֆիթէաթրովը (1862-1938) բնութագրած է որպէս ռուսական Էմիլ Զոլա (3): Առհասարակ երբեք զարմանալի չէ, երբ օտարներ դժգոհութիւն յայտնեն հայերու «տնտեսական» գործարքներէն Կովկասի մէջ եւ այլուր: Նոյնինքն Լէօ այս ուղղութեամբ ունի իր հիմնադրական «Խոջայական կապիտալը» աշխատութիւնը (հրատարակուած 1934-ին, յետմահու): Նոյն ուղղութեամբ մեզի ծանօթ համեմատաբար նոր աշխատութիւն է Յակոբ Պարսումեանի դոկտորական աւարտաճառը, որ նոյնպէս կը վերաբերէր հայ սեղանապետներու (4):
Ներշնչումը.- Եոզեֆ Սթրիժովսքի (Josef Strzygowski 1862 -1941) լեհ-աւստրիացի արուեստի պատմաբան մըն է, որ 1889 եւ 1915-ին այցելած է Հայաստան, եւ ապա հրատարակած` «Հայերու ճարտարապետութիւնը եւ Եւրոպան» գիրքը («Die Baukunst der Armenier und Europa», 1918, 900 էջ):
Ճիշդ է` այդ գիրքը ուշադրութիւն հրաւիրած է հայ ճարտարապետութեան վրայ: Դժբախտաբար ճիշդ է նաեւ, որ Սթրիժովսքի ցեղապաշտ մըն է: Անոր տեսութիւնները կը ջանան հիմնաւորել արիական առասպելը: Նկատել, որ գիրքը գրուած է Ա. Աշխարհամարտին ընթացքին: Աւստրիացի հեղինակը կը փորձէ վարկաբեկել «միջերկրականեան», իմա` յունա-հռոմէական եւ լատին մշակոյթները: Գերմանականը կը կապէ ուղղակի հնագոյն Արեւելքին: Նոյն ուղղութեան կը պատկանի նաեւ ժապաւէնին մէջ յիշուող այն վարկածը, իբր թէ պասքերը Եւրոպա գաղթած հայեր են: Արդի Տի. Էն. Էյ.-ի քննութեան եւ լեզուաբանութեան վրայ հիմնուած ուսումնասիրութիւնները այդ չեն հիմնաւորեր (5): 19-րդ դարու եւրոպական արդիականութիւնը ծանօթ էր իր անհիմն «համարձակ» տեսութիւններով, գրեթէ ամէն նիւթի շուրջ: Ինչեւիցէ:
Սթրիժովսքի կ’անտեսէ ժամանակագրական կարգը եւ իր պատմաբանական եզրակացութիւնները կը հիմնէ ձեւապաշտ սկզբունքներու վրայ: Իր կեանքի վերջին շրջանին Սթրիժովսքի դարձած է Հիթլերի հետեւորդ մը: Անոր գիրքերը նացի երիտասարդական կազմակերպութեան մէջ (Hitlerjugend) կ՛օգտագործուէին որպէս դասագիրք:
Քառասիւն Ամպահովանին.– Ժապաւէնի հիմնական դրոյթը այն է, որ քառակուսի տարածութիւնը գմբէթով ծածկելու լուծումը (coupole sur carré բերած են հայերը: Նոյնիսկ Սթրիժովսքի կ’ըսէ, թէ այդ լուծումը գտնուած է Պարսկաստանի մէջ եւ հայերու ճամբով անցած` Եւրոպա: Կառոյցը ճանչցուած է որպէս «Chartaq», որ աղաւաղումն է պարսկերէն «Ճհարթաք» եզրին (Ճհար=4, թաք = կամար):

Քառասիւն ամպահովանին կը կազմէ հայկական կեդրոնագմբէթ եկեղեցւոյ կորիզը: Այդ կարելի է նկատել Ս. Էջմիածնի ներկայ կառոյցին մէջ: Ժապաւէնը կրկին ու կրկին յիշեց Բագարանը որպէս նախատիպ, բայց ցոյց չտուաւ որեւէ յատակագիծ: Բագարան բերդաքաղաքին մէջ (Արմաւիրի մարզ, Ախուրեանի ափին) կան երեք եկեղեցիներ. Նախատիպ Ս. Թէոդորոս (631թ.), Ս. Շուշան (918թ.) եւ Ս. Գէորգ (1030 թ.):
Գմբէթաւոր կառոյցները ունին շուրջ տասը հազար տարուան պատմութիւն: Նինուէի Քույունճիկ բլուրին մէջ գտնուած որմնաքանդակ մը (700 ն.ք.) ցոյց կու տայ կիսագունդ եւ կոնաձեւ բաբելոնեան գմբէթածածկ համալիր մը: Ամէնէն աչքառու դեռեւս կանգուն նախատիպը Փիրուզապատի մէջ Սասանեան կայսրութեան հիմնադիր Արտաշիր Ա. Պապագանի պալատն է, որ կառուցուած է 224 թուականին, այսինքն` Ս. Թէոդորոսէն աւելի քան չորս դար առաջ: Սարվեստանի մէջ (Շիրազի մօտիկ) կանգուն է նաեւ Սասանեան Վահրամգուր թագաւորի (420-438 թթ.) նուազ տպաւորիչ գմբէթաւոր պալատը: Ոմանք կը կարծեն, թէ այդ համեմատաբար փոքր համալիրը ոչ թէ պալատ էր, այլ` Անահիտ աստուածուհիի կռատուն: Այս էական կէտին մասին` աւելի ուշ:

Պատմաբաններ համոզուած են, որ անկիւնային կամարներու միջոցով քառասիւն ամպահովանիի լուծումը գտնուած է Պարսկաստանի մէջ: Արեւմտեան «squinch» եզրը աղաւաղումն է պարսկերէն «սէ-քունչէ» բառին, որ կը նշանակէ եռանկիւն (6): Յիշենք, որ Chartaq-«Ճհարթաք» նոյնպէս պարսկերէն է:
Արուեստի պատմաբանները, ներառեալ Սթրիկովսքի, ծանօթ են այս բոլորին (7): Ծանօթ չենք լոկ մենք, որ կը սիրենք «տուն-տուն» խաղալ:
Լուսաւորչի Շողակաթ Տեսիլքը.- Ըստ Ագաթանգեղոսի (8), Քրիստոս ո՛չ միայն ցոյց կու տայ առաջին եկեղեցւոյ վայրը, որ արիւնարբու Արտեմիս աստուածուհիի մեհեանն էր (9), այլեւ` նոր ճարտարապետական նախատիպը, որ… քառասիւն ամպահովանի մըն է: Էջմիածնի տաճարը կառուցուեցաւ մրցանշային արագութեամբ եւ նուիրագործուեցաւ Աստուածածնայ տօնին: Արտեմիս փոխարինուեցաւ Տիրամայրով: Այդ կարելի պիտի չըլլար, եթէ քրիստոնէական եկեղեցին ունենար ճարտարապետական նոր յօրինուածք: Քառասիւն ամպահովանին նոյնինքն կրակատուներու կառոյցն է: Լուսաւորիչ բերաւ ո՛չ թէ նոր կառոյց, այլ արդէն իսկ գոյ կառոյցին բերաւ նոր մեկնաբանութիւն (9, 10): Ատրուշանը պարզապէս փոխարինուեցաւ զոհասեղանով: Տրդատ Գ. եւ Սուրէն որդի Անակի (հետագային Լուսաւորիչ) Պարթեւ գործնապաշտ այրեր էին: Արտեմիսի ատրուշանը դեռեւս կը գտնուի Էջմիածնի տակ: Ատրուշաններ կան նաեւ այլ եկեղեցիներու տակ: Իրանի եւ Հնդկաստանի տարածքին կան մօտ յիսուն կանգուն մեհեաններ, որոնցմէ ոմանք գործօն են: Պաքուի մէջ գոյ է մեհեան-թանգարան (11): Ի դէպ, «Պազեհ-խուր» կը նշանակէ «Եզր-արեւի»: «Խուր» (հուր) կը նշանակէ «Արեւ» (12):
Էջմիածնի տաճարը կարելի է տեսնել որպէս յուշակոթող` նուիրուած Լուսաւորչի տեսիլքին: Հայաստանի մէջ թէ դուրս բազմաթիւ եկեղեցիներ կառուցուած են վկայարան (Martyrium) յուշակոթողներու շուրջ: Էջմիածին-Հռիփսիմեանց-Գայեանէ եռեակը «վկայարանային» համալիր մըն էր, որ կը միտէր դառնալ քրիստոնէական ուխտավայր: Այս ուղղութեամբ Լուսաւորչի եւ սուրբ կոյսերու վարքը գրի առնուած է Քրիստոսի չարչարանքներու հետեւողութեամբ (13): Տրդատ կոյսերու վկայարանները կը կառուցէ ամպահովանիի ձեւով: Այդ, ով զարմանք, հեթանոսական դամբարաններու վրայ կառուցուած ամպահովանիներու քրիստոնէական տարբերակն էր: Լատին ճարտարապետութիւնը կը հակէր դէպի կլոր ձեւերը: Այս ուղղութեամբ աչքառու է Հռոմի տակաւին կանգուն Պանթէոնը (27 Քրիստոսէ առաջ – 14 Քրիստոսէ ետք), որուն գմբէթի տրամագիծը 43,3 մեթր է:
Ամպահովանին շարունակեց իր գոյութիւնը նաեւ քրիստոնէական եկեղեցիներուն մէջ զոհասեղանը ծածկելու համար: Յաճախ կ’օժտուէին նաեւ վարագոյրով` սրբազան իրերը պաշտպանելու համար փոշիէ: Վեցերորդ դարէն ետք Բիւզանդիոնի մէջ սկսած են եկեղեցւոյ ամբողջ ճակատը ծածկել հսկայ վարագոյրով:
Մեհեաններու նախատիպ որպէս քրիստոնէական եկեղեցւոյ կորիզ համարելու շուրջ կան բազմաթիւ ուսումնասիրութիւններ: Այդ տեսակէտին կողմ է նաեւ Թ. Թորամանեան: Հետագային կորիզի շուրջ կազմուած է խաչաձեւ կեդրոնագմբէթ եկեղեցին: Նիկողայոս Մառ այն կարծիքին է, որ այս քառասիւն ամպահովանիի նախատիպը Բիւզանդիոնէն Եւրոպա անցած է աստիճանական տարածումի (diffusion) ճամբով (14):
Ճարտարապետական աստուածաբանութիւն.– Տաճարներու կառոյցն ու մեծութիւնը կ’որոշուին տուեալ կրօնի կողմէ: Հեթանոսական տաճարները սրբազան վայրեր էին, ուր արտօնուած էին մուտք գործել միայն ընտրեալներ: Կողքի նկարին մէջ կը տեսնենք, թէ նոյնիսկ զրադաշտ քուրմը ծածկած է իր դէմքը, որպէսզի չպղծէ կրակը: Գառնիի տաճարի ներքին սենեակի չափերն են 5,05 x 7,98 մեթր: Եթէ նկատի առնենք, որ այդտեղ պէտք էր որ գտնուէր նաեւ Միհրի (15), իմա` Արեւի աստծու քանդակը եւ թերեւս` ատրուշան, ապա կը տեսնենք, որ այդ սրբազան խուցին մէջ հազիւ թէ կարենան խռնուիլ 20 հոգի (16): Նկատել նաեւ, որ մեհեանները կը կառուցուէին բարձր պատուանդաններու վրայ: Գառնիի ինը խորհրդանշական աստիճանները ունին 3մ բարձրութիւն (17): Քուրմեր, որոնք կը կազմէին ազնուական դասակարգ, կը կանգնէին ռամիկներէն մօտ երկու մարդահասակ բարձր: Էրեբունի ամրոցին մէջ գտնուող Խալտի (18) աստծոյ տաճարը նոյնպէս պատուանդան մըն է, որ նոյնպէս ունի զոյգ վեց սիւնաշար, եւ որուն կողքին նոյնպէս կան սրբազան սենեակներ: Պատուանդան, առաւել արգիլեալ խուցերու այս կառոյցը գլխովին հակոտնեայ էր առաջին քրիստոնեաներու ըմբռնումներուն:
Հեթանոսական մեհեանները պազիլիքաներ չէին, ինչպէս բեմադրիչը ցաւօք նշեց ցուցադրութենէն ետք տեղի ունեցած հարց-պատասխանի ընթացքին: Պազիլիքա յունարէն կը նշանակէ «արքայական սրահ»: Նման սրահներ կը գործածուէին հաւաքական ձեռնարկներու համար: Հայկական ամենայարիր եզրն է հաւանաբար «թաղածածկ դահլիճ»-ը, որ ընդհանրապէս կ’ըլլայ միանաւ կամ եռանաւ: Ի դէպ, «նաւ» բառը փոխ առնուած է լատիներէն` «navis»: Եկեղեցւոյ կողմէ կառուցուած առաջին տաճարները պազիլիքաներ էին, որովհետեւ պէտք էր որ ծառայէին որպէս մեծ թիւով մարդոց հաւաքավայր: Ի դէպ, «եկեղեցի» գրաբար տառադարձութիւնն է յունարէն «Էքլեսսիա» բառին, որ կը նշանակէ հաւաքավայր: Մինչեւ չորրորդ դար քրիստոնեաներ ունէին համեստ տուն-եկեղեցիներ: Ինչեւիցէ:
Թաղածածկ եկեղեցիի մէջ կատարուող արարողութիւնը որոշ նմանութիւն ունի հեթանոսականին: Այդտեղ կայ բարձր հարթակ, ուր կը կանգնին կրօնականները, եւ` սրահ, հասարակ ժողովուրդը իր հայեացքը ուղղած է դէպի բեմ: Երկայն նաւը թոյլ կու տայ, որ կատարուին ծիսական շքերթներ (19)։ Այդ կառոյց յարիր էր հաստատութեան վերածուած եկեղեցիին:
Քառասիւն ամպահովանին եւ անոր մեկնաբանութիւնը ամբողջովին նոր չէր: Պարսկական, հունահռոմէական եւ այլ մշակոյթներու մէջ կիսագունդը կը խորհրդանշէր երկինքը: Իսկ քրիստոնեայ տաճարի մէջ գմբէթը կը խորհրդանշէ երկնքի արքայութիւնը: Երկիրը էն գլխէն առնչուած է չորս թուին հետ: Չորս ուղղութիւններ, բնութեան չորս տարրեր (հող, ջուր, օդ եւ կրակ), չորս եղանակներ եւ այլն: Երկնային հովանիին տակ քառանկիւն տաճարը կը խորհրդանշէր երկրային աշխարհը:
Եւրոպայի մէջ եկեղեցական ճարտարապետութեան աստուածաբանական մեկնաբանութեան մէջ հիմնադրական աշխատանք կը սեպուի Guillaume Durandi filius-ի (հետագային ծանօթ` որպէս William Durand 1230 -1296), «Rationale Divinorum Officiorum» («Աստուածային կարգի տրամաբանութիւնը») քառահատոր աշխատութեան յարիր մասը: Տիւրանտ Հռոմի մէջ պապի աստուածաբանական հարցերու խորհրդատուն եւ… աշխարհիկ հարցերու գործակատարն էր: Այնքան ազդեցիկ պետական այր էր, որ մերժած էր ընդունիլ եպիսկոպոսական աստիճանը…
Տաճարի ճարտարապետութիւնը կ’որոշէ զայն կառուցող հաստատութեան գաղափարական համակարգը: Անհատ շինարարներ, առաւել եւս օտարերկրեայ (իմա` հայ) անհատ շինարարներ ո՛չ կարողութիւնը եւ ո՛չ ալ իրաւասութիւնը ունին եկեղեցական նախատիպ որդեգրելու:
Շարունակելի
Բեմադրիչը գիւմրեցի է, ուսանած է բնագիտութեան եւ լրատուութեան բաժիններուն մէջ:
Մէկ ժամ տեւող երիզէն զեղչուած էր շուրջ 20 վայրկեան:
Լէօ. Անցեալից. Յաւելուածներ եւ ծանօթութիւններ… IԵ 113:
Գիրքի շնորհահանդէսի տեղեկատուութիւն, «Համազգային լրատու», նոյ. 2009:
Տես, օրինակ www.familytreedna.com/public/R-M153_The_Basque_Marker
Նարտի խաղացողներ գիտեն, որ «սէ» կը նշանակէ երեք: Ի դէպ, «քէօշէ» բառը նոյնպէս պարսկերէն է: Հայաստանեան գրականութեան մէջ այժմ կը գործածուի «տրոմպ» եզրը:
Ancient Iranian Architecture, Chartaq By: Prof. Dietrich Huff, 1988:
Ագաթանգեղոս, «Պատմութիւն հայոց», 1914, էջեր 380-381:
«Theology in Stone», R. Kieckhfer, 2004, էջեր 29-42:
«Հայաստանի վաղքրիստոնէական սրբազան լանդշաֆտի կազմաւորման մի քանի սկզբունքների մասին», Էվիյա Յովհաննիսեան, 2013 Հայկական Սոցիոլոգիա (landschaft = համայնապատկեր Հ.Պ.):
տես www.youtube.com/watch?v=Fgx3dCyppU8
Իսկ մեր մականուններու մէջ գտնուող «Խուր-շիտ» կը նշանակէ արեւաշող կամ մոլորակ:
«Եւրոպայում բագարանատիպ կառուցուածքների տարածման հարցի շուրջ», Արմէն Զարեան 1972 էջ 121:
Ոմանք կը կարծեն, որ մեհեան բառը աղաւաղումն է «Միհր-եան»-ի:
Տանայեան Գրիգոր, «Գառնի պատմամշակութային կոթողը (տաճարի վերականգման 40-ամեակի առթիւ), «Պատմաբանասիրական հանդէս», 2014, 2, էջեր 25-45:
Խորհրդանշական վարկածներու համար տես www.armenianheritage.org/hy/monument/Garni/854:
«Medieval Armenian Architecture Construction of Race and Nation», Christina Maranci, 2001:
